Զառայի Պաշարում

Զառայի պաշարում (10 նոյեմբեր24 նոյեմբեր 1202), Չորրորդ Խաչակրաց Արշաւանքի եւ առհասարակ խաչակրաց արշաւանքներու պատմութեան առաջին ռազմական բախումը՝ կաթոլիկական քաղաքին հետ։ Զառայի (այժմ՝ Զադար) պաշարումը տեղի ունեցած է քաղաքի գլխաւոր առեւտրական մրցակից՝ Վենետիկի հանրապետութեան նախաձեռնութեամբ։ Հաշուի չառնելով Հռոմի Պապ Ինոկենտիոս III-ի սպառնալիքները (վերջինս կը սպառնար մասնակիցներուն արտաքսել եկեղեցիէն), խաչակիրները եւ վենետիկցիները թալանեցին եւ աւերեցին առեւտրական հարուստ Զառա քաղաքը։

Զառայի Պաշարում
Չորրորդ Խաչակրաց Արշաւանք
Զադարի (Զառայի) պաշարումը
Թուական 10 նոյեմբեր 1202[1]նոյեմբերի 24[2]
Վայր Զադար, Դալմաթիա
Արդիւնք Խաչակիրներու յաղթանակ
Հակառակորդներ
Խաչակիրներ
Վենետիկի Հանրապետութիւն
Հունգարիայի Թագաւորութիւն
Խորվաթիայի Թագաւորութիւն
Հրամանատարներ
Էնրիկո Դանդոլո անյայտ
Կողմերու ուժեր
10,000 խաչակիր
10,000 վենետիկցի
անյայտ
Կորուստներ
անյայտ անյայտ

Պատմութիւն

Խմբագրել

Պապ ընտրուելէ ետք, Ինոկենտիոս Գ.1198-ին քանի մը հրովարտակ կը հրապարակէ խաչակրաց արշաւանք կազմակերպելու կոչով։ Ի տարբերութիւն նախորդ ձախողած՝ երկրորդ եւ երրորդ արշաւանքներու սպասող արշաւանքը կը նախատեսուէր ափանել Նեղոսը, գրաւել տարածքը եւ շարժիլ դէպի Պաղեստին։ Պապի կոչը չընդունուեցաւ սկզբնական շրջանին եւրոպական ազնուականութեան շրջանին, սակայն երկու տարի ետք 35,000 զինուոր հաւաքուեցաւ։

1201-ին Վենետիկի հանրապետութեան դոժ Էնրիկո Դանդոլոն խաչակիրներու դեսպաններուն հետ համաձայնութիւն կնքեց, ըստ որուն հանրապետութիւնը կը միանայ արշաւանքին եւ կը պարտաւորուի արեւելք տեղափոխել խաչակիրներուն 85,000 արծաթէ դրամներու դիմաց[3]։ 1202-ին, նաւերը պատրաստ էին, սակայն խաչակիրներէն միայն 12 հազարը Վենետիկ հասած էր, քանզի մնացածները նախընտրած էին այլ ճամբայ կամ յետաձգած էին իրենց մասնակցութիւնը։ Ըստ պայմանաւորուածութեան գումարը պէտք էր որ ամբողջութեամբ վճարուէր, իսկ Վենետիկի մէջ գտնուած բանակը կրցած էր հաւաքել միայն 51 հազար արծաթ, աւելին՝ ոմանք նաեւ կրցած էին մեծ պարտքեր կուտակել։ Դոժը առաջարկեց յետաձգել պարտքի մարումը մինչեւ խաչակրաց արշաւանքի առաջին արդիւնքները, Վենետիկի գլխաւոր առեւտրային մրցակից Դալմաթիա գտնուող Զառա քաղաքի գրաւման պայմանով։ Խաչակիրները կ'ընդունին այս պայմանը։ Զառա քաղաքը կիսանկախ էր եւ Հունգարիոյ թագաւորութեան կազմին տակ կը գտնուէր։ Զառայի գրաւման գլխաւոր հակասութիւնը Հունգարիոյ արքայ Իմրէի խաչակիր ըլլալու փաստն էր, այն պարագային, երբ խաչակիրներու հիմնական մասը կը պատրաստուէր իր տիրոյթներուն վրան յարձակիլ։

Հաշուի չառնելով Հռոմի Պապի քրիստոնէական քաղաքները գրոհելու արգելանքը, ինչպէս նաեւ շարք մը նշանաւոր ասպետներու բողոքը, խաչակիրներու մեծ մասը 1202-ին որոշեց խաչակրաց արշաւանքներու պատմութեան ամէնաստոր քայլերէն մէկը կատարել։

Պաշարում եւ հետեւանքներ

Խմբագրել
 
Զադար քաղաքի ժամանակակից տեսքը

Բանակ կը տեղափոխէին 72 մարտական եւ 140 բեռնատար նաւեր։ Ըստ Ժոֆրուա դը Վիլլարդուէնի, նաւերը նաեւ պաշարողական մեքենաներ կը տեղափոխէին։ Բանակը 20,000 մարտիկներէն կազմուած էր, որոնց կէսը խաչակիրներ էին, իսկ մնացածը վենետիկցի նաւաստիներ։ 10 Նոյեմբեր-ին նաւատորմը Զառա մօտեցաւ։ Նաւահանգիստը ջուրով պաշտպանուած էր երկաթեայ շղթաներով, սակայն խաչակիրները յաջողեցան շղթաները անցնիլ եւ պարիսպներուն մօտ ափանել։ Վիլլարդէնը պաշարուած քաղաքը, որպէս հիասքանչ ծաղկող քաղաք կը նկարագրէր, որ ունէր բարձր պարիսպներ։

Ժամանակագիրը նաեւ կը հաղորդէ, որ սկզբէն մօտ մէկ շաբաթ պաշարուածներուն հետ բանակցութիւններ կը վարէին, սակայն բանակցութիւնները յաջողութեամբ չէին պսակուեր, իսկ բուն պաշարումը հինգ օր տեւեց, 24 նոյեմբեր-ին, քաղաքը գրաւուեցաւ եւ թալանուեցաւ։ Քաղաքի պաշտպանական ամրութիւնները աւերուեցան եւ քանի որ առջեւը ձմեռ էր, խաչակիրները ձմռան քաղաքը մնացին, սակայն ձմեռը միեւնոյնն է, խաղաղ չէր քանզի խաչակիրներու եւ վենետիկցիներու միջեւ պարբերաբար բախումներ տեղի կ'ունենային։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Michaud Joseph François (1882)։ The History of the Crusades։ A. C. Armstrong and Son։ էջ 63։ արտագրուած է՝ նոյեմբերի 9, 2013 
  2. Setton Kenneth M., Wolff Robert Lee, Hazard Harry W. (դեկտեմբերի 15, 1969)։ The Later Crusades, 1189–1311։ University of Wisconsin Press։ էջ 174։ ISBN 9780299048440։ արտագրուած է՝ նոյեմբերի 10, 2013 
  3. Fourth Crusade. Historynet.com

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Diehl, Charles: La Repubblica di Venezia, Newton & Compton editori, Roma, 2004. ISBN 88-541-0022-6
  • Romanin, Samuele: Storia documentata di Venezia, Pietro Naratovich tipografo editore, Venezia, 1853.