Երեխաներու Պաշտպանութեան Օրը Ափրիկէի Մէջ

«Երեխաներու պաշտպանութեան օրը Ափրիկէի մէջ» (անգլերէն՝ Day of the African Child), միջազգային օր, որ կոչուած է բոլոր երկիրներու քաղաքական գործիչներու եւ համաշխարհային հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել այն խնդիրներուն, որոնց կ՚առնչուին ափրիկեան երկիրներու երեխաները: Այն կը տօնեն ամէն տարի, 16 Յունիսին:

Երեխաներու Պաշտպանութեան Օրը Ափրիկէի Մէջ

Տեսակ Միջազգային օր
Ամսաթիւ 16 Յունիս
սկսած 1991[1]
Հաստատուած 1991[2]
Ի յիշատակ երեխա? եւ African people?[1]
Կայք acerwc.africa/en/…(անգլերէն)

Առաջին անգամ տօնը նշուած է 1991-ին: Իրականացման նախաձեռնութիւնը Ափրիկէի միասնութեան կազմակերպութեանն էր։ Ամսաթուի ընտրութիւնը պատահական չէր. այն իւրօրինակ յարգանքի տուրք է 1976-ի նահատակներուն: 16 Յունիս 1976-ին ՀԱՀ-ի մէջ, Սոուետոյի մէջ (Եոհաննեսպուրկի հարաւ-արեւմտեան ծայրամաս) շուրջ 10 հազար սեւամորթ դպրոցականներ եւ ուսանողներ անցած են աւելի քան կէս մղոն երկարութեամբ շարասիւնով, բողոքելով կրթութեան ցած որակի դէմ եւ պահանջելով կրթութիւն ստանալ մայրենի լեզուով: Արդիւնքով, իշխանութիւնը առաջնորդուելով Apartheid-ով հարիւրաւոր երիտասարդներու գնդակահարած են: Յաջորդ երկու շաբաթներու ընթացքումին խռովութեան արդիւնքով մահացած են աւելի քան 100 անձ, իսկ հազարը ստացած են վնասուածքներ կամ վիրաւորուած են[3]:  Կրթութեան մէջ ափրիկեան լեզուի ներդրման դէմ բողոքող ուսանողներու գնդակահարումէն ետք, ապստամբութիւն սկսաւ Apartheid-ի ամբողջ համակարգի եւ սպիտակամորթներու գէրիշխանութեան դէմ, որ ընդգրկել ած էր քաղաքի եւ ՀԱՀ միւս շրջաններու եւ քաղաքներու բնակչութեան բոլոր շերտերը: Օգոստոս - Նոյեմբեր 1976-ի ամիսներու համընդհանուր քաղաքական գործադուլ սկսաւ: Միայն պաշտօնական տուեալներու համաձայն 16 Յունիս 1976-էն եւ 28 Փետրուար 1977-ը ապստամբութեան ընթացքին քաղաքական գնդակահարութիւններու արդիւնքումվ մահացելած է 575 անձ, ձերբակալուած են շուրջ 6 հազար անձ: Ապստամբութիւնը դարձած է ազատագրական պայքարի նոր փուլ, որ կը ղեկավարուէր Ափրիկեան ազգային կոնգրէսի կողմիցէ: 9 Մայիս 1994-ին ՀԱՀ-ի նախագահ դարձաւ Նելսոն Մանտելան, Apartheid-ի վարճակարգը անկում ապրեցաւ:

Սակայն այսքանով «մանկական» խնդիրները չլուծուեցան, եւ երեխաներու իրաւունքները Ափրիկէի մէջ կը շարունակեն մնալ բարդ: Եթէ բարեկեցիկ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ երեխաներու իրաւունքները հեռուստատեսութեան եւ համակարգչային խաղերիու չարաշահման բացասական հետեւանքն են, Ափրիկէի մէջ երեխաներուն կը սպառնայ քաղցը, ՄԻԱՎ-ը, անգրագիտութիւնը, նոյնիսկ մահը ռազմական բախումներու ժամանակ: Երեխաներու մահացիութեան մակարդակը Ափրիկէի համեմատաբար զարգացած երկիրներուն մէջ, գրեթէ երկու անգամ բարձր են, քան զարգացող երկիրներուն մէջ[4]: Այս օրը Ափրիկէի մէջ գործող բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնները եւ ֆոնտերը կը կազմակերպեն բազմազան շարժումներ, որոնք ուղղուած են ափրիկեան երեխաներու կեանքի բարելաւման: Տեղի կ՚ունենան ուսուցողական դասախօսութիւններ եւ ֆիլմերիու ցուցադրութիւններ, կը կազմակերպուին համերգներ եւ ներկայացումներ:

«Ափրիկէի երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրը» ոչ աշխատանքային է, եթէ չի համընկնիր հանգստեան օրերուն հետ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 https://www.savethechildren.ca/16-things-you-should-know-about-the-international-day-of-the-african-child/
  2. https://www.acerwc.africa/en/page/about-day-african-child
  3. «HREA | The global human rights education and training centre»։ www.hrea.org։ արտագրուած է՝ 2019-10-10 
  4. «Международный Комитет Красного Креста»։ Международный Комитет Красного Креста (ռուսերեն)։ 2015-04-01։ արտագրուած է՝ 2019-10-10 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել