Զարդիս մատենաշար

Զարդիս մատենաշար․ Մանկապատանեկան մատենաշար։ Կը հովանաւորուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէն։ Իր յատուկ էջը ունի Զնտուկին մէջ։[1][2]

Հակիրճ տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Զարդիս մատենաշարը ստեղծուած է ներշնցուած Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած Նորարարութեան Աշխատանոցէն՝ Յուլիս 9-17, 2016, Քուլարէշ, Փորթուկալ։[3][4]

Մանկապատանեկան գրականութեան մաս կազմող այս մատենաշարը, ընթերցողներուն կը հրամցնէ ժամանակակից եւ հետաքրքրաշարժ գիրքեր, որոնք ընդհանրապէս զանազան լեզուներէ թարգմանութիւններ են։[5] Զարդիսի գիրքերը, յաճախ փիլիսոփայական բնոյթ ունենալով, կ՛արթնցնեն մեծ տարիքի պատանիներու եւ չափահասներու հետաքրքրութիւնը։ Կը գործածուի նաեւ դպրոցական ծրագիրներու մէջ։[6]

Նպատակը

Խմբագրել

Զարդիս մատենաշարին առաջնահերթ նպատակն է ընթերցելու հաճոյքը զարգացնել։ Զնտուկի «իր էջին մէջ» առաջարկուած տարիքային բաժանումները ընդհանուր գաղափար մը կու տան եւ ընթերցանութեան ընտրութիւնները կախեալ են ընթերցողին տարիքէն, ինչպէս նաեւ անոր լեզուային պատրաստութենէն եւ նախասիրութենէն։[7]

Զարդիս մատենաշարի ցուցակ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել