Դրմբոն, գիւղ Արցախի Մարտակերտ շրջանին մէջ` կեդրոնէն 30 Քմ հարաւ-արեւմուտք` Թարթառ գետի վերին հոսանքի աջ ափին, 750 մեթր բարձրութեան վրայ, տարածութիւնը՝ 1267 հեկտար, բնակչութիւնը՝ 447 (1989), 327 (2003)։ Կը զբաղին անասնապահութեամբ եւ երկրագործութեամբ։ Ունի միջնակարգ դպրոց մը, ակումբ մը, դարմանատուն մը եւ այլն։ 2002-էն Դրմբոնի մէջ կառուցուած է ոսկիի հարստացուցիչ գործարան մը՝ Մեհմանայի բազմամետաղներու հանքանիւթերու հիման վրայ։

Գիւղ
Դրմբոն
ազրպ.՝ Heyvalı
Երկիր Արցախ
Շրջան Մարտակերտի
ԲԾՄ 826 մեթր
Բնակչութիւն 327 մարդ (2003)
Ժամային գօտի UTC+4։00

Գիւղին շրջակայքը կան Մանդուռի եկեղեցին (ԺԲ. դար), Մաչախ շինատեղը, Թխկուտ գոմեր, Ճոխտակ խաչ, Մուքին խաչ սրբավայրերն ու Ղլբենին խաչքարերու խումբը։

Դրմբոնը՝ ուղղաթիռէն դիտուած

Դրմբոնի ոսկիի բազմամետաղային հանքավայրը

Խմբագրել

Հանքավայր ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանին մէջ՝ Դրմբոն հրաբխային լեռնազանգուածին կեդրոնական մասին մէջ։ Հանքադաշտին տարածութիւնը 20 Քմ է։ Ոսկի եւ պղինձհանքայնացումը պարփակուած է 3 տարանջատ հանքայնացմամբ եւ ոսկեբերութեամբ տարբեր հանքամարմիններու մէջ։ Հանքանիւթին պաշարները 3,3 միլիոն թոն են (ոսկիի միջին պարունակութիւնը՝ 4 գ/տ)։ Հանքավայրը կ'օգտագործէ «Պէյզ Մեթըլզ» ընկերութիւնը։

Դրմբոնը Արցախեան ազատամարտին

Խմբագրել

Դրմբոնը կազմաւորուած է աշխարհազօրայիններէ (1989) եւ կամաւորական (1992, հրամանատար՝ Ս. Ասլանեան) ջոկատներէ, որոնք առանձին, ապա Սեպտեմբեր 1992-էն Մարտակերտի պաշտպանական շրջանի ստորաբաժանումներու կազմին մէջ մասնակցած են Մարտակերտի, Ասկերանի շրջաններու ինքնապաշտպանական եւ ազատագրական մարտերուն։ Դրմբոնէն հրամանատար եղած է Ս. Ասլանեանը։ Գիւղէն զոհուած է 6 ազատամարտիկ։

Դրմբոնի ազատագրումէն ետք (12 Փետրուար 1993) այստեղ տեղակայուած են Մարտակերտի պաշտպանական շրջանի շտաբը՝ իր ստորաբաժանումներով, եւ ՊՊԿ-ի լիազօր ներկայացուցչութիւնը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմ.1988-1994, Ե., ՀՀՀ, 2004, էջ 181-182։