Դիցաբանական Անուններ

Դիցաբանական Անուններ, (Յոյն-Լատին աստուածներ)

Դիցաբանական Անուններ (Այբբենական Կարգով)

Խմբագրել
Անուն Այլ Լեզուով Բացատրութիւն
Ակատէս Achates Հաւատարիմ բարեկամ Ենէասի՝ Վիրգիլիոսի Ենէականին մէջ։ Իր անունը ներկայիս կը գործածուի ակնարկելու համար մէկուն, որ միշտ կ’ընկերանայ ուրիշի մը՝ առանց երբեք բաժնուելու անկէ:
Ախերոն Acheron Որդի երկնքի եւ երկրի. Արամազդ զայն փոխեց դժոխային գետի մը, ուրկէ ոչ ոք կրնար անցնիլ երկու անգամ:
Աքիլլէս Achilles Իլիականի նշանաւոր հերոսներէն մին: Իր մայրը՝ Թետիս, զայն լուացած էր Ստիւքս գետին մէջ եւ անոր ամբողջ մարմինը՝ բացի կրունկէն, անխոցելի դարձուցած: Աքիլլէս իր կրունկէն վիրաւորուեցաւ Տրովադայի պատերազմին մէջ ու մեռաւ: ՙԱքիլլէսի կրունկ՚ բացատրութիւնը կը գործածուի գրականութեան մէջ:
Ատոնիս Adonis Գեղատեսիլ պատանի մը, զոր գորովագին կը սիրէր Աստղիկ չաստուածուհին: Վարազ մը Ատոնիսը սպաննած ըլլալով, Աստղիկ փոխեց զայն անիմոն ծաղիկին:
Ենէաս Aeneas Ենէականի հերոսներէն մէկը, որդի Անքիսէսի եւ Աստղկան:
Ասկղեպիոս Aesculapius Բժշկութեան աստուած եւ որդի Ապողոնի։ Կայծակնահար սպաննուելով Արամազդէն, անոր հայրը զայն փոխեց համաստեղութեան մը:
Ագամեմնոն Agamemnon Հրամանատար՝ յունական բանակին Տրովադայի պատերազմի ատեն:
Այաս, Էյաս Ajax Որդի Տեղամոնի։ Աքիլլէսէն ետք ամէնաքաջ մարտիկը՝ Տրովադայի պատերազմին մէջ:
Ալբիոն Albion Նեպթոնի որդին, որ թագաւորութիւն մը հիմնեց Բրիտանիոյ մէջ։ Այս աւանդութեան շնորհիւ, Անգլիա կը կոչուի նաեւ Ալբիոն («Հպարտ Ալբիոն»):
Աղկեստէ Alceste Դուստր Պեղիասի եւ կին Ադմիտի, որուն սիրոյն զոհեց իր անձը, բայց Հերակլէս ազատեց զայն դժոխքէն եւ դարձուց իր ամուսինը:
Ամփիոն Amphion Որդի Արամազդի եւ Անտիպէի: Իր տաւիղին ձայնով շինեց Թեբէի պարիսպները: Ինք եւ իր եղբայրը՝ Զեթէս, գուսանական գործիքներու հնարիչները կը համարուին:
Ամփիտրիտէ Amphitrite Ծովու աստուածուհի, դուստր Ովկիանու եւ Թետիսի, կին Նեպթոնի:
Անդրոմաքէ Andromaque Հեկտորի կին։ Իլիականին մէջ Անդրոմաքէ կը ներկայացուի որպէս ամուսնական սիրոյ խորհրդանշանը:
Անդրոմիդէ Andromeda Եթովպիոյ Կեփէոս թագաւորին դուստրը, որ ինքզինք Հերայէն աւելի գեղեցիկ դաւանելով՝ Պոսիդոնի հրամանով նետուեցաւ ծովային նահանգի մը առջեւ, բայց Պերսէոս փրկեց զայն ճիւաղէն եւ ամուսնացաւ անոր հետ:
Անտիգոնէ Antigone Դուստր Եդիպոսի: Անտիգոնէ որպէս ուղեցոյց ծառայեց իր կոյր հօր, որուն համար ճանչցուած է իբրեւ որդիական գորովի տիպար:
Ափրոտիթէ Aphrodite Սիրոյ աստուածուհին:
Ապողոն Apollo Որդի Արամազդի եւ Լատոնայի, աստուած՝ երաժշտութեան, բանաստեղծութեան, ճարտասանութեան, բժշկութեան եւ գեղարուեստից:
Արաքնէ Arachne Լիւդացի Իգմոնի աղջիկը, զոր Աթենաս փոխակերպեց սարդի, որովհետեւ համարձակած էր իրեն հետ մրցիլ գորգ հիւսելու մէջ։
Արգոս Argus Արեսդորի որդի, որ հարիւր աչք ունէր եւ կը հսկէր հովի վրայ։ Քնանալու ատեն իր յիսուն աչքերը բաց կը մնային: Հերմէս իր սրինգով զայն քնացուց բոլորովին եւ կտրեց անոր գլուխը: Այնուհետեւ Արգոսի աչքերը փոխադրուեցան սիրամարգի պոչին վրայ:
Արիադնէ Ariadne Դուստր Մինովայ արքային՝ Կրետէի, ուր Աթէնքցիք՝ որպէս հարկ, տարեկան եօթը աղջիկ եւ եօթը մանչ կը ղրկէին, զորս կը լափէր Մինոտաւրոս: Թեսէոս, մէկը այս զոհերէն, գութն ու սէրը շարժելով Արիադնէի՝ անկէ ստացաւ կծիկ մը չուան, որ զինք լաբիւրինթոսէն դուրս առաջնորդեց: Այսպէս ազատեցաւ Թեսէոս եւ ամուսնացաւ Արիադնէի հետ:
Արիոն Arion Մետիմնացի քնարերգակ բանաստեղծ մը, որ Իտալիա ճամբորդած միջոցին ինկաւ անգութ նաւազներու ձեռքը, բայց ազատեցաւ մահէն շնորհիւ թլփիններու, որոնք հրապուրուած էին իր սրինգով:
Արտեմիս Artemis Յոյն աստուածուհի, որ կը համապատասխանէ հռոմէացիներու Դիանային:
Ատալանտա Atalanta Իշխանուհի Սիրոսի (Սքիրօ): Յայտարարած էր թէ վազելու մէջ զինք գերազանցողը միայն կրնայ իրեն հետ ամուսնանալ: Այդ բախտը վիճակեցաւ Հիպոմինէոսի:
Աթենաս, Աթենա Athena Հելլենական աստուածուհի իմաստութեան: Կը համապատասխանէ հռոմէացիներու Միներվային:
Ատլաս Atlas Տիտան մը եւ թագաւոր Մաւրիտանիոյ: Ան կրցաւ երկիրը առնել իր ուսերուն վրայ եւ փոխուեցաւ լերան:
Արորա, Օրորա Aurora Արշալոյս, աստուած առաւօտեան:
Անուն Այլ Լեզուով Բացատրութիւն
Բագոս Bacchus Որդի Արամազդի եւ Սեմեդէի եւ աստուած գինիի ու գինովներու:
Պելոնա Bellona Աստուածուհի պատերազմի եւ քոյր Հրատի:
Բելոս, Բել Belus Որդի Նեպդոնի եւ Լիբիայի, Ասորեստանի առաջին թագաւորներէն մին, որուն աստուածային պաշտամունք կը մատուցուէր:
Բորէաս Boreas Աստուած հիւսիսային քամիի:
Բուսիրիս Busiris Որդի Նեպդոնի եւ Լիբիայի, եգիպտական բռնակալ մը եւ հրէշային ճիւաղ մը, որ մարդու միսով կը սնուցանէր իր ձին: Սպաննուեցաւ Հերակլի կողմէ:
Անուն Այլ Լեզուով Բացատրութիւն
Կադմոս Cadmus Որդի փիւնիկեցիներու Ագենոր թագաւորին, հիմնադիր Թեբէ քաղաքին եւ հնարիչ յունական այբուբենի տասնվեց տառերուն:
Կամիլլա Camilla Հռչակաւոր թագուհի մը, որ արգիլեց Ենէասը իտալական ցամաք ելլելէ:
Կասանդրա Cassandra Դուստր Պրիտմի եւ Հեկուրայի: Ապողոն շնորհած էր իրեն գուշակութեան ձիրք:
Կաստոր Castor Որդի Արամազդի եւ Լեդայի, իր եղբօր Պողիդոկիսի՝ (Pollux) հետ փոխուեցաւ համաստեղութեան մը:
Կեկրոպս Cecrops Ընչեղ Եգիպտացի մը, որ հիմը դրաւ Աթէնքի եւ եղաւ անոր առաջին թագաւորը: Անիկա հաստատեց ամուսնութիւնը, զոհերը եւ բագինները:
Կենտաւրոսք Centaurs Թեսալիոյ բնիկներ, որոնք կէս մարդ եւ կէս ձի էին եւ պարտուեցան Թեսէոսէն:
Կերբերոս Cerberus Պղուտոնի եռագլուխ շունը, որ կը հսկէր դժոխքի դրան: Հերակլէս նուաճեց զայն եւ հեռացուց դժոխքի դռնէն:
Կերէս Ceres Դուստր Սադուռնոսի եւ Կիւրեղէի, աստուածուհի արմտեաց, հունձքի եւ ծաղիկներու: Կը համապատասխանէ յունական Դեմետրէին:
Գարոն Charon Դժոխքին մակուկավարը, որ նաւով մը մարդոց հոգիները կ'անցընէր Ստիւքս եւ Աքերոն գետերէն:
Գարիբդիս Charybdis Անյագ կին մը, զոր Արամազդ փոխեց վտանգաւոր ծովածոցի մը՝ Սիկիլիոյ ափին մօտ:
Գիրոն Chiron Սադուռնոսի եւ Փիլիրայի որդին, կենտաւրոս մը եւ ուսուցիչ Աքիլլէսի: Քիրոն բնագիտութիւն սորվեցուց Ասկղեպիոսին եւ աստեղագիտութիւն՝ Հերակլէսին:
Կիրկէ Circe Նշանաւոր հմայիչ մը, որ կարապի կը փոխէր Ոդիսեւսի ընկերները:
Կղիով, Քլիօ Clio Մուսա մը:
Կղիտեմնեստրա Clytemnestra Աղամեմնոնի անհաւատարիմ կինը: Սպաննուեցաւ իր որդւոյն ձեռքով:
Կոմոս Comus Աստուած՝ անառակութեան, կերուխումի եւ զուարթութեան:
Կրոկոս Crocus Երիտասարդ մը, որ հրապուրուեցաւ յաւերժահարսէ մը եւ փոխուեցաւ համանուն ծաղիկին (քըրքմածաղիկ):
Կրեսոս Clytemnestra Թագաւոր Լիւդիոյ, ամէնահարուստ մարդը իր ժամանակին:
Կուպիտոն Cupid Որդի՝ Հրատի եւ Աստղկան, աստուած սիրոյ:
Կիկղոպայք Cyclopes Միականի ճիւաղներ, որոնք նախաբնիկները կը կարծուէին Սիկիլիոյ:
Անուն Այլ Լեզուով Բացատրութիւն
Դետաղոս Daedalus Հնարիմաց արուեստագէտ եւ արհեստաւոր, որ հնարեց զանազան գործիքներ:
Դանայեանք Danaides Դանայոսի, Արգոսի թագաւորին յիսուն աղջիկները, որոնք,բացի Հիպերմնեստրայէն, սպաննեցին իրենց ամուսինները առագաստի գիշերը եւ դատապարտուեցան ջուր քաշելու խորունկ հորէ մը եւ լեցնել ծակոտկէն տակառի մը մէջ։ «Դանայեան տակառ»ը կը գործածուի գրականութեան մէջ:
Դափնէ Daphne Դուստր Պինէա գետին: Փոխուեցաւ սարդենիի:
Դեյարին Dejarina, Dejarine Հերակլէսի կինը, որ կամաւորապէս վերջ դրաւ կեանքին, որովհետեւ անգիտակցաբար պատճառ եղած էր իր ամուսնոյն մահուան: Նեսոս Կենտաւրոսը չարամտօրէն թունաւոր շապիկ մը ղրկեց Հերակլէսի՝ Դեյարինի միջոցաւ: Հերակլէս այդ շապիկը հագնելով մատնուեցաւ անլուր տանջանքներու, որոնցմէ ազատելու համար կամովին այրեց ինքզինք:
Դեմետրէ Demeter Յունաց մօտ աստուածուհի արմտեաց, հունձքերու եւ ծաղիկներու: Կը համապատասխանէ Հռոմէական Կերէսին:
Դեւկալիոն Deocalion Որդի Պրոմէթէոսի, թագաւոր Թեսալիոյ: Դեւկալիոն եւ իր կինը ընդհանուր ջրհեղեղէ մը ազատելով, կրկին բազմամարդեցին աշխարհը:
Տիանա Diana Դուստր Արամազդի եւ Լատոնայի, աստուածուհի որսորդութեան, պարկեշտութեան եւ ամուսնութեան:
Դիդէ Dido Թաքուհի Կարքեդոնի, դուստր Բելոսի եւ կին Սիքէոսի: Դիդէ շինեց Կարքեդոն քաղաքը եւ ըստ Վերգելիոսի՝ հիւրընկալեց Ենէասը եւ անոր մեկնելէն ետքը անձնասպան եղաւ:
Դիոմիդէս Diomedes Որդի Տիդէոսի: Մեծ համբաւ շինեց Տրովադայի պատերազմին մէջ:
Դիոնիսոս Dionysus Յոյն աստուածութիւն, համապատասխան Բագոսի:
Դրիադէս Dryades Յաւերժահարսեր, որոնք կը նախագահէին անտառներուն:
Անուն Այլ Լեզուով Բացատրութիւն
Էքօ Echo Յաւերժահարս մը, զոր ժայռի փոխեց Հերա, իրեն տհաճութիւն պատճառած ըլլալուն համար եւ դատապարտեց կրկնելու վերջին բառերը անոնց, որոնք հարցում կ'ուղղէին իրեն:
Ելեքտրա Electra Ագամեմնոնի եւ Կղետեմնեսդրայի դուստրը, որ համոզեց եղբօրը՝ իրենց հօրը մահուան վրէժը լուծելու իրենց մօրմէն:
Ելուզիա, Ելուզեան հովիտ Elysium Անդրշիրիմեան երանաւէտ բնակավայր արդարներու:
Ենդիւմիոն Endymion Գեղանի եւ միշտ քնացող հովիւ մը, որուն սիրահարած էր լուսինը:
Եպէոս Epeus Արուեստագէտ մը, որ շինեց Տրովադայի պատերազմի նշանաւոր ձին:
Երատո Erato Մուսա՝ քնարական եւ սիրային բանաստեղծութեան:
Երեբոս Erebus Որդի Քաոսի եւ Նոքսի, դժոխային աստուածութիւն մը եւ դժոխային գետ մը:
Երոս Eros Տես Կուպիտոն (Cupid):
Եւրիդիկէ Eurydice Կին Որփէոսի, սպաննուեցաւ սողունի մը կողմէ իր ամուսնութեան օրը:
Եւտերպէ Euterpe Մուսա երաժշտութեան:
Անուն Այլ Լեզուով Բացատրութիւն
Փատէս Fates Հաւաքական անուն երեք աստուածութեանց, որոնցմէ կախուած էր մարդկային ցեղի ծնունդն ու կեանքը:
Ֆլորա Flora Աստուածուհի ծաղիկներու եւ պարտէզներու: