Գօմօթինի
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Գօմօթինի կամ Կիւմիլճինա քղ. Յունաստանի, Թրակիոյ մէջ: Հին գաղութը, որուն կազմակերպութեան ճշգրիտ թուականը յայտին չէ՝ եկած է Էտիրնէէն, Ռոտոսթոյէն, Մալկարայէն, մաս մ’ալ Գաղատիայէն: Կը հաստատուի որ 1840-1850 ատենները այս գաղութը կը բաղկանայ 25-30 հայ ընտանիքներէ որոնք ունէին իրենց դպրոցն ու եկեղեցին: Հայկական թաղը հաստատուած էր քաղաքին արեւելակողմը: Հին գերեզմանատան մէջ 1839 թուականով տապանաքարեր կան: Հին արձանագրութիւններէն կը հաստատուի որ Գօմօթինի գաղութը 260, մինչեւ 290 տարուայ հնութիւն ունի առանց ազգային կազմակերպութեան:
Առաջին եկեղեցին շինուած է 1834-ին ըստ հետեւեալ արձանագրութեան. «Շնորհիւ Տեառն, շինեցաւ Ս. եկեղեցիս, առաջնորդութեան Մեսրոպ եպս.ի Ագրիանապոլսոյ եւ Հոգաբարձութեամբ Եաղուպ աղա Եաղուպեանի, յամի Տեառն 25 Նոյեմբեր 1834»: Դպրոցը 1880-ին շինուած է, բայց ասկէ առաջ ունեցած են տեղւոյն Հայերը ուրիշ դպրոց մը ուր քահանաները Նարեկ եւ Սաղմոս կը կարդացնէին:
Գօմօթինիի հայ գաղութը մինչեւ 7 Նոյեմբեր 1912 Թուրք տիրապետութեան տակ ապրեր է.9 Նոյեմբեր ին հայ կամաւորական վաշտը՝ հրամանատարութեամբ Անդրանիկի եւ Գարեգին Նժդեհի քաղաք կը մտնէ Պուլկար յառաջապահներու հետ: Պուլկարները մինչեւ 20 Յունիս 1913 Գօմօթինի կը մնան, երբ Գավալայի, Տէտէ-Աղաճի Գօմօթինի Հայերը եւ Պուլկարները խուճապահար Պուլկարիա կը փախչին՝ ցամաքի ճամբով՝ Պուլկար բանակին հետ. մաս մը Հայեր ալ՝ Սելանիկ: Պահ մը Գօմօթինի կը գրաւուի Յոյն բանակին կողմէ, (13 Յուլիս 1913) իսկ քիչ ետք թրքական կամաւորական գունդ մը քաղաք մտնելով: «Ղարպի Թրակիա» անունով անկախ կառավարութիւն մը կը հիմնէ, որուն կեանքը կարճ կ’ըլլայ: Գօմօթինի կրկին Պուլկարներուն ձեռքը կ’անցնի յետոյ (11 Օգոստոս 1913),ի վերջոյ (14-15 Մայիս 1920-ին) երբ Դաշնակիցները Թրակիայէն կը քաշուին՝ քաղաքը Յոյն բանակին եւ կառավարութեան կը յաձնեն:
Գօմօթինի հայ գաղութը կը բազմանայ 30 Սեպտեմբեր 1922-ին, երբ Թրակիոյ պարպումով Յունական բանակին կողմէ, հոս կը հասնի Թրակիոյ բոլոր քաղաքներէն հայ գաղականութիւն մը՝ Թրակիացի կամ Փոքր Ասիացի, այս վերջիններէն շատեր կ՛ապաստանին նաեւ այլ քաղաքները:
Նորագոյն գաղթականութիւնը կը կազմեն Թրակիոյ, Պրուսայի, Նիկոսիդիոյ, Ատապազարի, Պանտրմայի, Աֆիօն Գարա-Հիսարի, Պիլէճիկի եւ Պօլուի շրջաններէն Հայեր: Նորագոյն գաղթականութենէ առաջ, Գօմօթինիի հայ գաղութին թիւն էր 109 ընտանիք, որուն վրայ բարդուեցաւ նորագոյն գաղթաըանութիւնը 491 ընտանիքով, գիւղերն ու քաղաքը միասին, որով գաղութի ընդհանուր թիւը հասաւ 600 ընտանիքի՝ 2085 անդամներով: 1924-ին հայ բնակչաց մէկ մասը 321 ընտանիք Պելոպոնէս քաշուեցաւ մաս մ’ալ Հայաստան մեկնեցաւ ու մնաց մօտ 750-800 հոգի:
Գօմօթինի հայ գաղութը ունի իր միօրեայ դպրոցը 130-140 աշակերտով եւ երեք բաժանումով, կան մշակութային միութիւններ եւ քաղաքական կուսակցութիւններ: