Դուինի Եկեղեցական Ժողով (506)

Դուինի եկեղեցական ժողով, 506 թուականին Մարզպանական Հայաստանի մայրաքաղաք Դուինի Բաբգէն Ա. Ոթմսեցի կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ հրաւիրուած ազգային-եկեղեցական ժողով։ Քննարկուած են դաւանական խնդիրներ, մասնաւորապէս նեստորականութեանը եւ քաղկեդոնականութեանը առնչուող հարցեր քննելու, անոնց հանդէպ հայ եկեղեցւոյ դիրքորոշումը պարզելու նպատակով։

Դուինի Կաթողիկէ Եկեղեցին

Դուինի Կաթողիկէ եկեղեցին

Խմբագրել

Ժողովին մասնակցած են 20 եպիսկոպոս, վանականներ, երէցներ, 14 նախարար՝ մարզպան Վարդան Մամիկոնեանի (505–509 թուականներ) գլխաւորութեամբ, Սիւնեաց եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Վրաց եւ Աղուանից եկեղեցիներու կաթողիկոսներն ու եպիսկոպոսները։ Պահպանուած է միայն մէկ ժողովական՝ «Թուղթ Հայոց ի Պարսս, առ ուղղափառս» վերնագրով առաջին թուղթը, որ գրած է Բաբգէն Ա. Ոթմսեցին։

Ժողովի արդէն հրաւիրուած էին, երբ Սիմէոն Բեթ-Արշամացու գլխաւորութեամբ Պարսկաստանի քրիստոնեայ ուղղափառ ասորիները, որոնք յատկապէս Սելեւկիայի 499 թուականի ժողովէն (ուր նեստորականութիւնը հռչակուած էր Պարսկաստանի քրիստոնեաներու պաշտօնական դաւանութիւն) յետոյ հալածանքներու ենթարկուած էին նեստորականները, պաշտպանութիւն հայցած Հայ եկեղեցիէն, միաժամանակ խնդրած, որ Հայոց կաթողիկոսը գրով հաստատէ, թէ ինչն է ճշմարիտ դաւանութիւնը, քանի որ նեստորականները պարծեցած էին, թէ հայերը, յոյները, վրացիներն ու աղուանները եւս իրենց հաւատքը ունին։ Բաբգէն Ա. Ոթմսեցին, ի պատասխան այդ խնդրանքի, Հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովի անունէն հաւաստած է, որ Հայ եկեղեցին Նեստորի եւ անոր կողմնակիցներու վարդապետութիւնը կը մերժէ։ Նամակը գրուած է հայերէն ու պարսկերէն եւ կնքուած բոլոր ժողովականներու ստորագրութեամբ։ Այս ժողովին ընդունուած է մեզ չհասած «Պայման նամակը» (որ նաեւ «Հաւատոյ նամակ» կը կոչուի), որով մերժուած ու լռելեայն դատապարտուած է Քաղկեդոնի ժողովը եւ Լեւոնի տոմարը։

Դուինի այս ժողովը երեւոյթ էր Հայ եկեղեցւոյ դաւանական դրութեան յստակեցման եւ զարգացման, անոր հականեստորական, հակաքաղկեդոնական դիրքորոշման ճշդման գործին։ Դուինի Ա. ժողովը հանրագումարն էր դաւանական այն պայքարին, որ Հայ եկեղեցին նախորդ տասնամեակներուն մղած է քրիստոնէական տարբեր հոսանքներու՝ քաղկեդոնականութեան, նեստորականութեան, եւտիքականութեան դէմ։ Միաժամանակ Հայ եկեղեցւոյ հեղինակութեան եւ դիրքի ապացոյցն էր 6-րդ դարու քրիստոնեայ Արեւելքի մէջ ծաւալուած դաւանական վէճերուն մէջ։ Տարբեր դաւանանքներու պատկանող դրացի քրիստոնեաները, գիտակցելով Հայ եկեղեցւոյ նշանակութիւնը եւ դերը Արեւելքի քրիստոնեայ եկեղեցիներու մեջ, աշխատած են ձեռք բերել Հայ եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը եւ տեսնել իրենց դաւանական այն պայքարը, որ Հայ եկեղեցին նախորդ տասնամեակներուն մղած է քրիստոնէական տարբեր հոսանքներու՝ քաղկեդոնականութեան, նեստորականութեան, եւտիքականութեան դէմ։

Միաժամանակ Հայ եկեղեցւոյ հեղինակութեան եւ դիրքի ապացոյցն էր 6-րդ դարուն քրիստոնեայ Արեւելքի մէջ ծաւալուած դաւանական վէճերուն։ Տարբեր դաւանանքներու պատկանող դրացի քրիստոնեաները, գիտակցելով Հայ եկեղեցւոյ նշանակութիւնը եւ դերը Արեւելքի քրիստոնեայ եկեղեցիներու մեջ, աշխատած են ձեռք բերել Հայ եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը եւ տեսնել իրենց դաւանանքէն։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։