Ընդհանուր Զգայազրկում
Ընդհանուր զգայազրկումը (general anesthesia) ժամանակաւոր անգիտակցութեան վիճակ մըն է եւ մարմնական շատ մը պաշտպանողական հակադարձութիւններու ու անդրադարձումներու (reflex) կորուստն է[1]: Այս բոլորը տեղի կ'ունենան զգայազրկիչ (anesthetic) դեղերու գործածութեամբ: Ընդհանուր զգայազրկումը կ'իրականանայ տեսակաւոր զգայազրկիչ դեղերու միացեալ գործածութեամբ: Ան կը կիրարկուի մասնագէտ բժիշկի մը կողմէ, որ կը կոչուի զգայազրկող բժիշկ (anesthetist)[2]:
Ազդեցութիւններ
ԽմբագրելԱյս զգայազրկիչ դեղերը կը յառաջացնեն զանազան աստիճանի հետեւեալ բնախօսական (physiologic) վիճակները՝
- Քնոտութիւն (hypnosis).
- Յիշողութեան կորուստ (amnesia).
- Ցաւի զգացումի անհետացում (analgesia).
- Մկաններու թուլութիւն (relaxation).
- Մարմնական հակադարձութիւններու կորուստ:
Յաւելեալ
ԽմբագրելԿիրարկման Ձեւեր
ԽմբագրելԶգայազրկիչ դեղերը կը կիրարկուին զանազան ուղիներով-ձեւերով՝ ներերակային, ներմկանային, ներշնչումի (inhalation) եւ նախաղիի-ներդրումի (suppository) միջոցներով: Ներերակային եւ շնչարական ճամբով ներարկուած զգայազրկիչ դեղերը կը գործեն շատ արագ: Անոնք արեան շրջագայութեան մէջ մտնելով կը հասնին ուղեղ եւ ջղային դրութեան այլ կեդրոնները 10-20 երկվայրկեանի մէջ ու կը մատնեն հիւանդը անգիտակից վիճակի[3]:
Յատկութիւն
ԽմբագրելԶգայազրկիչ դեղերը ունին մէկ հիմնական յատկութիւն. անոնց կասեցումով հիւանդը կը վերադառնայ իր բնական եւ ամբողջական բնախօսական վիճակին: Անոնք ոչ մէկ հետք պէտք չէ ձգեն եւ կամ ոչ մէկ կողմնակի բարդութիւններ պէտք չէ ստեղծեն հիւանդին մօտ[4]:
Յաճախ զգայազրկիչ դեղերուն հետ հիւանդին կը ներարկուին նաեւ, ըստ պահանջքի, հակամանրէական, հակագերզգայնութեան եւ հակազարկերակային ճնշումի դեղեր, ինչպէս նաեւ «քորթիզոն» (Cortison):
Կիրարկում
ԽմբագրելԸնդհանուր զգայազրկումը կը կիրարկուի շատ մը վիրաբուժական գործողութիւններու ընթացքին: Առանց անոր հաւանաբար վիրաբուժներ պիտի չկարենային կատարել բարդ եւ խրդին գործողութիւններ:
Զգայազրկումէ առաջ հիւանդը իր ամբողջ ազատութեամբ եւ որոշումով պէտք է արտօնէ զգայազրկող բժիշկին եւ վիրաբուժին իր վրայ զգայազրկումի կիրարկումը:
Զգայազրկումէ նուազագոյնը 12 ժամ առաջ հիւանդը պէտք է դադրի ուտելէ, այսինքն՝ ան պէտք է մնայ անօթի, որպէսզի իր ստամոքսը պարապ մնայ եւ փսխելու կարելիութիւնը նուազի:
Համաձայնութիւն/Ծրագրում
ԽմբագրելՈրեւէ մէկ վիրաբուժական գործողութենէ առաջ եւ ընդհանուր զգայազրկումը սկսելէ առաջ, զգայազրկող բժիշկը կը կատարէ շարք մը աշխատանքներ.-
