Դանիական Թատրոն

Դանիական թատրոնը ծագած է միջնադարեան եկեղեցիներուն մէջ կատարուող Զատկուան եւ Յայտնութեան տօնի ծիսակատարութիւններէն: Կրօնական թատերագրութիւնները, ինչպէս նաեւ ֆարսերը, որոնք կը խաղացուէին գերմանացի դերասաններու կողմէ, ի յայտ եկան 15-րդ դարուն: Թէեւ եկեղեցական թատերագրութիւնները արգիլուեցան բարեփոխումներու ժամանակ, սակայն դպրոցներու եւ այլ կրթական հաստատութիւններու մէջ կը շարունակէին բեմադրուիլ լատինական կատակերգութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ ժամանակակից այլ ժանրեր (Աստուածաշունչի «Սիւզաննան» (1576)):

Թատրոնը 16-17րդ դարերուն

Խմբագրել

16-17-րդ դարերուն միապետները կը կազմակերպէին շքեղ փառատօներ՝ իտալական շարժումներով, այլաբանական շքերթներով: Թատրոնի զարգացման կը նպաստէին յատկապէս Քրիսթիան Ե. (թագ. 1596-1648) եւ Ֆրետերիք Գ. (թագ. 1648-1670) արքաները:

Օտարերկրեայ ազդեցութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ 1662 թուականին, երբ դանիացի վաճառական մը Քոփենհակընի առաջին հասարակական թատրոնը կառուցելու արտօնագիր ձեռք բերաւ (1663-1666), սակայն ասիկա երկար չտեւեց: Դանիոյ առաջին օփերայի տունը բացուեցաւ 1703 թուականին: Այդ ժամանակ պալատին մէջ հանդէս կու գային ֆրանսական թատերախումբեր, որոնց մէջ էր նաեւ Ռենէ Մակնոն տէ Մոնթեկուն, որուն հայրը ծանօթ է Մոլիէրին: 1722 թուականին Մոնթեկուի թատերախումբը տեղափոխուեցաւ դէպի այլ թատրոն եւ թոյլատրուեցաւ դանիերէն ներկայացումներ բեմադրել, ինչպէս՝ Մոլիէրի «Ժլատը», նորվեկիացի Լուտվիկ Հոլպերկի 32 կատակերգութիւններէն «Պղնձագործ Քաղաքական Գործիչը»: Թատերախումբը ընդմիջումներով գործեց մինչեւ 1728 թուականը, երբ մեծ քոփենհակընեան հրդեհը, ինչպէս նաեւ 1730 թուականին գահ բարձրացած բարեպաշտ արքայ Քրիսթիան Ե. վերջ դրին թատերական գործունէութեան Դանիոյ մէջ։ Անոր ժառանգորդ՝ Ֆրետերիք Ե. աջակից էր թատրոններու վերածնունդին. պալատին մէջ կը գործէր օփերայական թատերախումբ, քաղաքին մէջ՝ ֆրանսական եւ գերմանական թատերախումբեր եւ դանիական թատերախումբը՝ Հոլպերկի ղեկավարութեամբ, որ 1748 թուականէն հանդէս կու գար արքայական թատրոնին մէջ։ Յայտագրին մէջ ընդգրկուած էին Մոլիէրի եւ Հոլպերկի կողմէ գրուած կատակերգութիւնները, ուր հանդէս կու գային այնպիսի տաղանդաւոր դերասաններ, ինչպէս՝ Կերտ Լոնտեմանը: 1770-ական թուականներուն փորձեցին թատրոն ներմուծել ողբերգութիւնը: 1800-ական թուականներուն ողբերգութիւնները, յուզիչ թատերագրութիւնները եւ Եոհան Եւալտի լուրջ երաժշտական թատերագրութիւնները մեծ յաջողութիւն կը վայելէին: Շեյքսփիրի կտորներէն առաջինը, որ բեմադրուեցաւ «Համլեթ»ն էր, 1792 թուականին:

18-րդ դարու վերջին տասնամեակներուն, հասուն թատերագրական ակումբներ բացին շարք մը թատրոններ: Քոփենհակընի մէջ կը գործէին քանի մը, իսկ կարեւոր նահանգներուն մէջ՝ նուազագոյնը մէկ թատրոն: 1800-ական թուականներուն այդ նահանգային թատրոնները աստիճանաբար զարգացան եւ վերափոխուեցան բարձր մակարդակի շրջուն թատերախումբերու:

Թատրոնը 19-րդ դարուն

Խմբագրել

19-րդ դարու կէսերուն արքայական թատրոնը բարձր գնահատանքի արժանացաւ, գտնուելով Լուտվիկ Հեյպերկի եւ իր դերասանուհի կնոջ հովանիին տակ: Հեյպերկները կը խթանէին Եոհան Վոլֆանկ Ֆոն Կէօթէի՝ դասական գեղեցկութեան մասին գաղափարը եւ ֆրանսական պուլվարային կատակերգութեան բարեկրթութիւնը: Անոնք հանեցին Աւկուստ Ֆոն Գոցեպուի կտորները՝ փոխարինելով Էժէն Սկրիպի, Հեյպերկի վոտիւիլներով եւ Հենրիք Հերցի յուզիչ թատերագրութիւններով: 1850-ական թուականներուն Հեյպերկները կանգ առին յառաջդիմական յայտագիր ստեղծելու պահանջքին առջեւ: 1874 թուականին արքայական թատրոնը տեղափոխուեցաւ իր ներկայիս շէնքը:

Արքայական թատրոնի առաջին մրցակիցը Քոփենհակընի մէջ եղաւ Գասինոն (1848), ուր որոշ յայտնի թատերագիրներ սկսած էին իրենց ասպարէզը: Իպսենի քոփենհակընեան առաջին բեմադրութիւնը եղած է Գասինոյի մէջ: Այստեղ կայացաւ նաեւ Եոհան Ստրենտպերկի «Հայրը» ներկայացման պրիմիերան 1887 թուականին: Folketeatret (Մարդկանց Թատրոն)ը (1857) մասնագիտացուած էր կատակերգութիւններու եւ օփերեթներու վրայ, սակայն 1880-ական թուականներէն այս ներկայացումները մերժուեցան արքայական թատրոնին կողմէ, ներառեալ՝ Իպսենի (Henrik Ibsen,1828–1906) «Ուրուականները»: 1889 թուականին մեծ աջակցութիւններ ստացան մասնաւոր թատրոնները:

Շարք մը ծայրամասային քաղաքներու մէջ բացուեցան նոր թատրոններ: Քոփենհակընի մէջ բացուեցան New Theater (Նոր Թատրոն) (1908) եւ Պէթի Նանսէնի թատրոնը (1917), որ շարունակեց գործել մինչեւ Նանսէնի մահը՝ 1943 թուական: 1960-ական թուականները ակնառու էր թատրոններու տարածումը եւ այլազանութիւնը: Տարածում ունէին երգիծական եւ քաղաքական տեսարանները:

Թատրոնը այժմ

Խմբագրել

1980-ական թուականներուն արքայական թատրոնը կը շարունակէր մնալ առաջատար: Արհուսի թատրոնը դանիական նոր կտորներ կը բեմադրէր: 1975 թուականէն նախկին մասնաւոր թատրոններէն շատերը միացան Քոփենհակընի տեղական թատրոնին, կառավարութենէն դրամական օժանդակութիւններ ստանալով եւ օգտագործելով ազգային Արտէ տոմսային գործակալութիւնը, որպէսզի վաճառեն թատրոնի տոմսերուն երկու երրորդը:

