Ընկերվարութիւն
Ընկերվարութիւն - կառավարման համակարգ եւ երկրի մը վարչակարգ։
Գաղափարախօսութիւն
ԽմբագրելԸնկերվարութեան գաղափարախօսութիւնը առաջացաւ իբրեւ հակազդեցութիւն՝ ծայրայեղութիւններու հասած ազգային-հայրենասիրական գաղափարախօսութեան եւ դրամատիրութեան (capitalism) բերած հարստահարութեան ու աշխատաւորներու կեղեքման։ Անիկա կ՚առաջադրէ վերցնել դասակարգերը եւ դասակարգերուն տիրապետութիւնը, որ կեղեքումներու եւ հարստահարումներու պատճառն էր։ Անկէ կ՚առաջանային ազգերու մրցումը իրարու դէմ, ազգայնամոլութիւնը եւ պատերազմները։ Ընկերվարութիւնը կը մերժէ որոշ կալուածներու մէջ մասնաւոր սեփականութիւնը՝ քանի որ դասակարգային բաժանումները անկէ կու գան։
Մարքս-Էնկէլսեան Ընկերվարութիւնը
ԽմբագրելԸնկերվարութիւնը իր առաջին յստակ արձագանգը գտաւ 1848-ին հրապարակուած «Մանիֆէսթօ»-ին մէջ, որուն հեղինակներն էին Քարլ Մարքս եւ Ֆրետրիխ Էնկէլս։ Հոն կը գործածուի «Փրոլեթարներ բոլոր երկիրներու միացէք» եւ «բանուորները հայրենիք չունին» նշանաբան-գաղափարները։ Փրոլեթարները (աշխատաւորները) պիտի միանային նախ տապալելու շահագործող դասակարգը իրենց երկրին մէջ։ Ապա՝ սահմանները պիտի ջնջուէին, պիտի կատարուէր համաշխարհային յեղափոխութիւն եւ փրոլեթարները ամբողջ աշխարհին մէջ պիտի հաստատէին իրենց տիրապետութիւնը։
Պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ «Մանիֆեսթօ»ին գաղափարներէն շատերը անգործադրելի էին։ Ընկերվարութեան Լենին-ստալինեան մեկնաբանութեան վրայ հիմնուած Խորհրդային Միութեան փլուզումն ալ եկայ փաստելու, որ ոչ միայն անգործադրելի էր առաջագրուած տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական համակարգը, այլ նաեւ անժխտելի է ազգի ու հայրենիքի գաղափարը։
Ընկերվարութիւնը եւ Հայկական Հարցը
ԽմբագրելԸնկերվարութեան սկզբունքներէն կարելի կ՚ըլլայ հասկնալ ընկերվարականներու կեցուածքը «դէպի հեռաւոր, ասիական ճնշուած ու փոքր ազգութիւն մը դէպի հայութիւնը»։ Ֆրանսայի ընկերվարական ղեկավարներէն Ժան Ժէօրէս, 1896-ին Ֆրանսայի Խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունենալով, քննադատած է Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ թրքամէտ քաղաքականութիւնը։ Ան մինչեւ իսկ Ֆրանսան ու Անգլիան հայերու ջարդերուն մէջ (1894-1896 ջարդերու մասին կը խօսի) թուրքերու մեղսակից համարած է։ Ժէօրէսի ճառը յիշատակուած է Անգլիոյ պաշտօնագիրքին՝ «Կապոյտ Գիրք»ին մէջ։ Հոն նշուած է, թէ այս ճառը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ Ֆրանսական քաղաքականութեան վրայ։ Ֆրանսական աւելի նպաստաւոր կեցուածք որդեգրեց հայերու նկատմամբ։ Եւրոպական այլ պետութիւններու կողքին, Ֆրանսան ալ դիմեց սուլթանին հայերու վիճակը բարելաւելու համար բարենրոգումներ կատարելու պահանջով։