- Կը սերտէ հիւանդին թղթածրարը եւ կը քննէ հիւանդը, գիտնալու համար անոր սիրտին, ակռաներուն, բերանի, քիթի եւ շնչարական համակարգի իրավիճակները ինչպէս նաեւ անոր ալքոլի գործածութեան տարողութիւնը: Այս բոլորէն ետք ան կ'որոշէ՝
- Զգայազրկումի գործընթացքը,
- Գործածուելիք զգայազրկիչ դեղերու տեսակը եւ քանակաչափը,
- Դեղերու միացեալ-խառն գործածութիւնը,
- Զգայազրկումի տեւողութիւնը,
- Ներփողարկումի (intubation) գործածուելիք կերպնկալ (plastic) խողովակին չափը:
- Կը տեղեկանայ հիւանդին գործածած բոլոր դեղերուն, մանաւանդ՝ այն դեղերուն, որոնք կրնան փոխազդեցոթիւն (interact) ունենալ տրուելիք զգայազրկումի դեղերուն հետ:
Գործընթացք
ԽմբագրելԶգայազրկող բժիշկը ընդհանուր զգայազրկումը կը սկսի կիրարկելով հետեւեալ գործընթացքը՝
- Հիւանդին կը ներարկէ նախազգայազրկումի դեղեր (premedication), որոնք կ'ամբողջացնեն զգայազրկիչ դեղերու բնախօսական ազդեցութիւններն ու պարտականութիւնները.
- Հիւանդին արմուկին եւ կամ ձեռքին կը տեղադրէ ներերակային բնախօսական հեղուկը (infusion), որուն ընդմէջէն կը ներարկէ զգայազրկումի դեղերը.
- Կը կատարէ բերանային կամ քթային ներփողարկում՝ ներմուղելով (insert) կերպնկալ խողովակ մը դէպի շնչափող.
- Կը միացնէ կերպնկալ խողովակը արհեստական շնչառական կազմածին, որուն միջոցաւ հիւանդին կը ներմուծէ թթուածին եւ ազոտի թթուուկի (nitrous oxide) խարնուրդը.
- Լրջօրէն եւ շարունակաբար կը հետեւի հիւանդին շնչառութեան, անոր տրուած թթուածինի քանակին, զարկերակային ճնշումին եւ սրտի զարկի արագութեան ու կանոնաւորութեան:
Հանգրուաններ
ԽմբագրելԸնդհանուր զգայազրկումը կ'իրականանայ չորս հանգրուաններով՝
Առաջին հանգրուան
ԽմբագրելԱռաջին հանգրուան, որ կը կոչուի՝ ընդհանուր զգայազրկումի սկզբնաւորութիւն (induction stage): Այս հանգրուանը կը սկսի զգայազրկումի դեղերու ներարկումով: Անիկա անգիտակցութեան սկզբնաւորութիւնն է: Հիւանդը կամաց-կամաց կը կորսնցնէ իր գիտակցութիւնը եւ յիշողութիւնը ու կը դառնայ ցաւազուրկ.
Երկրորդ հանգրուան
ԽմբագրելԵրկրորդ հանգրուան, որ կը կոչուի գրգռութեան հանգրուան (excitement stage): Հիւանդը կը զառանցէ եւ կը դառնայ ամբողջովին անգիտակից ու անհանդարտ-գրգռուած: Ան կ'ունենայ մկանային ակամայ շարժումներ, փսխունք, աչքի բիբերու առաւել բացուածք եւ անկանոն սրտի զարկ ու անկանոն շնչառութիւն: Այս հանգրուանի վերջաւորութեան աւելի մեծ քանակութեամբ զգայազրկումի դեղեր կը ներարկուին սանձելու համար հիւանդին մկանային ակամայ շարժումները եւ պռկումները: Հոս կը սկսի երրորդ հանգրուանը.
Երրորդ հանգրուան
ԽմբագրելԵրրորդ հանգրուան, որ կը կոչուի վիրաբուժումի-վիրահատումի հանգրուան: Այս հանգրուանին մարմինի բոլոր մկանները կը թուլնան եւ անդամալոյծ վիճակ մը կ'ունենան: Հիւանդին շնչառութիւնը կը կանոնաւորուի եւ աչքի շարժումները կը դանդաղին: Հոս է, որ վիրաբուժը կը սկսի վիրահատումի: Այս հանգրուանը ունի իր 4 ենթահանգրուանները՝
- Առաջին ենթահանգրուան, ուր աչքերը նախ երերուն (rolling) վիճակ մը կ'ունենան եւ ապա կ'անշարժանան (fixed).
- Երկրորդ ենթահանգրուան, ուր եղջերիկը (cornea) եւ խռչափողը կը կորսնցնեն իրենց զգայնոտութիւնը (sensitivity) եւ հակադարձութիւնը (reflex).
- Երրորդ ենթահանգրուան, ուր աչքերու բիբերը ալ աւելի կը բացուին եւ աչքերու լոյսի զգայնոտութիւնն ու հակադարձութիւնը կը կորսուին.
- Չորրորդ ենթահանգրուան, ուր հիւանդին կրծքավանդակի մկանները ամբողջովին կանդամալուծուին, շնչառութիւնը կը դանդաղի եւ տեղի կ'ունենայ միայն փորի շնչառութիւն:
Չորրորդ հանգրուան
ԽմբագրելՉորրորդ հանգրուան, որ կը կոչուի յաւելեալ դեղաքանակի հանգրուան (overdose stage): Հոս հիւանդին կը ներարկուի մեծ քանակութեամբ զգայազրկիչ դեղեր, որոնք կը յառաջացնեն ուղեղի, ուղեղաբունի (brain stem) եւ ողնուղեղի (medulla) ընկճուածութիւն (depression): Այս բոլորին հետեւանքով հիւանդը կ'ենթարկուի հետեւեալ բնախօսական փոփոխութիւններուն՝ շնչառութեան յաւելեալ դանդաղում եւ սրտանօթային համակարգի դանդաղում: Այս հանգրուանը կրնայ դառնալ վտանգաւոր եթէ զգայազրկող բժիշկը չկիրարկէ շնչառական եւ սրտանօթային օգնութիւն:
Հսկում
ԽմբագրելԶգայազրկող բժիշկը զգայազրկումի ամբողջ տեւողութեան կը հսկէ եւ կը հետեւի (monitoring) հիւանդին առողջական վիճակին, այլ խօսքով կը հետեւի եւ կը հսկէ հիւանդին՝
- Սիրտի գործելակերպին, սրտի զարկին եւ սրտագրութեան (EKG).
- Սրտանօթային իրադառձութիւններուն.
- Ներմուծուած թթուածինի քանակաչափին.
- Զարկերակային ճնշումին.
- Ներարկուած դեղերու քանակին եւ ներարկումի արագութեան.
- Արտաշնչուած ածխածնի երկօքսիտի (CO2) քանակաչափին.
- Ջերմութեան:
Վերակենդանացում
ԽմբագրելՎիրահատութեան վերջաւորութեան հիւանդը պէտք է զգայազրկումէ դուրս գայ, այսինքն՝ վերատիրանայ իր գիտակցութեան եւ քնացած վիճակէն վերադառնայ արթնութեան: Այս գործընթացը կը կոչուի վերակենդանացում (recovery):
Վերակենդանացումը կ'ըլլայ հետեւեալ գործընթացով՝
- Զգայազրկող բժիշկը կամաց-կամաց կը նուազենցնէ ներարկուած զգայազրկիչ դեղերու քանակը.
- Հիւանդին կը ներարկուի որոշ դեղեր, որպէսզի մարմինի մկանները վերագտնեն իրենց բնական վիճակը եւ գործեն բնականօրէն, այսինքն՝ պրկուին, կծկուին եւ շարժին ազատօրէն.
- Հիւանդին կը ներարկուին ցաւաբեկ դեղեր, որպէսզի առանց ցաւի արթննայ.
- Դուրս կը բերուի հիւանդին ներփողարկումի կերպնկալ խողովակը.
- Զգայազրկող բժիշկը հիւանդին բերանի, կոկորդի եւ քիթի խլնահեղուկները (mucous secretions) կ'արտահանէ ծծիչ մեքենայով (suction machine):
Այս բոլորէն ետք հիւանդը կը սկսի ինքնաբերաբար շնչել, կը վերագտնէ իր գիտակցութիւնը եւ կ'արթննայ: Սակայն հոս հիւանդը կրնայ ունենալ շնչառական դժուարութիւն, հետեւաբար զգայազրկող բժիշկը շուտով հիւանդին քիթէն եւ բերնէն թթուածին կը ներարակէ:
Վերակենդանացման ընթացքին հիւանդը կրնայ ունենալ մարմնական որոշ իրադարձութիւններ, ինչպէս՝ ժամանակաւոր զառանցում, մտային շփոթութիւն, անհասկնալի եւ տկար խօսակցութիւն, թող, փսխունք, նողկանք, կոկորդի ցաւ, սիրտի զարկի խանգարում եւ շնչահեղձութիւն:
Վերակենդանացումի ժամկէտը կ'որոշուի վիրաբուժին եւ զգայազրկող բժիշկին փոխադարձ համաձայնութեամբ եւ խորհրդածութեամբ:
Բարդութիւններ
ԽմբագրելԸնդհանուր զգայազրկումի ընթացքին կրնան պատահիլ որոշ բարդութիւններ: Անոնց յաճախականութիւնը 1/10000-1/100000 է:
Այս բարդութիւններուն կարեւորագոյններն են՝
- Սրտի կաթուած (myocardial infarction) եւ ուղեղային կաթուած (stroke).
- Թոքերու բորբոքում եւ ջերմութեան բարձրացում.
- Ենթաջերմութիւն (hypothermia).
- Գլխապտոյտ եւ գլխացաւ.
- Ձայնի խռպոտութիւն եւ շնչահեղձութիւն, որոնք հետեւանքն են դժուար ներփողարկումի: Այս դժուարութիւնը կը պատահի այն հիւանդներուն մօտ, որոնք ունին՝
- Պզտիկ բերան,
- Կարճ վիզ,
- Վատառողջ ակռաներ,
- Բերնի վէրքեր,
- Կզակի յետադարձութիւն (ret-rognethia)
Զգայազրկումի բարդութիւնները աւելի շատ կը պատահին՝
- Ալքոլամոլներու.
- Սիկարէթ ծխողներու.
- Տարեցներու.
- Սիրտի հիւանդութիւններ ունեցողնրու.
- Երիկամի աշխատանքի վատթարացում ունեցողներու.
- Զգայազրկիչ դեղերու գերզգայնութիւն ունեցողներու.
- Գէրերու.
- Քունի շնչադադար ունեցողներու:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Li X., Pearce R.A. (2000)։ «Effects of halothane on GABA(A) receptor kinetics: evidence for slowed agonist unbinding»։ J.Neurosci. 20 (3): 899–907։ PMID 10648694
- ↑ Harrison N., Simmonds M. (1985)։ «Quantitative studies on some antagonists of N-methyl D-aspartate in slices of rat cerebral cortex»։ Br J Pharmacol 84 (2): 381–391։ PMC 1987274։ PMID 2858237։ doi:10.1111/j.1476-5381.1985.tb12922.x
- ↑ Bergendahl H, Lönnqvist PA, Eksborg S (Feb 2006)։ «Clonidine in paediatric anaesthesia: review of the literature and comparison with benzodiazepines for anesthetic premedication»։ Acta Anaesthesiol Scand 50 (2): 135–43։ PMID 16430532։ doi:10.1111/j.1399-6576.2006.00940.x։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 9 January 2020-ին։ արտագրուած է՝ 8 September 2010
- ↑ Dahmani S, Brasher C, Stany I, Golmard J, Skhiri A, Bruneau B, Nivoche Y, Constant I, Murat I (Jan 2010)։ «Premedication with clonidine is superior to benzodiazepines. A meta analysis of published studies»։ Acta Anaesthesiol Scand 54 (4): 397–402։ PMID 20085541։ doi:10.1111/j.1399-6576.2009.02207.x