Եկեղեցական զգեստ

Եկեղեցական զգեստ, եկեղեցական հանդերձ, խորհրդաբանական իմաստ ունեցող, դեռեւս Հին կտակարանով աւանդուած քահանայական հանդերձէն։ Ինչպէս ընդհանրական եկեղեցւոյ մէջ, այնպէս ալ անոր անբաժանելի մաս կազմող՝ Հայաստանի Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ հին ժամանակէ ի վեր կը գործածեն եկեղեցական զանազան զգեստներ, որոնք իրենց ձեւով ու նշանակութեամբ կը տարբերին աշխարհի հագուստներէն։

Հոգեւորականը Թավուշ գաւառի չորս կողմերու օրհնման եւ խաչի տեղադրման արարողութեան ժամանակ

Աւանդութեան համաձայն, Հայ եկեղեցւոյ ու սպասաւորներու զգեստներու ձեւը գլխաւորապէս վերցուած է Կեսարիոյ եւ Երուսաղէմի եկեղեցիներէն, սակայն, ինչպէս բնորոշ է Հայ եկեղեցիէն, այդ զգեստները պատշաճեցուած են հայ ոգիին՝ ստանալով ազգային իւրայատուկ ձեւ ու տեսք։

Եկեղեցական զգեստները դարերու ընթացքին ենթարկուած են մասնակի փոփոխութիւններու՝ ձեւի կամ նիւթի առումով, այնուհետեւ մնացած են անփոփոխ, յարմար մինչեւ մեր օրերը։

Հայ եկեղեցւոյ մէջ գործածուող եկեղեցական զգեստները, ըստ օգտագործման կերպի՝ կարելի է բաժնել երկու տեսակի՝ ընդհանուր զգեստներ եւ Աստուածապաշտական զգեստներ։

Ընդհանուր զգեստներ

Խմբագրել

Առօրեայ գործածուող եկեղեցական զգեստներն են.

Բոլոր ձեռնադրուած եւ օծուած, խորհրդակատար հոգեւորականները՝ կաթողիկոսէն մինչեւ սարկաւագ,կը կրեն ամէնօրեայ միեւնոյն եկեղեցական զգեստը, որ վերարկու կամ սքեմ կը կոչուի։ Կարուած է սեւ կտորով։

Կուսակրօն հոգեւորականներուն յատուկ գլխադիրն է, գլխի քողը, որով անոնք կը տարբերին ամուսնացեալ քահանաներէն։ Վեղարը սրածայր է՝ գմբեթանման, ներսէն նոյն ձեւով գլխանոց ունի, իսկ վրան՝ սեւ գոյնի կտորով ծածկուած է, որ գլուխը ծածկելով կ'իջնէ մինչեւ յօնքերը, իսկ մէջքի կողմէն՝ մինչեւ գօտկատեղը։

Վեղարը գործածութեան սկսած է հաւանաբար 11-րդ դարէն ետք, քանի որ այդ ատեն հայ մատենագիրները չէին ակնարկեր վեղարի գործածութեան մասին։ Ամենայն հայոց հայրապետի վեղարի ճակատին վրայ աւելցուած է ադամանդակուռ խաչ։ Սկսած է Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանէն, ուր վեղարի խաչը եղած է ռուսահայոց թեմի առաջնորդներու մենաշնորհը, իսկ Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի կաթողիկոսէն սկսած, որպէս Ռուսիոյ կայսրի շնորհած պատուոյ նշան, դարձած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսներու խորհրդանշանը եւ փոխանցուած է ամէն նորընտիր կաթողիկոսի։ Վեղարի տուչութեան ժամանակ եպիսկոպոսը կ'ընթերցէ հետեւեալ աղօթքը. «Աստուած զգեցուցանէ քեզ զնոր մարդն՝ որ ըստ Աստուծոյ հաստատեալ է արդարութեամբ եւ սրբութեամբ եւ ճշմարտութեամբ, եւ եղիցիս դու հպատակ եւ հնազանդ Եկեղեցւոյ, կանխեալ ի սէրն Աստուծոյ հոգւով ի տուէ եւ ի գիշերի. ամէն» (Մաշտոց Ձեռնադրութեան)։

Մարմինը փաթթող եւ կրծքի վրայ ամրացուող սեւ կտաւէ կարուած զգեստ է։Կը գործածուի ժամերգութիւններու եւ Աստուածապաշտական այլ արարողություններու ժամանակ։ Ծայրագոյն վարդապետները եւ եպիսկոպոսները ինչպէս նաեւ կաթողիկոսները որպէս պատուոյ նշան կը կրեն մանիշակագոյն ծաղկեայ, իսկ վարդապետները՝ սեւ ծաղկեայ փիլոններ։ Սեւ ծաղկեայ փիլոնները, որպէս պատուոյ նշան, հայրապետական կոնդակով կը շնորհեն նաեւ աւագ քահանաներուն։

Աստուածապաշտական զգեստներ

Խմբագրել

Ծիսակատարութիւններու ժամանակ գործածուող եկեղեցական զգեստներ.

Դպիրի, կիսասարկաւագի եւ սարկաւագի զգեստներ

Խմբագրել

Շապիկը

Խմբագրել

Անիկա սրբութեան եւ անարատութեան խորհրդանշանն է. կը կրեն դպիրները, կիսասարկաւագները եւ սարկավագները։ Անիկա մինչեւ կօշիկները հասնող yv խաչանիշ ուսանոցով զգեստ է։

Այն նեղ ու երկար, մօտ 3 մ երկարութեամբ եւ 10-12 սմ լայնքով գունաւոր եւ ծաղկաւոր եզր է, որն ուրարակիրն ու սարկավագը կը կրեն իրենց ձախ ուսին վրայ։ Ուրարը սովորաբար կ'ունենայ 3 խաչ. մէկը՝ ուսին վրայ՝ մէջտեղը, միւս երկուքը՝ ետեւէն եւ առջեւէն։ Ձախ ուսին ուրար կրելու նշանն է, ուր այդ կրօնաւորը Աստուծոյ լուծին միայն կէսը իր վրայ կը կրէ, որովհետեւ տակաւին կարողութիւն չունի ամբողջութեամբ ստանձնելու։

Բազկուրար

Խմբագրել

Ուրարի փոքր տեսակ է, որ կիսասարկաւագը կը կրէ իր ձախ դաստակին վրայ։ Այս կը նշանակէ, որ ան դեռ ամբողջովին չի կրնար իր վրայ վերցնել Յիսուս Քրիստոսի լուծը։

Քահանայի, եպիսկոպոսի եւ կաթողիկոսի զգեստներ

Խմբագրել

Հողաթափ

Խմբագրել

Ս.Պատարագի ժամանակ թէ՛ պատարագիչը եւ թէ խորհրդակատարութեան ժամանակ անոր սպասարկող խոնարհ դասի աստիճանաւորները Ս. խորան կը բարձրանան հողաթափերով։ Պատարագի ընթացքին, վերաբերումէն առաջ, քահանան կը հանէ իր հողաթափերը։ Պատարագիչի հողաթափերուն ներսի կողմը իժի ու քարպի կերպարանքներ ասեղնագործուած են՝ ի խորհուրդ սաղմոսի հետեւեալ խօսքերուն. «Դուն կը քայլես իժերու եւ քարպերու վրայէն, ոտքով կը կոխոտես առիւծին եւ վիշապին վրայ» (Սաղմոս 90.13)։

Տարբերութիւնը եկեղեցական այլ արարողութիւններէ, Պատարագի ժամանակ քահանան, եպիսկոպոսն ու կաթողիկոսը կը զգեստաւորուին բոլորովին շքեղ ու գեղեցկահիւս զգեստներով, որպէսզի Տիրոջ սպասաւորութիւնն աւելի շքեղ եւ փառաւոր կատարուի։

Սաղաւարտ

Խմբագրել

Գնդաձեւ, կերպասէ ասեղնագործուած կամ մարգարտազարդ գլխանոց է, որու գագաթին ամրացուած է քառաթեւ փոքր խաչ։ Չորս Սաղաւարտները պատկերուած են Քրիստոսի փրկագործական տնօրինութեան չորս գլխաւոր դեպքերը Ծնունդ, Մկրտութիւն, Յարութիւն, եւ Համբարձում։ Սաղաւարտի գործածութիւնը վերցուած է Հին ուխտի եկեղեցիէն։ Այն կը խորհրդանշէ նաեւ Յիսուս Փրկչի կրած փշէ պսակն ու վարշամակը։ Պատարագի ժամանակ սաղաւարտը կը գործածուի որպէս զրահ՝ սատանայական զորութեան դէմ պատերազմելու։ Հայ եկեղեցիի մէջ Պատարագի ժամանակ սաղաւարտը կը գործածեն քահանաներն ու վարդապետները։[1]

Տարբերութիւնը խոնարհ աստիճանաւորներու գործածած շապիկներուն, Պատարագի ժամանակ բարձրաստիճան եկեղեցականները կ'օգտագործեն առանց ուսանոցի, ճերմակ կտաւէ, մինչեւ հողաթափերը հասնող շապիկներ։ Ճերմակ գոյնը կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի անարատ Ծնունդը եւ անմեղ ու մաքրամաքուր կեանքը, նաեւ՝ Տիրոջ յարութիւնն աւետող ԶԳԵՍՏԸ՝ հրեշտակի սպիտակաթոյր հանդերձը։

Փորուրար

Խմբագրել

Ուրարի կրկնակի լայնքով ասեղնագործուած զգեստի մասն է, որ կը ծածկէ հոգեւորականի կուրծքը, սպիտակ շապիկին վրայէն։ Երկարութիւնը մարդահասակ է, վերնամասով՝ կլոր, գլխէն հագնելու համար։ Փորուրարը կը խորհրդանշէ այն ծանր լուծը, որ քահանան ամբողջապէս կ'առնէ իր ուսերուն վրայ:

5-7 սմ լայնք ունեցող ամուր եւ գեղեցկահիւս կտորէ ժապաւէն է, որու առջեւէն կ'ամրանայ ակնազարդ կամ մարգարտապատ զոյգ ճարմանդով։ Գօտիի գործածութիւնը եւս վերցուած է Հին Ուխտէն։ Գօտի կրելու իրաւունքը քահանայական աստիճան ունեցողներու մենաշնորհն է։ Պատարագիչը գօտին կը կապէ փորուրարի վրայէն։ Գօտին միեւնոյն ժամանակ Յիսուս Քրիստոսի ողջախոհութեան խորհուրդն ունի։

Թաշկինակ

Խմբագրել

Գօտիին հետ պատարագիչ քահանան կը կրէ նաեւ թաշկինակը, որ կը ծառայէ պատարագիչի ձեռքերը եւ սկիհը լուալէ ետք չորցնելու համար։

Բազպաններ

Խմբագրել

Զոյգ կարճ թեւնոցներ են, որոնք կը կոճկուին պատարագիչ եկեղեցականի դաստակներուն վրայ։ Բազպանները զգեստի առանձին մասեր ըլլալով հանդերձ՝ կը կարուին զգեստի կերպասէն (այսինքն՝ այն կտորէն, որմէ կը կարուին փորուրարը, շուրջառը, գօտին)։ Բազպաններու հիմնական նպատակը պատարագիչի շապիկի թեւերուն ծայրերը հաւաքելն է։

Պատարագիչի ուսանոցն է, որ կիսահաւասար ձեւով կը պատէ քահանայի պարանոցը՝ թիկունքի կողմէն։ Վակասի վրայ ընդհանրապէս ձուլուած կամ ասեղնագործուած են 12 առաքեալներու պատկերները, իսկ անոնց մէջտեղը՝ Յիսուսի՝ Աստուծոյ Գառնուկին պատկերը։ Վակասը եւս վերցուած է Հին Ուխտէն։ Կը Խորհրդանշէ մոլորեալ ոչխարը, այսինքն՝ մոլորեալ մարդկութիւնը, որուն Քրիստոսն իր ուսերու վրայ առնելով՝ դէպի փրկութիւն եւ յաւիտենական կեանքի առաջնորդեց։ Վակասը միեւնոյն ժամանակ հաւատացեալներուն կը յիշեցնէ Յիսուս Փրկչի քաղցր լուծը եւ թեթեւ բեռը։

Շուրջառ

Խմբագրել

Փիլոնաձեւ, անթեւ եւ գեղեցկահիւս վերարկու է, որ ամբողջ հասակը ծածկելով, առջեւէն կուրծքի վրայ կ'ամրանայ մետաղէ զոյգ ճարմանդով։ Կը գործածուի Պատարագի, սրբազան խորհուրդներու կատարման, նախատօնակներու, թափօրի եւ Աւետարան ընթերցելու ժամանակ։ Կը Խորհրդանշէ Աստուածային շնորհներու այն զրահը, որով պատարագիչը կը պատսպարուի չարի նետերէն եւ յարձակումներէն։

Եպիսկոպոսական զգեստներ

Խմբագրել

Եպիսկոպոսը, բացի քահանայական զգեստներէն, կը կրէ նաեւ սաղաւարտի փոխարէն խոյր կամ թագ, արտախուրակներ, եմիփորոն եւ գաւազան։

Խոյր կամ թագ

Խմբագրել

Խոյրը գեղեցկահիւս, նկարազարդ ու գոհարազարդ, երկու տափակ երեսներէն բաղկացած թագ է։ Գլխուն դնելով վերեւի սրածայր մասերը բացուելով՝ կը կազմեն երկու ճիւղաւորում։ Իւրաքանչիւր ծայրին ամրացուած է մէկական փոքր խաչ։ Խոյրը յատուկ է եպիսկոպոսին ու կաթողիկոսին։ Հայ եկեղեցւոյ մէջ սկսած է գործածուիլ 12-րդ դարէն։

Արտախուրակներ

Խմբագրել

Խոյրի ետեւէն կախուած երկու երկար կապեր են, որոնք խոյրը գլխուն ամուր պահելու համար է, սակայն հետզհետէ վերածուած են զարդարանքի։ Այժմ արտախուրակները 50 սմ երկարութեամբ եւ 6 կամ 7 սմ լայնքով, յատակի կողմը աւելի լայն, խոյրի նմանութեամբ պատրաստուած երկու կտորէ զարդեր են, որոնք կը կախուին վակասէն՝ թիկունքի կողմէն։

Եմիփորոն

Խմբագրել

Լայն ուսանոց-ուրար է, որ ետեւէն եւ առջեւէն կը ծածկէ եպիսկոպոսի կամ կաթողիկոսի կուրծքն ու թիկունքը, իսկ եմիփորոնի ծոպաւոր ծայրերը կը հասնին մինչեւ շուրջառի ծայրերը։ Եմիփորոնը կը խորհրդանշէ եպիսկոպոսի կամ կաթողիկոսի ամբողջապէս խաչուած ըլլալը՝ իր հինգ զգայարանքներով, մեղքերու եւ աշխարհի ցանկութիւններուն համար մեռնիլը եւ միայն Քրիստոսի խաչն իրենց անձերուն մէջ կրելը։

Կոնքեռ

Խմբագրել

Ոսկեթել զարդ է՝ տարանկիւն զուգահեռագիծի ձեւով՝ ասեղնագործուած կամ ընտիր կերպասէ պատրաստուած է։ Կոնքեռի վրայ աւանդաբար ասեղնագործուած է խաչակիր մէկ գառնուկ, որ Աստուծոյ Գառնուկին՝ Յիսուս Քրիստոսի խորհուրդն ունի։

Կոնքեռի երեք անկիւններուն մէջ կան փոքր ծոպեր, իսկ չորրորդ անկիւնէն նեղ եզրով կախուած է հայրապետի գօտին՝ ձախ մասին՝ «որպէս հովուական մախաղ, կամ ի նշան Յիսուսի ղենջակին:

Նուիրական առարկաներ

Խմբագրել

Որպէս պատուոյ նշան՝ քահանայական կարգ ունեցողներուն շնորհուած իրեր.

Մատանի

Խմբագրել

Հայ եկեղեցւոյ մէջ մատանիի գործածութիւնը կու գայ շատ հինէն։ Մատանին ձեռնադրութեան ժամանակ տրուած է նորընծայ եպիսկոպոսին՝ իբրեւ Ս. եկեղեցւոյ հետ փեսա դառնալու խորհրդանիշ։ Նաեւ իշխանութեան նշան է։ Եպիսկոպոսական մատանին եղած է ոսկիէ օղակ՝ զարդարուած թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք քարերով։ Եպիսկոպոսները մատանի կը կրեն աջ ճկոյթին, իսկ կաթողիկոսը՝ աջ ձեռքի մատնեմատին։

Լանջախաչ

Խմբագրել

Եկեղեցականներուն կաթողիկոսի կողմէն շնորհուած պատուոյ նշան է։ Եղած է քահանայական եւ վարդապետական։ Քահանայականը պարզ, ոսկեզօծ, արծաթէ խաչ է, 10 սմ երկարութեամբ, զարդարուն, որ ոսկեզօծ շղթայով կը կախուի պարանոցէն։ Վարդապետականը նոյն մեծութեամբ խաչ է, որու մեջ խաչելութեան պատկերը կայ։ Լանջախաչն իրենց պարանոցին քահանաներն ու վարդապետները կը կրեն տօնական եւ հանդիսաւոր օրերուն։

Ձեռքի խաչ

Խմբագրել

Սովորական խաչ է, որ սակայն, ներքեւի կողմէն քիչ մը երկար բռնակ ունի։ Քահանայական աստիճան ունեցողները կ'օգտագործեն աստուածապաշտական արարողութիւններու, ծիսակատարութիւններու եւ եկեղեցական հանդիսութիւններու ժամանակ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել