Գումգաբուի Գորգերը

Գումգաբուի գորգերը, 19-րդ դարու վերջերը Իսթանպուլի Գումգաբու թաղի մէջ, պալատի շրջակայքի եւ արտասահմանի յաճախորդներու համար մետաքսի վրայ մետաղէ թելերով հիւսուած, Իրանական եւ Օսմանեան նախշեր կրող գորգեր են:

Գումգաբու թաղամասը կը գտնուի Իսթանպուլի պատմական թերակղզիին մէջ, ուր նոյն թաղին մէջ կը գտնուին նաեւ դարաւոր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը, Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցին եւ Պէզճեան Մայր Վարժարանը: Իսկ պատմական թերակղզիին մէջ կան Բիւզանդիոն կայսրութեան պատկանող եւ նախկին ատեններէ հիմնուած պալատներ, եկեղեցիներ, մզկիթներ եւայլն:

Յակոբ Գաբուճեան․ գորգէ մը մանրամասնութիւն - Գալուստ Կիւլպէնկեան թանգարան

Միջին Անատոլուէն իսթանպուլ ժամանած Հայ վարպետներու կողմէ հիմնադրուած Գումգաբուի գորգագործական արհեստանոցներու մէջ 19-րդ դարուն կը հիւսուէր արտակարգ որակով մաքուր մետաքսեայ գորգեր: Օսմանեան Սուլթաններու Մեծ պալատի մօտակայքը արտադրուող այս գորգերը կը մրցէին Հերեքէի կայսերական արհեստանոցներու հետ եւ այդ պատճառաւ հայ վարպետները կը ստիպուէին հիւսել գորգեր ալ աւելի զարմանալի որակով:

Հերեքէ եւ Գումգաբու իրարու շատ հեռու չէին, բնութային կազմն ալ իրարու շատ նման էր: Հերեքէի գորգագործարանի հայ վարպետները 19-րդ դարու կէսերը, աշխարհի ամենաբարձրորակ եւ թանկագին գորգերը հիւսած են:

Յակոբ Գաբուճեան, Գումգաբուի գորգ

19-րդ դարուն վերջերը եւ 20-րդ դարուն, մետաքսի վրայ մետաղէ թելերով հիւսուած եւ հարուստ հանգոյցներով ուշագրաւ դարձած այս ստեղծագործութիւնները, մանաւանդ նախշերը՝ ներշնչուած են ՝ 16-17րդ դարերու դասական իրանական գորգերէ: Կարգ մը նմոյշները բացառիկ կերպով վերստին կը մեկնաբանէին իրանական գորգերը: Անշուշտ թէ թրքական ազդեցութիւններ ալ կան, որովհետեւ ի վերջոյ այս գորգերը Օսմանական շրջանին Գումգաբուի մէջ հիւսուած են: Միւս կողմէ, փոխանակ այդ շրջանի նեղ պայմաններուն՝ գիտարուեստական (թէքնիքական) ենթակառուցուածքը շատ յառաջացած գանձ մըն էր: Ըստ մասնագէտներու՝ այս գորգերը մետաքսի ու մետաղի հարստութենէն մինչեւ հիւսուածքի որակին եւ օգտագործուած յառաջադէմ գործադրութեան, բնօրինակ 17-րդ դարու իրանական գորգերէն աւելի լաւ են: Բայց Մերձաւոր Արեւելքի գորգագործութեան պատմական գրքերու մէջ Գումգաբուի գորգերուն շատ տեղ չի տրուիր[1]:

Յայտնի գորգագործական վարպետներնը Խմբագրել

  • Յակոբ Գաբուճեան
  • Զարեհ Բենիամին
  • Թօսունեան
  • Կարապետ Աբելեան

Օսմանեան Կայսրութեան վերջին տարիներուն հայ գորգագործերուն շատը հեռացած են Գումգաբուէն եւ ուր որ երթան տարած են իրենց արուեստը այլ երկիրներ ու շարունակած են արտադրել Գումգաբուի գորգերը:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Kumkapı halılarında saklı gezgin bir tarih»։ Agos (թուրքերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-06-01