Երամեան Վարժարան
Երամեան Վարժարան, Վանի մասնաւոր դպրոցը կը կոչուէր Երամեան, հիմնուած է 1878ին: Վանայ առաջին միջնակարգն է: Հիմնադիր-տնօրէնն է Համբարձում Երամեան, ինքնօգնութեամբ զարգացած կոյր ուսուցիչ մը: Վարժարանի 25ամեայ յոբելեանի առթիւ Վանեցիք դպրոցին կը նուիրեն շէնք մը, իսկ Խրիմեան Հայրիկ եւ Օրմանեան Սրբազան անոր կը պարքեւեն ուսուցչապէտի տիտղոսը:
1913ին դպրոցը կ՛ունենայ 166 աշակերտ, 19 ուսուցիչ: Պուտճէն՝ մօտ 125.000 ղրուշ: Կը դասաւանդուին հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, հայոց պատմութիւն, քաղաքական տնտեսութիւն, օրէնսգիտութիւն եւ բորցական դասեր: Բարձրագոյն կարգերուն կը դրուին նաեւ բանախօսութիւններ: Շրջանաւարտները կրնան իրենց ուսումը շարունակել եւրոպական համալսարաններուն մէջ։ 36ամեայ գոյութեան շրջանին կու տայ 3000 ընդացաւարտ, կը բակուի 1915ին:
Երամեան կը վերապրի Եգիպտոսի մէջ. Կը դառնայ տեսուչը Փորթ Սաիտի, ապա Ացեքսանդրիոյ հայկական դպրոցի, մինչեւ իր մահը 1929: Գրած է «Յուշարձան Վան-Վասպուարականի» երկհատոր պատմագրական գործը:
Երամեան Վարժարանի ուսուցիչներէն Վանեցի գրող Լեռ Կամսարը (Արամ Թովմասեան) սապէս կ՚ արտայայտուի իր պաշտօնակցին մասին. «Վանում ամենառաջին միջնակարգ դպրոցի տնօրէնը երկու աչքով կոյր մի մարդ էր՝ Համբարձում Երամեան անունով: Զարմանալի է, չէ՞, որ մի կոյր մարդ լոյս է տալիս ամբողջ քաղաքին ան ժամանակ, երբ լոյս աչք ունեցող մարդիկ մութ են տարածում իրենց շուրջը»:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Դպրողը Անցեալէն Դէպի Այսօր Archived 2021-05-04 at the Wayback Machine.