Երիտասարդութիւնը Եւ Գինեմոլութիւնը
Երիտասարդներն ու նոյնիսկ պատանիները յուզող գլխաւոր խնդիրներէն մէկը գինեմոլութիւնն է: Անոնք իրենց մտահոգութիւններուն եւ հարցերուն, այսպէս կոչուած, լուծումը կը տեսնեն ալքոլի գործածութեան մէջ՝ անջատուելով իրականութիւններէն եւ իրադարձութիւններէն: Ուրիշներ կը հաւատան, որ ուրախ ժամանակ կարելի չէ անցընել առանց խմիչքի չափազանցուած գործածութեան: Ուրիշներ ալ համոզուած են, որ ոգելից ըմպելիներով աճման նոր հանգրուան անցած են, ուստի՝ «մեծցած են»:
Այս բոլորին պատասխանատուն բնականաբար երիտասարդները չեն, այլ՝ ընկերութիւնը, որ իր միջավայրի նորահաս սերունդին չի փոխանցեր ճիշդ եւ օգտակար դաստիարակութիւն, որուն իրագործման մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին ծնողքն ու դպրոցը:
Առաջին քայլը օրինակելի դառնալն է: Երբ երիտասարդը տեսնէ, որ իր ծնոշքն ու պատասխանատուն մնայուն կերպով խմիչքով տարուած են, ինք եւս կը հետեւի միեւնոյն ուղիին, ինչ որ «բնական» ընթացքն է: Այլ դիտանկիւնէ, ծնողքը պէտք է մօտէն հետեւի իր զաւակներուն աշխատանքներուն, ծանօթանայ ընկերներուն եւ հետեւի արտաքին ծրագիրներուն:
Երիտասարդը պէտք է զգայ, որ ինք առանձին չէ, որ ինք կը վայելէ շրջապատին վստահութիւնը, ունի ազատութիւններ եւ արժանի է սիրոյ եւ յարգանքի: Երիտասարդը պէտք է գիտնայ, որ դժուարութիւնները չեն յաղթահարուիր խմիչքով եւ երբեմն ալ դժբախտաբար թմտեցուցիչով, որովհետեւ այս բոլորը ժամանակաւոր են ու առաւել եւս կը բարդացնեն կացութիւնը: Վերջապէս, երիտասարդը լաւապէս պէտք է գիտնայ, որ ոգելից ըմպելիները պատանիներու եւ երիտասարդներու աճման կրնան վնասել եւ ունին առողջապահական հետեւանքներ:
Այս յոռի երեւոյթներուն «Ո՝չ»-ը ծնողները պէտք չէ ըսեն, անոնք պէտք է մղեն, որ առողջ մթնոլորտի եւ դաստիարակիչ պայմաններու մէջ երիտասարդը ինք ընկալէ կացութիւնը ու ինք ըսէ «Ո՝չ» եւ «Պիտի Դադրիմ Խմելէ»: Մեծերուն «Ո՝չ»-ը միշտ ալ ընդունելի չէ եւ արդէն շարժառիթ է հակադրութեան ու բախումներու: Իսկ արգելք հանդիսանալը պարզապէս ժամանակաւոր կասեցում է, եւ կամ ալ ախտի անմիջական շրջանակէ հեռացումն է:
Յաւաքական ճիգերով կարելի է դէմ յանդիման կանգնիլ գինեմոլութեան եւ ստեղծել յարաբերաբար առողջ ու մաքուր միջավայր: Տակաւին ուշ չէ:
Աղբիւրներ
Խմբագրել(ԶԳՈՅՇ),Առողջապահական-նախազգուշական պարբերաթերթ,Բ տարի,թիւ 2 (6),2016 էջ 4-5