Էնտի Մատատեան առաջին իրանցի արուեստագէտը, որ կ՛արժանանայ իր աստղը ունենալու Հոլիվուտի «Փառքի Ճեմուղի»ին վրայ այդ պատիւին:

Էնտի Մատատեան
Քաղաքացիութիւն Ամերիկացի
Աշխատավայր ժողովրդային երգիչ

Էնտի Մատատեան ծնած է Իրանի մայրաքաղաքէն մօտաւորապէս 7000 մղոն հեռաւորութեան վրայ, շրջանի մը մէջ, ուր մեծ թիւով հայեր կ՛ապրէին։ Ան 22 տարեկանին տեղափոխուած է Լոս Անճելըս եւ եկամուտ ապահովելու համար սկսած է կիթառ նուագել գիշերային ակումբի մը մէջ։ Իսկ հիմա, 63 տարեկանին, ան միջազգայնօրէն ճանաչուած ժողովրդային երգիչ է, որ պատրաստ է «նոր սկիզբի» մը:

Հոլիվուտի «Փառքի Ճեմուղի» Խմբագրել

Հոլիվուտի առեւտրական գրասենեակը որոշած է յայտնի հայ երգիչ Էնտի Մատատեանի աստղը եւս զետեղել Հոլիվուտի աշխարահռչակ «Համբաւի Ճեմուղի»ին վրայ։ Հոլիվուտի առեւտրական գրասենեակը ամէն տարի հարիւրաւորներու մէջէն կ՛ընտրէ իւրաքանչիւր տարուան մեծարեալները։

  Ան նկատել կու տայ, թէ շատերուն համար արտասովոր կրնայ թուիլ, որ 14 ալպոմներ արտադրելէ ետք կարելի է խօսիլ նոր սկիզբի մը մասին, «բայց ինծի համար այդպէս չէ, որովհետեւ շատ մը ամերիկացիներ տակաւին նոր սկսած են ծանօթանալու երաժշտութեանս: Յոյս ունիմ, որ հոլիվուտեան այս աստղը նոր դռներ կը բանայ»։
- Էնտի Մատատեան
 


Աղբիւրներ Խմբագրել

Իրանցին, Որ Աստղ Կը Ստանայ Հոլիվուտի «Փառքի Ճեմուղի»ին Վրայ». «Կարտիըն»ի Անդրադարձը Հայ Երգիչին[permanent dead link]

Էնտիի Աստղը՝ Հոլիվուտի «Համբաւի Ճեմուղի»ին Վրայ[permanent dead link]