Երշիկ, տարբեր կենդանիներու աղացած միսի եւ տարբեր համեմներու խառնուրդով պատրաստուած ուտեստ, որ ընդհանպապէս կը թաղանթապատուի աղիքով։ Կան երշիկներու բազմաթիւ տեսակներ՝ թաղանթապատ եւ անթաղանթ, հում ուտելու պիտանի կամ եփուող երշիկներ։

Երշիկեղէն

Պատմութիւն

Խմբագրել

Երշիկի ծագումը կապուած է մսագործութեան զարգացման հետ։ Ժամանակի ընթացքին մսագործները, իրենց աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու եւ կենդանիի մարմնին տարբեր մասերը չվատնելու նպատակով, աղով եւ այլ համեմներով կը մշակէին կենդանիին աղիքները եւ զանոնք կը լեցնէին զօրաւոր համեմուած մսային խառնուրդով։ Ապա, պատրաստուած սնունդը կը չորցուէր։

Իր մէջի աղի ու համեմներու առատութեան պատճառով երշիկը երկար պահուող ուտեստ է։

Բաղադրութիւն

Խմբագրել

Երշիկներու հումքը խոզի, կովու, հորթի եւ կամ հաւազգիներու (հաւ, սագ, բադ, հնդկահաւ) աղացած միսն է։ Միջուկը պատրաստելու համար կ՛օգտագործուի մէկ կամ մէկէ աւելի կենդանիներու աղացած թարմ միսի խառնուրդը, որուն վրայ կ՛աւելցուին համեմներ, շաքար, ալիւրի տեսակներ, կաթ, ինչպէս նաեւ այլ բնական ու քիմիական յաւելանիւթեր (չոր կամ խոնաւ կաթնասպիտակուց, նատրիումի կազեինատ, սպիտակուցային հարստացուցիչներ, արեան փլազմա եւ կենդանական կամ բուսական ծագման այլ սպիտակուցներ)։

Տնական պայմաններու մէջ պատրաստուած աւանդական երշիկները չունին քիմիական յաւելումները։ Տնական երշիկներու հիմնական բաղադրութիւնն է աղացած կամ ծեծած միս, ալիւրի տեսակներ, համեմներ, կանաչեղէն, եւ ջուր։

Երշիկի համար օգտագործելի միսը պէտք է մաքրուի ոսկորներէ, ճարպերէ, ջիլերէ եւ արիւնոտ երակներէ։

Երշիկի տեսակներ

Խմբագրել

Երշիկի աւանդական տեսակները կը պատրաստուին կենդանիին լաւ մաքրուած աղիքներով։ Սակայն, ներկայիս կան երշիկի տեսակներ, որոնք կը պատուին քոլաժէնէ պատրաստուած բնաթաղանթներով եւ նոյնիսկ՝ բարակ կերպընկալէ պատրաստուած թաղանթներով։

Երշիկի տեսակներ են հում ապխտած երշիկը, եփած-ապխտած երշիկը, կիսաապխտած երշիկը։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել