Եղիա Տնտեսեան

հայ տպագրիչ

Եղիա Տնտեսեան (29 Մարտ (10 Ապրիլ) 1834, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 23 Ապրիլ (5 Մայիս) 1881, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ տպագրիչ։

Եղիա Տնտեսեան
Ծնած է 29 Մարտ (10 Ապրիլ) 1834
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 23 Ապրիլ (5 Մայիս) 1881 (47 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն երգահան

Ծնած է Պոլիս, Օրթագիւղ թաղին մէջ։ Զաւակն էր դպիր եւ Թարգմանչաց վարժարանի տնտես Մկրտիչի, ուրկէ մնացած է մականունը։ Նախնական ուսումը ստացած է նոյն թաղի ազգային վարժարանին մէջ, ուր այդ թուականին կը դասախօսէր Գրիգոր վարժապետ (յետոյ Օրթագիւղի Տէր Պօղոս), որմէ կը սորվի նաեւ հայկական երաժշտութեան սկզբունքները։

1848–ին, հազիւ 14 ամեայ պատանի մը, աւարտելով դպրոցական շրջանը, մտած է Օրթագիւղի «Արապեան» տպարանը, իբր աշկերտ, ուր 4 տարի անընդհատ նուիրուած է հմտանալու տպագրական արուեստի նախնական գաղտնիքներուն։

Սակայն, աւելի հրապուրիչ գտնելով ուսուցչութեան ասպարէզը, 1852–ին ձգած է տպարանը ու պաշտօնավարած՝ ազգային վարժարանէն ներս։

1861–ին հրատարակած է իր առաջին երկը՝ «Ծաղկաքաղ Կաթողիկեայց թուղթերու մեկնութեանց»։

Ազգային Սահմանադրութիւնը բովանդակ ազգին մէջ երկու հոսանքներ յառաջ բերած է, խաւարեալներ ու լուսաւորեալներ։ Այս վերջին հոսանքնին պատկանող երիտասարդ ուժեր կազմած էին Անձնուէր ընկերութիւնը, նպատակ ընտրելով իրենց ուսումն ու կրթութիւնը տարածել, ուսուցիչներ ղրկել գաւառները, լուսաւորել անոնց մութ անկիւնները եւ այդ միջոցաւ տանիլ յաղթանակը ընդդէմ խաւարեալ հոսանքին։ Սոյն ընկերութիւնը բացի վերոգրեալ յայտնի նպատակէն ունէր նաեւ գաղտնի հեռաւոր նպատակներ, այնպէս որ իրաւամբ այսօր կարելի ենք համարել զայն իբր Հայոց առաջին դաւադրական ու յեղափոխական ընկերութիւնը։ Այս ընկերութեան գործունեայ անդամներն էին Ալիքսան Խօրասանճեան (ատենապետ), Գէորգ Զարդարեան, Եղիա Տնտեսեան, Յ. Գօլանճեան եւ այլն։

Եղիա Տնտեսեան, ընկերութեան ազնիւ նպատակներով խանդավառուած, յանձնառու կ'ըլլայ իբր ուսուցիչ Հաճըն մեկնելու ընկերութեան կողմէ Յուլիս 1862-ին։

Ռուս-թրքական պատերազմէն ետք խստացած էր գրաքննութիւնը, որ սկսած է ծուռ աչքով նայիլ գլխաւորաբար մեր ազգային երգերուն եւ անոնց հաւաքածոներուն։ Անոնց հրատարակիչներէն Յ. Գաւաֆեան եւ Ե. Տնտեսեան հետապնդումի ենթարկուած են։ Առաջինը փախած է Աթէնք, իսկ Եղիա ձերբակալուելով եղեռնագործէ մը աւելի ծանր ամբաստանութեան տակ կը բանտարկուի 1881-ի սկիզբները։ Իր անյոյս զնտանին մահասփիւռ ու նողկալի մթնոլորտին մէջ հազիւ երեք ամիս կրցած է դիմանալ եւ նոյն տարուան 23 Ապրիլին կնքած է իր մահկանացուն։

Աղբիւր

Խմբագրել
  • Յիշատակարան, Վ.Գ. Զարդարեան, Բ. հատոր, Կ. Պոլիս 1911, էջ 343:

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել