Գուրգէն Քհնյ. Թաշճեան
Գուրգէն Թաշճեան (1881)
Գուրգէն Քհնյ. Թաշճեան | |
---|---|
Ծնած է | 1881 |
Մասնագիտութիւն | քահանայ |
Ծնած է Սեւերեկ 1881-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած տեղւոյն Ազգ․ վարժարանին մկջ։ Ուսումը աւարտելէ ետք ինքնաշխատութեամբ մշակած է ինքզինք։ Հարստացած գիտելիքներով ու փորձառութեամբ մտած է ուսուցչական ասպարէզ։ Երկար տարիներ պարապած է կրթական գործով։
Ան մօտ եղած է նաեւ եկեղեցւոյ։ Դպրոցն ու եկեղեցին կեանքի գերագոյն նպատակը եղած են։
Տան մէջ իր ստացած կրօնական դաստիարակութիւնը եւ եկեղեցական շարականներն ու կրօնական գիտելիքները զինք կապած են եկեղեցւոյ այնքան, որ ժամանակի ընթացքին զգացած է հոգեւորական դառնալու կոչումը։
Իր հայրենակիցներուն ու թաղականութեան փափաքին ընդառաջելով ձեռնադրուած է քահանայ։
Քահանայական քառասնօրեայ շրջանը բոլորելէ ետք սկսած է քահանայագործել իր հայրենակից հօտին։
Այնուհետեւ հրաւէր ստացած է Համայի մէջ քահանայագործելու։ Փոխադրուած է Համա երկու պաշտօններով քահանայ եւ ուսուցիչ։
Հովուական, կրթական եւ վարչական փորձառութեամբ եւ ինքնաշխատութեամբ ձեռք ձգած զարգացումով, բաւական օգտակար ծառայութիւն մատուցած է Համայի հայ գաղութին ու տեղւոյն հայ վարժարանին[1]։