Ընկերային Փիլիսոփայութիւն
Ընկերային փիլիսոփայութիւնը պատմութեան մէջ գոյութիւն ունեցած շատ հինէն:
Մշակոյթի պատմութեան մէջ հասարակութեան մասին առաջին գիտելիքները ձեւաւորուած են հին աշխարհին մէջ, մինչդեռ հասարակութեան մասին գիտութիւնները ձեւաւորուած են շատ աւելի ուշ: Մինչեւ օրս կան որոշ մտածողներ, որոնք կասկածի տակ կը դնեն հասարակութեան մասին գիտութեան գոյութեան հարցը եւ իրենց տեսակէտը կը հիմնաւօրէն, ըսելով թէ՝ հասարակութիւնը կազմուած է ազատ կամքով եւ ստեղծագործական գործունէութեամբ օժտուած անհատներէ, որոնց գործունէութիւնը օրինաչափութեան չ'ենթարկուիր: Այդ իսկ պատճառով ալ հասարակութեան մէջ չկան եւ չեն ալ կրնար ըլլալ առարկայական օրէնքներ եւ օրինաչափութիւններ եւ նման պարագաներու մէջ խօսիլ հասարակական գիտութեան գոյութեան մասին անիմաստ է[1]:
Գույութիւն ունի նաեւ հակառակ տեսակէտը (օրինակ՝ մարքսիսթներու), որուն համաձայն` հասարակութեան օրէնքները գոյութիւն ունին մարդոց կամքէն ու գիտակցութենէն անկախ, եւ հասարակական զարգացման օրէնքներն ու օրինաչափութիւնները նոյնքան առարկայական են եւ անհարժեշտ, որքան բնութեան օրէնքները: Ըստ այդմ ալ նոյնքան առարկայական են հասարակութեան մասին գիտութիւնները, որքանով որ առարկայական են բնութեան մասին գոյութիւն ունեցող գիտութիւնները[2]:
Մինչեւ 19-րդ դարու կէսերը, փիլիսոփայութեան մէջ գերակշռողը եղած է հասարակութեան գաղափարապաշտական մեկնաբանութիւնը: Հասարակութեան զարգացման օրէնքներն ու օրինաչափութիւնները գաղափարապաշտօրէն կը բացատրէին ոչ միայն գաղափարապաշտները, այլեւ նիւթապաշտները: Եւ ինչպէս յաճախ կ'ըսէին նիւթապաշտները՝ անոնք էին ներքեւը, այսինքն բնութեան երեւոյթները բացատրելու համար, իսկ գաղափարապաշտները վերն են, այսինքն հասարակական երեւոյթներու բացատրման բնագաւառին մէջ:
Ենթակայական իտէալիզմ
ԽմբագրելԵնթակայական իտէալիզմը հասարակութեան զարգացման հիմքն ու շարժիչ ուժը կը տեսնէ տիեզերական, գերբնական ուժերու եւ աստուածներու մէջ։ Ըստ այդ մտածողներուն՝ հասարակութեան զարգացումը պայմանաւորուած է կա՛մ գերբնական ուժերով, կա՛մ աստուածային կամքով եւ նախախնամութեամբ եւ կամ գիտակցութեամբ եւ կամքով օժտուած առանձին անհատներու գործունէութեամբ։ Փաստօրէն, հասարակութեան իտէալիստական ըմբռնումը գերգնահատած է առանձին անհատներու, հանճարներու տեղն ու դերը ընկերային գործընթացներու մէջ՝ զանոնք համարելով պատմութիւն կերտողներ եւ անոնց անուններով ալ կոչուած են նոյնիսկ դարաշրջաններ, օրինակ՝ Յուլիոս Կեսարի, Նաբոլէոնի, Ստալինի եւ այլոց։ Եւ այդ յանգեցուցած է անձի պաշտամունքի, օրինակ՝ Խորհրդային տարիներուն՝ Լենինի եւ Ստալինի պաշտամունքին։ Միաժամանակ անտեսուած եւ թերագնահատուած է ժողովրդական զանգուածներու դերը պատմութեան մէջ։
Յետադարձ զանգուածի տեսութիւն
ԽմբագրելՀասարակութեան մասին գոյութիւն ունեցող տեսութիւններէն մէկն ալ յետադարձ զանգուածի տեսութիւնն է։ Ըստ այդ տեսութեան՝ մեծագոյն անհատներու որեւէ վեհ գաղափար կամ նպատակ անմիջապէս կը խեղաթիւրուի եւ իր հակադրութեան կը վերածուի, երբ իրեն կը կպչի մութ եւ խաւար զանգուածի ձեռքը։ Հասարակութեան Ենթակայական-իտէալիստական մեկնաբանութիւններուն մէջ կ'առանձնանայ թեքնոկրատական իտէալիզմը, որ հասարակութեան զարգացման շարժիչ ուժը կը համարէ գիտատեխնիկական միտքը, գիտութեան եւ տեխնիկայի հանճարները։ Այս ուսմունքի կողմնակիցները համոզուած են, որ գիտատեխնիկական յեղափոխութեան դարաշրջանին գիտական յայտնագործութիւնները աստիճանաբար աւելի ու աւելի առանցքային եւ կեդրոնական տեղ կը գրաւեն հասարակութեան զարգացման մէջ եւ անոր զուգընթաց գիտատեխնիկական առաջընթացի կառավարիչներն ու տնօրէնները կը ղեկավարեն հասարակութիւնը։
Նիւթական ուսմունք
