Գրական եւ իմաստասիրական շարժում

Գրական եւ իմաստասիրական շարժում (1885 թուականէն՝ «Շարժում գրական եւ իմաստասիրական»), ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1883-1888 թուականներուն, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Խմբագիր՝ Դեմիրճիպաշեան (Գրասէր Ատոմ)։

Հանդէսը անդրադարձած է կրթութեան հարցերուն, լուսաբանած Կոստանդնուպոլսի հայկական վարժարաններու կեանքը, առաջարկած է ստեղծել նախնական, երկրորդական եւ բարձրագոյն դպրոցներ, ծանօթացուցած է ուսուցման առաջաւոր մեթոդներուն։ Արձագանգած է պոլսահայ մամուլի նիւթերուն, տպագրած լուրեր արեւմտահայ եւ պոլսահայ կեանքէն։ Բարձրացուցած է կանանց ազատութեան հարցը, ջատագոված կին մանկավարժներ ունենալու գաղափարը՝ մատնանշելով անոնց դերը երիտասարդ սերունդի դաստիարակման գործին մէջ։ Տպագրած է նիւթեր Գրիգոր Զօհրապի, Արփիարեանի, Տիւսաբի մասին։ Լուսաբանած է քաղաքատնտեսութեան եւ փիլիսոփայութեան խնդիրները։ Ամսագրի բոլոր նիւթերը գրած է ինքը՝ խմբագիրը[1][2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։