Թադէոս Քհնյ. Մխթարեան

Տ. Թադէոս Քհնյ. Մխիթարեան (1890-1966), աւազանի անունով՝ Գէորգ, որդի Յովհաննէսի, ծնած է Ատի Աման, 1890-ին։

Թադէոս Քհնյ. Մխթարեան
Ծնած է 1890
Մահացած է 1966
Մասնագիտութիւն քահանայ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Իր ծնունդէն քանի մը ամիս ետք, ծնողքը տեղափոխուած է Ուրֆա: Փոքրիկն Գէորգ իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Ուրֆայի ծխական վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, նետուած է ազատ ասպարէզ եւ դարձած՝ կօշկակար։ Երբ կը պայթի Համաշխարհային Ա. Պատերազմը, Մեծ Եղեռնին ան կը կորսնցնէ հարազատները եւ աղջկայ հագուստով կ'ազատի մահէ։ Իր ընտանիքին միակ վերապրողը եղած է եւ գաղթական դժոխային բոլոր տեսարաններուն ականատես դառնալով հասած է Հալէպ։

Հալէպի հայ գաղթականաց պատասխանատուներու տնօրինութեամբ անտէր ու որբ Գէորգը հաստատուած է Հալէպի որբանոցը եւ դարձած՝ մեր ժողովուրդի մանկութիւն չունեցող դժբախտներէն մին։

Ան հաշտուելով իր սեւ ճակատագրին հետ նետուած է կեանքին ու ժամանակի ընթացքին դարձած է վարպետ կօշկակար։ Իսկ հետագային, իր նիւթական վիճակը քիչ մը բարելաւելէ ետք, ձերբազատուած է որբանոցէն ու կերտած՝ իր կեանքը։

Իր կեանքի ընկերը կ՝ըլլայ Յովհաննէս եւ Աննա Գազանճեաններու դուստրը՝ Զարուհին, որուն հետ պսակուած է Հալէպի մէջ, 1920-ին եւ ունեցած երեք զաւակներ՝ Արաքսի, Անահիտ եւ Մարի։

Իր եկեղեցասիրութիւնը ծառայութեամբ արտայայտելու համար, ան մտադրած է քահանայ դառնալ։ Բերիոյ Թեմի առաջնորդին ու Կրօնական Ժողովի բարեհաճ հաւանութիւնը պաշտօնապէս առնելէ ետք, պատրաստուած է քահանայական կոչման։

Գէորգ քահանայ ձեռնադրուած է ձեռամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանի, 3 Դեկտեմբեր 1933-ին, հալէպի նորակառոյց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, վերակոչուելով տէր Թադէոս։

Քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանը լրանալէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգ. Իշխանութեան տնօրինումով Տէր Թադէոս նշանակուած է հոգեւոր Հովիւ Եագուպիէ եւ սկսած է իր նոր հօտին մէջ քահանայագործել։ Ան հովուած է նաեւ Ղընէմիէի, Արամոյի, Ենքզիքի եւ Ճեսր-Շղուրի հայ ընտանիքները։

Ան դերձակութիւն ընելով օրուան հացը ապահոված է իր ընտանիքին։ Տէր Հայրը նիւթական այս դժուար պայմաններուն մէջ կրցած է տոկալ աւելի քան հինգ տարիներ։ Այդ օրերուն, տէր Հօր նիւթական վիճակը բարելաւելու նպատակով Կրօնական ժողովն ու Ազգ Իշխանութիւնը ոչ մէկ կարգադրութիւն ըրած են եւ խեղճ Տէր Հայրը ձգուած է իր բախտին։ Տէր Հօր կողմէն Առաջնորդին ու Կրօնական Ժողովին ղրկուած բոլոր նամակները գրեթէ մնացած են անպատասխան։

Տարիներ ետք, իր չափահաս զաւակներուն հանդէպ հայրական իր պարտաւորութինը զինք ստիպած է, որ ընտանիքը Հալէպ տեղափոխէ։ Հետեւաբար, 1949-ին, Եագուպիէի իր հօտէն ակամայ բաժնուելով հաստատուած է Հալէպ։ Այս անգամ ինգզինքը գտած է նոր դժուարութիւններու առջեւ։ Առժամաբար քահանայագործած է Ս.Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջ։ Այդ շրջանին Աեպիլի (Սրիան պարագայի) Ս. Յակոբ եկեղեցին մնայուն քահանայ չէ ունեցած։ Յետ բազում տառապանքներու, ի վերջոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղականութեան եւ շրջանի աւելի քան 130 ընտանիքներու փափաքին ընդառաջելով, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Զարեհ եպս. Փայասլեան 1952-ին Տէր Թադէոսը մնայուն հոգեւոր հովիւ նշանակած է Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ։ Թաղականութեան ու տիկնանցի ջանքերով ան դարձած է այդ շրջանի 130 ընտանիքներու ծխատէրը եւ զանոնք հովուած՝ մինչեւ 1962 թուական։

Եկեղեցւոյ օգտակար դառնալու նպատակով, մահէն տարի մը առաջ ինք անձամբ պատրաստած է Տեառնընդառաջի մոմերը, իրեն օգնական ունենալով տիկնանցի նուիրեալ անդամներէն՝ Տիկ. Էլիզ Տէրիկէօզեանը եւ հասոյթը յատկացուած է եկեղեցւոյ։

Տէր Թադէոս 1962 Ապրիլին, կրօնական առաքելութեան ընթացքին ունեցած է ինքնաշարժի արկած, որուն հետեւանքով դադրած է քահանայագործելէ աւէլի քան երեք տարի։

Հակառակ Բերիոյ Թեմի քահանայից դասուն համար արկածի դէմ ապահովագրութեան սնտուկի ու հանգստեան թոշակի դրութեան հաստատուած չըլլալուն, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի թելադրութեամբ եւ Ազգ. Իշխանութեան տնօրինութեամբ՝ ամսաթոշակ վճարուած է Տէր Հօր, արկածէն շրջան մը վերջ: Այս վերաբերումը Ազգ. Իշխանութեան՝ իսկապէս գնահատելի երեւոյթ է, «Թէեւ ուշ, բայց անուշ»:

Ան յաւիտենապէս իր աչքերը փակած է աշխարհին 6 Յունուար 1966-ին։ Իր թաղման կարգը ու վերջին օծումը տեղի ունեղած են 8 Յունուար 1966-ին, Ս. Քառասնից Եկեղեցւոյ մէջ, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի ձեռամբ։

Մարմինը ամփոփուած է Հայոց Ազգ. Գերեզմանատան մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 405։