ԽմբագրելՀասարակութեան մասին նիւթական մօտեցումը մշակվել է Քարլ Մարքսի կողմէ։ Ըստ Մարքսի՝ հասարակութեան զարգացման հիմքերը ո՛չ թէ միտքերն ու գաղափարները կամ գերբնական ուժերն ու աստուածային նախախնամութիւնը կը կազմեն, այլ՝ նիւթական բարիքներու արտադրութեան եղանակը։ Հակադրուելով հասարակութեան մասին իտէալիստական մօտեցումներուն՝ Մարքսը գտաւ, որ ո՛չ թէ հասարակական գիտակցութիւնը կ'որոշէ հասարակական կեցութիւնը, այլ հասարակական կեցութիւնը կ' որոշէ հասարակական գիտակցութիւնը։ Հասարակութեան մասին նիւթական անուսմունքի մշակման շնորհիւ (պատմութեան նիւթական ըմբռնում ) մաթերիալիզմը դարձաւ աւելի հետեւողական։ Հասարակութեան զարգացման պատմութիւնը Մարքսը ներկայացուցած է որպէս հասարակական-տնտեսական ձեւաւորումներ՝ ծագման, զարգացման եւ հերթափոխման պատմութիւն, որու հիմքը կը կազմէ նիւթական բարիքներու արտադրութեան եղանակը։ Եւ ինչպէս Մարքսը կ'ըսէր, հասարակական-տնտեսական ձեւաւորումները իրարմէ կը տարբերին ո՛չ թէ անով թէ ինչ կ'արտադրեն, այլ անով, թէ ինչպէս կ'արտադրեն։
Հասարակական-տնտեսական ձեւաւորում
ԽմբագրելՀասարակական-տնտեսական ձեւաւորումը հասարակութեան որոշակի տիպ է, ընկերային ամբողջական համակարգ է իր զարգացման եւ գործառման յստակ օրէնքներով եւ օրինաչափութիւններով։ Հասարակական-տնտեսական ձեւաւորումի հասկացութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ ժողովուրդներու պատմական զարգացման մէջ ընդհանուրի հետ միասին տարբերակել պատմական մէկ ժամանակաշրջանը միւսէն։ Իւրաքանչիւր հասարակական-տնտեսական ձեւաւորում կը ներկայացնէ մարդկային հասարակութեան զարգացման որոշակի աստիճան, սոցիալ-տնտեսական յարաբերութիւններու որակապէս իւրայատուկ համակարգ մը։ Մարքսը հասարակական բոլոր յարաբերութիւնները բաժնած է երկու մասի՝ նիւթական եւ գաղափարական։ Ըստ իրեն՝ նիւթական յարաբերութիւններու հիմքին վրայ կը ձեւաւորուի իւրաքանչիւր հասարակարգի հիմքը, իսկ գաղափարական յարաբերութիւններուն վրայ կը ձեւաւորուի վերնաշէնքը։ Հիմքը եւ վերնաշէնքը կը կազմեն ամէն մէկ հասարակական-տնտեսական կառուցուածքի հիմնական բաղադրիչները։ Հիմքն արտադրական յարաբերութիւններու ամբողջութիւնն է, որ կը կազմէ տուեալ հասարակութեան տնտեսական կառուցուածքը, իսկ վերնաշէնքը տուեալ տնտեսական հիմքին վրայ ծագող հասարակական գաղափարներու, հաստատութիւններու եւ յարաբերութիւննեու ամբողջութիւնն է։
Գործօններու տեսութիւն
ԽմբագրելՀասարակութեան մասին գոյութիւն ունեցող տեսութիւններէն մէկն ալ գործօններու տեսութիւնն է։ Անիկա հասարակութիւնը կը դիտարկէ որպէս սոցիալական ամբողջական համակարգ եւ կը հաստատէ, որ այդ համակարգի բոլոր կողմերը փոխկապակցուած են մէկը միւսին հետ եւ բոլոր կողմերն ալ հաւասարապէս անհրաժեշտ են ու կարեւոր։ Բայց այդ կողմերը չեն զարգանար համաչափ եւ ներդաշնակ ձեւով։ Այդ կողմերէն իւրաքանչիւրն ունի իր զարգացման ներքին օրէնքներն ու օրինաչափութիւնները, ինչպէս նաեւ յարաբերական ինքնուրոյնութիւնը։ Ըստ այդ տեսութեան՝ ընկերային փիլիսոփայութեան հիմնական խնդիրն է՝
1. բացայայտել գործօններէն իւրաքանչիւրի տեղն ու դերը
2. ինչպիսի փոխազդեցութեան մէջ են մէկը միւսի հետ
3. փոխազդեցութեան արդիւնքնով ինչպիսի փոփոխութիւններ եւ առանձնայատկութիւններ ի յայտ կու գան, ո՞ր գործօնը կը յառաջանցնէ կամ ետ կը մնայ, ո՞րը ինչպիսի ազդեցութիւն կ'ունենայ[3]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ http://www.merriam-webster.com/dictionary/social%20philosophy
- ↑ http://onlinelibrary.wiley.com/journal/10.1111/(ISSN)1467-9833/homepage/ProductInformation.html
- ↑ (հայերեն) Սոցիալական փիլիսոփայություն, 2024-03-19, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%8D%D5%B8%D6%81%D5%AB%D5%A1%D5%AC%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6_%D6%83%D5%AB%D5%AC%D5%AB%D5%BD%D5%B8%D6%83%D5%A1%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6, վերցված է 2024-11-05