Թահիթի[1], հրաբխային կղզի Խաղաղական ովկիանոսին[2], Ֆրանսական կղզիախումբին մէջ եւ ամէնէն մեծը: Ֆրանսական տիրոյթ է։ Տարածութիւնը 1042 Քմ² է, բնակչութիւնը՝ 95, 6 հազար (1977-ի տուեալներով):

Թահիթի շրջան

Վարչական կեդրոնը եւ գլխաւոր նաւահանգիստը՝ Պապեեթէն է։

Բնակչութեան մեծամասնութիւնը թահիթցիներ են։ Կը բնակին նաեւ չինացիներ եւ ֆրանսացիներ։

Պաշտօնական լեզուն ֆրանսերէնն է, կրօնը՝ քրիստոնէութիւնը։ Կղզին բաղկացած է լեռնային երկու զանգուածներէ (բարձրութիւնը՝ մինչեւ 2241 մ)։ Կազմուած է պազալթներէ։ Կլիման արեւադարձային, ծովային է։ Տարեկան տեղումները 1400 մմ են։ Կան խոնաւ արեւադարձային անտառներ, մերձափնեայ հարթավայրերուն մէջ՝ արմաւենիի, պանանի, շաքարեղէգի, վանիլի եւ արքայախնձորի ծառեր։ Կ'արտադրեն՝ մարգարիտ։ Վերջին երեսուն տարիներուն Թահիթին դարձած է ոստրէներու մշակումի ամէնէն ճանչցուած շրջաններէն մէկը[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել