Գուրգէն Քհնյ. Հաճէթեան
Գուրգէն Քհնյ. Հաճէթեան, աւազանի անունով՝ Տիգրան, որդի Սարգիսի, ծնած է արաբկիրցի ծնողքէ, Մալաթիա մէջ, 1890-ին։ 1895-ին Համիտեան կոտորածին, Տիգրանին հայրը սպաննուած է քիւրտերու կողմէ եւ ինք մնացած է որբ։ 1896-ին, իր մայրը անչափահաս երկու զաւակներով տեղափոխուած է Արաբկիր, ուր վերամուսնացած է Աբրահամ Սուվալեան անուն անձի մը հետ, իր երեխաներուն հոգատար մը ունենալու մտադրութեամբ։
Տիգրան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Արաբկիրի «Եկաւեան» եւ ապա «Մայր» վարժարաններուն մէջ։ 1901-ին ծնողքը վերադարցած է Մալաթիա, ուր մնացած է հինք տարիներ։ Այդ ժամանակամիջոցին Տիգրան իր ուսումը շարունակած է Ս. Յարութիւն Եկեղեցի ազգային դպրոցը, զոր աւարտած է 1904-ին։
1905-ին, պայմաններու բերումով ծնողքը տեղափոխուած է Հէքիմեան կոչուած շրջանը, ուր տեղւոյն ծխական վարժարանին նշանաւոր ուսուցիչն էր պրն. Յարութիւն Էֆէնտի Արսլանեան, որուն հսկողութեան տակ Տիգրան մէկ տարի ուսուցչական պաշտօն վարած է։
Ապա, ծնողքին ստիպուներուն վրայ, հեռացած է կրթական կեանքէ ու ժամանակ մը հետեւած արհեստի եւ դարձած՝ կօշկակար։ Տարիներու աշխատանքով երբ իր նիւթական վիճակը բարելաւուած է, պատրաստուած է ամուսնութեան[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 180։