Նոր թատրոն էր Nyt Skandinavsk ForsǾgsteater (1989-1992), որուն ղեկավարն էր շուետացի ռեժիսոր՝ Սթաֆան Վալտեմար Հոլմը: Քանի մը վերանորոգուած վարձուած թատրոնները, ինչպէս Husets Teater-ը եւ Kanonhallen, օգնեցին այլընտրանային թատրոններու: Ամէնալաւ թատրոնները կը բեմադրեն Դանիոյ ամէնասադրիչ ներկայացումները: Օտին թատրոնը, որ 1986 թուականէն կը հանդիսանայ Norsidk Teaterlaboratorium-ի մէկ մասը, կը շարունակէ մնալ Դանիոյ միջազգայինօրէն ամէնահանրածանօթ թատրոնը: Էուճենիօ Պարպայի ղեկավարութեամբ թատրոնը ուշագրաւ ներկայացումներ բեմադրած է: Սուսակ թատրոնը (1975) կը շարունակէ մնալ Կրինլատերներուն ուսումնական ամէնամեծ կեդրոնը: Hotel Pro Formaն (1985) կը համարուի Դանիոյ փառասէր թատերական ընկերութիւնը:

1980-1990-ական թուականներուն դանիական թատրոնները շատ աւելի դանիական կտորներ կը բեմադրէին, քան՝ առաջ: Յայտնի թատերագրութիւններ գրողներէն են Էռնստ Պրուն, Օլսենը, Ստիկ Տալակերը, Սուէլ Հոլմը, Ֆին Մեթլինկը, Ասթրիտ Սաալպաքը, Փիա Թաֆտրուփը, ռեժիսորներէն՝ Էուճենիօ Պարպան, Սամ Պեսեկովը, Գասպար Ռոստրոպփը, Էմիլ Հանսենը, Գլաուս Հոֆմեյերը, Փիթեր Լանկտալը, Եան Մաակաարտը: Ականաւոր բեմադրող նկարիչներէն են Գարին Պետզը, Նինա Ֆլակստատը, Քիմ Վիտլեզը եւ Սթեֆեն Աարֆինկը, դերասաններէն՝ Ֆիրկիտ Ֆետերսպիելը, Ֆրից Հելմուտը, Հենինկ Ճենսենը, Պոտիլ Քճերը, Քրիսթեն Ոլեսենը, Ուլլա Հենինկսենը, Հենինկ Մորիցենը:

Օգտագործուած գրականութիւն

Խմբագրել
  • Կ. Արնտզեն, Տ. Սուենտսեն, Մ. Մօի «Kunnskapsforlagets Teater-og Filmleksikon», Օսլօ, 1991 թ
  • Պ. Պրասկ «Drama Contemporary: Scandinavia», Նիւ Եորք, 1989 թ
  • Հ. Ֆենկեր, Ֆ. Մարկեր «The Heibergs», Նիւ Եորք, 1971 թ
  • Ա. Հենրիկես «Արքայական թատրոնի անցեալն ու ներկան», Քոփենհակըն, 1967 թ
  • Ս. Ճենսեն, Կ. Գուամ «Dansk Teater I 60erne og 70erne», Քոփենհակըն, 1983 թ
  • Կ. Գուամ, Ճ. Ռիսում, Ճ. Վիինկաարտ «Dansk Teaterhistorie, 2 vols», Քոփենհակըն, 1992 թ
  • Ֆ. Մարկեր, Լ. Մարկեր «Սքանտինաւեան թատրոնը», Օքսֆորտ, 1975 թ
  • «Nordic Theatre Studies», Քոփենհակըն, 1988 թ
  • Լ. Սենելիկ «Ազգային թատրոնը Հիււսիսային և Արեւելեան Եւրոպայի Մէջ», Քեմպրիճ, 1991 թ
  • «Teater Et» ամսագիր, Քոփենհակըն, 1989 թ
  • «Teater I Danmark» տարեթերթ, Քոփենհակըն, 1965-1987 թթ