Եղանակային Յուզման Խանգարում

Եղանակային յուզման խանգարումը («ԵՅԽ»), ընկճուածութեան (depression) տեսակ մըն է, որ կապուած է եղանակներու փոփոխութեան հետ: «ԵՅԽ»-ն կը սկսի եւ կ'աւարտի ամէն տարի մօտաւորապէս  նոյն ժամանակին: Ախտանիշները կը սկսին աշնան եւ կը շարունակուին ձմրան ամիսներուն` խլելով անհատին ներուժը, ինչպէս նաեւ անոր մօտ տրամադրութեան փոփոխութիւններ յառաջացնելով: Շատ քիչ պարագաներու «ԵՅԽ»-ն ընկճուածութիւն կը յառաջացնէ գարնան կամ ամրան սկիզբը[1]:

Լուսային բուժում

Ախտանշաններ

Խմբագրել

Կարգ մը պարագաներու եղանակային յուզման խանգարման ախտանիշները ի յայտ կու գան ուշ աշնան կամ ձմրան սկիզբին եւ կ'անհետանան գարնան ու ամրան արեւոտ օրերուն: Հազուադէպ պարագաներու կարգ մը մարդոց մօտ կը յայտնուին գարնան կամ ամրան: Երկու պարագաներուն ալ ախտանշանները կրնան սկսիլ թեթեւ եւ եղանակի յառաջընթացին հետ աւելի սուր դառնալ:

«ԵՅԽ»-ին նշաններն ու ախտանիշներէն են.

  • Օրուան մեծ մասը, գրեթէ ամէն օր, ընկճուածութեան զգացում[2],
  • Անցեալին վայելած աշխատանքներու կամ վարժութիւններու նկատմամբ հետաքրքրութեան կորուստ,
  • Վատ ներուժ,
  • Քունի հետ կապուած հարցեր,
  • Ախորժակի կամ ծանրութեան փոփոխութիւններ,
  • Ծուլութեան կամ գրգռուածութեան զգացում,
  • Կեդրոնացումի դժուարութիւն,
  • Յուսահատ, անարժէք կամ մեղաւոր ըլլալու զգացում,
  • Մահուան կամ ինքնասպանութեան յաճախակի մտքեր ունենալ[3]:
Աշնանային եւ ձմեռնային «ԵՅԽ»
Խմբագրել

Ձմեռնային «ԵՅԽ»-ին բնորոշ ախտանիշները կրնան ներառել`

  • Չափազանց քնոտութիւն,
  • Ախորժակի փոփոխութիւններ, յատկապէս` ածխաջուրերով (carbohydrates) հարուստ սննդեղէններու հանդէպ մեծ փափաք,
  • Գիրութիւն,
  • Յոգնածութիւն:
Գարնան եւ ամրան «ԵՅԽ»
Խմբագրել
  • Ախտանիշները կրնան ներառել`
  • Քունի խանգարում (անքնութիւն),
  • Վատ ախորժակ,
  • Ծանրութեան կորուստ,
  • Գրգռուածութիւն կամ անհանգստութիւն:

Պատճառները

Խմբագրել

Եղանակային յուզման խանգարման ճշգրիտ պատճառը կը մնայ անյայտ: Սակայն կարելի է նշել որոշ գործօններ, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ: Անոնցմէ են.

  • Կենսաբանական ժամացոյցը (Biological clock).– Աշնան եւ ձմրան արեւի լոյսի նուազման մակարդակը կրնայ յառաջացնել ձմեռնային «ԵՅԽ»: Արեւի լոյսի այս նուազումը կրնայ խաթարել մարմինին ներքին ժամացոյցը, եւ այդ մէկը կրնայ յանգիլ ընկճուածութեան:
  • Սերոթոնինի մակարդակը.– Անկումը սերոթոնինի, որ ուղեղի քիմիական նիւթ մըն է, եւ կ'ազդէ տրամադրութեան վրայ, կրնայ մեծ դեր խաղալ «ԵՅԽ»-ի հիւանդութեան մէջ: Արեւի լոյսին նուազումը կրնայ յառաջացնել սերոթոնինի անկում, եւ այդ մէկը կրնայ յառաջացնել ընկճուածութիւն[4]:
  • Մելաթոնինի մակարդակը.– Եղանակի փոփոխութիւնը կրնայ խաթարել մարմինի մելաթոնինի մակարդակի հաւասարակշռութիւնը, որ մեծ դեր կը խաղայ քունի ժամանակներու եւ տրամադրութեան վրայ: (Մելաթոնինը ի պատասխան մթութեան` ուղեղին կողմէ արտադրուող հորմոն մըն է: Անիկա կ'օգնէ կենսաբանական ժամանակացոյցը կարգաւորելու (24 ժամուան ներքին ժամացոյցը) եւ քնանալու: Գիշերը լոյսի ենթարկուիլը կրնայ արգելափակել մելաթոնինի արտադրութիւնը)[5]:
Վտանգի գործօններ (Risk factors)
Խմբագրել

Եղանակային յուզման խանգարումը կիներու մօտ աւելի յաճախ կ'ախտորոշուի, քան` տղամարդոց: Եւ «ԵՅԽ»-ը աւելի յաճախ տեղի կ'ունենայ երիտասարդներու մօտ, քան` տարեցներու:

Խանգարման վտանգի գործօններէն են`

  • Ընտանիքի պատմութիւն,
  • Ծանր ընկճուածութիւն (major depression) կամ երկբեւեռ խանգարում,
  • Հասարակած գիծէն (equator) հեռու ապրիլը:

Կը թուի, թէ «ԵՅԽ»-ը աւելի տարածուած է այն մարդոց մօտ, որոնք կ'ապրին հասարակածէն շատ հիւսիս կամ հարաւ: Այդ մէկը կապուած է հոն ձմրան արեւի լոյսի նուազ ժամերուն եւ ամառնային ամիսներուն աւելի երկար օրերուն:

Բարդութիւններ
Խմբագրել

Խանգարման բարդութիւններէն են.

  • Ընկերային շրջանակներէ հեռացում,
  • Դպրոցական կամ աշխատանքային հարցեր,
  • Թմրանիւթերու կամ վնասակար նիւթերու չարաշահում,
  • Հոգեկան առողջութեան այլ խանգարումներ, ինչպիսիք են` անհանգստութիւնը կամ ուտելու խանգարումները,
  • Ինքնասպանութեան միտքեր կամ վարքագիծ:
Ախտորոշում
Խմբագրել

Նոյնիսկ մանրակրկիտ գնահատմամբ, երբեմն կրնայ դժուար ըլլալ բժիշկին կամ հոգեկան առողջութեան մասնագէտին համար ախտորոշել Եղանակային յուզման խանգարումը, որովհետեւ ընկճուածութեան այլ տեսակներ կամ հոգեկան առողջութեան այլ պայմաններ կրնան յառաջացնել նմանատիպ ախտանիշներ:

«ԵՅԽ»-ի ախտորոշման օգնելու համար կրնան կատարուիլ հետեւեալ քննութիւնները.

  • Ֆիզիքական քննութիւն,
  • Տարրալուծարանային քննութիւններ,
  • Հոգեբանական արժեւորում:

Բուժում

Խմբագրել

Եղանակային յուզման խանգարումներու բուժումը կրնայ ներառել լուսային, հոգեկան եւ դեղորայքային բուժում: Եթէ երկբեւեռ խանգարում (Bipolar Disorder) ունի անհատը (հոգեկան խանգարման տեսակ մը), պէտք է դիմէ հոգեկան առողջութեան մասնագէտին. այս մէկը կարեւոր է գիտնալ լուսային բուժման կամ հակաընկճուածութեան դեղեր նշանակելու ատեն:

Լուսային բուժում
Խմբագրել

Լուսային բուժման ատեն, որ կը կոչուի նաեւ ֆոթոթերափի, անձը կը նստի յատուկ լուսամփոփէ մը քանի մը ոտնաչափ հեռաւորութեան վրայ, որպէսզի ամէն օր արթննալէ ետք առաջին ժամուան ընթացքին ենթարկուի պայծառ լոյսի: Լոյսի բուժումը կ'ընդօրինակէ բնական բացօթեայ լոյսը (արեւը) եւ կը յառաջացնէ ուղեղի քիմիական նիւթերու փոփոխութիւն` տրամադրութեան հետ կապուած:

Լուսային բուժումը աշնանային «ԵՅԽ»-ի առաջին գիծի բուժումներէն մէկն է: Այս մէկը սովորաբար կը սկսի գործել քանի մը օրէն մինչեւ քանի մը շաբաթ ետք եւ շատ քիչ կողմնակի բարդութիւններ կը յառաջացնէ: Լոյսի բուժման վերաբերեալ հետազօտութիւնները սահմանափակ են, բայց կը թուի, որ արդիւնաւէտ ձեւ մըն է ախտանիշներէն ազատելու մարդոց մեծամասնութեան համար:

Նախքան լուսամփոփ գնելը` հարկ է խօսիլ բժիշկին հետ ու ծանօթանալ տարբեր հնարաւորութիւններու եւ տարբերակներու մասին, որպէսզի հիւանդը գնէ բարձրորակ արտադրանք, որ անվտանգ է եւ արդիւնաւէտ: Հարկ է հարցնել նաեւ, թէ ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ պէտք է օգտագործել լուսամփոփը:

Հոգեբուժում
Խմբագրել

Հոգեբուժումը, որ նաեւ կը կոչուի խօսակցական բուժում, «ԵՅԽ»-ի բուժման մէկ այլ տարբերակն է: Հոգեկան բուժման տեսակ մը, որ յայտնի է իբրեւ «ճանաչողական վարքային բուժում», կրնայ օգնել.

  • Սորվելու «ԵՅԽ»-ի դէմ պայքարելու առողջ ուղիներ, յատկապէս` «խուսափելու» վարքագիծէն ձերբազատելու եւ իմաստալից գործողութիւններ ծրագրելու համար,
  • Բացայայտելու եւ փոխելու բացասական միտքերը, որոնք կրնան անհատը աւելի վատ զգացնել,
  • Իմանալու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կառավարել ճնշումը (սթրեսը),
  • Ստեղծելու առողջ վարքագիծ, ինչպիսիք են` ֆիզիքական գործունէութեան յաւելումը եւ քունի կարգի բարելաւումը:

Դեղորայքային բուժում

Խմբագրել

«ԵՅԽ»-ով որոշ մարդիկ կ'օգտուին հակաընկճումային բուժումէն, յատկապէս երբ ախտանիշները ծանր են:

Հակաընկճուածութեան Bupropion դեղի երկարաժամկէտ տեսակը (extended release) (Wellbutrin XL, Aplenzin) կրնայ օգնել կանխելու ընկճուածութիւնը «ԵՅԽ» ունեցող մարդոց մօտ: Այլ հակաընկճումային դեղեր նոյնպէս կարելի է գործածել «ԵՅԽ»-ի բուժման համար:

Բժիշկը կրնայ խորհուրդ տալ սկսելու հակաընկճուածութեան բուժումը նախքան ախտանիշները սկսիլը: Ան կրնայ նաեւ խորհուրդ տալ, որ հիւանդը շարունակէ սպառել դեղը, երբ իր ախտանիշները անհետանան:

Դեղերու լիարժէք օգուտները ստանալը ժամանակի կը կարօտի (թերեւս` քանի մը շաբաթ):

Կենսակերպ եւ տնային միջոցներ
Խմբագրել

Կարելի է դիմել նաեւ հետեւեալ քայլերուն.

  • Միջավայրը աւելի արեւոտ ու լուսաւոր դարձնել,
  • Աւելի յաճախ դուրս գալ տունէն,
  • Մարզանքը առօրեային մէկ բաժինը դարձնել,
  • Քունի ժամերը դասաւորել,
  • Կառչած մնալ բուժման ծրագիրին,
  • Վայելել ընկերային միջավայրը,
  • Պտոյտ մը կատարել:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել