Թահին (քունջութի մածուկ)

Թահին (քունջութի մածուկ), Թահինը քունջութի (շուշմայ) մածուկն է, որ հիմնականօրէն կը գործածուի այլ մածուկներու պատրաստութեան մէջ եւ իր սննդարար յատկութեամբ անհրաժեշտ կը նկատուի հայկական եւ միջին արեւելեան խոհանոցին մէջ:Թահինը կ'օգտագործուի համմոս, մութապպալ, բաբաղանուճ և այլ արեւելեան ճաշատեսակներու բաղադրատոմսերուն մէջ:

Պատրաստութիւն

Խմբագրել

Թահինը կարելի է պատրաստել նաեւ տան մէջ: Ընդամէնը քունջութը (շուշման) լաւ մանրել ու աղալ ելեկտրական յատուկ գործիքով՝ քունջութի ձէթին հետ, (կարելի է օգտագործել նաեւ անհոտ ձէթի այլ տեսակներ): Կրնանք նաեւ թահինը պատրաստ գնել վաճառատուներէն:

Յատկութիւններ

Խմբագրել

Թահինը շատ օգտակար սննդանիւթ է: Ան հարուստ է A, E, C կենսանիւթերով, որոնք կ'ապահովեն մորթին գեղեցկութիւնը: Ունի նաեւ առողջապահական յատկութիւններ. մասնաւորապէս կոկորդային ու շնջափողային հիւանդութիւններու պարագային կը թեթեւցնէ հազին սրութիւնը:

Թահինով պատրաստուող ուտեստեղէններ

Խմբագրել

Թահինով կը պատրաստուին միջին արեւելեան խոհանոցներուն յատուկ համմոսն ու մութապպալը։ Մութապպալ պատրաստելու համար խորոված ու կեղեւը հանուած սմբուկը լաւ կը կտրատեն ու կը խառնեն թահինով պատրաստուած մածուկ։ Համմոսի պարագային լաւ խաշած սիսեռը կը ճզմեն կամ ելեկտրական գործիքով կ՛աղան, որմէ ետք անոր կ՛աւելցնեն լիմոնի հիւթով, աղով, սխտորով համեմուած թահինի մածուկ։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • www.cooks.am