Թայլանտի ծփուն կռատուները
Թայլանտի ծփուն կռատուները (Wat Chaloem Phra Kiat Phra chom klao Rachanusorn)․ սրբավայր։ Կը գտնուի Տոյ Բու Եաք բլուրին գագաթին վրայ, Թայլանտի մայրաքաղաք Պանկոկէն 682 քլ․ հեռու[1]։
Ընդհանուր տեղեկութիւններ
ԽմբագրելChaloem Phrakiat Phra Chom Klao Rachanuson սրբավայրը, ծանօթ է նաեւ, որպէս Wat Phrabat Pu Pha Daeng։ Անոր շողշողացոց ատաղձցուները կը գտնուին Տոյ Բու Եաք բլուրին գագաթին ապառաժներուն վրայ, մայրաքաղաք Պանկոկէն 682 քլ․ հեռու։ Զբօսաշրջիկներ ներգրաւող վայր մըն է։ Բլուրին վրայ կան նաեւ Պուտային արձանը եւ կռատուն մը։
Տաճար չհասած, բլուրին լանջին կը գտնուի Wat Chaloem Phrakiat Phra Mongkut's Rachanuson վայրը ձեռնադրութեան սրահով։ Հոն կը գտնուին Պուտային պատկերը, անոր ոտնահետը եւ մատուռ մը։ Ջեռնադրութեան սրահը կը նմանի Լաննա (Lanna) երկյարկանի տաճարի։ Մատուռին մուտքի դարպասը ժամանակին կը հսկէին զոյգ մը առիւծներ։
Մատուռէն մինչեւ տաճար հասնիլը արկածախնդրութիւն մըն է։ Նեղ ու վտանգաւոր ճամբան ինքնաշարժը կը ճեղքէ մօտաւորապէս 30 վայրկեան, ապա այցելուն պէտք է 300 աստիճաններ բարձրանայ։