Եսի Մարդը, Լեւոն Շանթի թատերախաղերէն, գրուած՝ 1901-ին: Այս ստեղծագործութեամբ հեղինակը հիմնականօրէն կը ներկայացնէ հայրենասիրութեան եւ եսասիրութեան բախումը։

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

1901-1904 տարիներուն Թիֆլիսի մէջ Լեւոն Շանթի գրած առաջին երեք թատերախաղերը` «Եսի մարդը», «Ուրիշի Համար» եւ «Ճամբուն Վրայ», իբրեւ մէկ ամբողջութիւն եւ աշխարհը ընկալելու հայեացք ու իմացութիւն` կը հանդիսանան այն ենթահողը, որուն վրայ Լեւոն Շանթ քառասուն տարեկան հասակին պիտի սկսէր բարձրացնել իր ուրոյն եւ բազմահանգոյց կոթողական արուեստը` «Հին Աստուածներ» գլուխ-գործոցով:[1]

«Եսի Մարդը» թատերգութիւնը կը պատկերացնէ ազգասիրութեամբ եւ եսասիրութեամբ հակադրուած երկու դէմքեր, «Ուրիշի Համար» (1903) սիրոյ եւ ընտանեկան կեանքի շուրջ հիւսուած տրամա, «Ճամբուն Վրայ» (1904) կնոջական եւ հայրենիքի սէրը իրարու հակադրող տրամա, ուր հայրենիքի սէրը կը յաղթէ:

Շանթի թատերական այս առաջին գործերուն հիմնական նիւթերն են «Ես»ի սէրը կամ «Ես»ը ուրիշներուն համար զոհելու վսեմ անձնուիրութիւնը:

Երկին Պատմութիւնը

Խմբագրել

«Եսի Մարդը» տրամային մէջ Սեդրակը, կիսատ կը ձգէ իր ուսումը Եւրոպայի մէջ եւ կը վերադառնայ Կ.Պոլիս՝ դաւաճան Մուշեղին պատժելու նպատակով, սակայն կը տատամսի համաձայնութիւն տալ գաղտնի կազմակերպութեան՝ Սեդրակին գնդակահարելու որոշման մասին։ Երիտասարդ հասակին Մուշեղը, որ Սեդրակի հարեւանն էր, կը տարուի ժողովուրդին ծառայելու գաղափարով։ Սեդրակը կ'ոգեւորուի Մուշեղի հայրենասիրական գործերէն եւ կը սիրահարուի՝ անոր քրոջ աղջկան։ Ժամանակի ընթացքին, Մուշեղը ոստիկանութեան շարքերուն մէջ ծառայութեան կ'անցնի եւ իր սեփական շահերուն համար կը մատնէ իր ընկերներուն: Մուշեղը Սեդրակին կը յանձնէ իր գրած վտանգաւոր բովանդակութեամբ նամակները եւ խորհուրդ կու տայ, որ զգոյշ ըլլայ։ Մուշեղի այս արարքը կ'ազդէ Սեդրակին վրայ, որ կ'որոշէ Մուշեղին համոզել սխալ ուղիէն վերադառնալ[1]։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Արդի Հայ Գրականութիւն, գեղապաշտ շրջան (1900-1915), Մուշեղ Իշխան, Պէյրութ 1984:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել