Թանգարան բաց երկնքի տակ
Թանգարան բաց երկնքի տակ, առաւել լայն նշանակութեամբ թանգարան, որուն նմուշներուն ցուցադրումը կը կազմակերպուի շինութենէ դուրս։ Թանգարանի այս տեսակին կը պատկանին քանդակներու այգիները, մանրակերտներու այգիները, թեքնիքական բազմաթիւ թանգարաններ, մասնաւորապէս ռազմական թեքնիքի, փոխադրամիջոցներու եւ այլ թանգարաններ։
Պատմութիւն
ԽմբագրելԱռաւել նեղ իմաստով բաց երկնքի տակ թանգարան կը կոչուին այն թանգարանները, ուր կը ցուցադրուին ճարտարապետական կառոյցներու օրինակներ։ Շատ թանգարաններու մէջ կը կազմակերպուին անցեալի համալիր կառոյցներ, ուր պատմական շինութիւնները ո՛չ միայն պարզապէս առանձին ցուցանմուշներ են, այլ կը ձեւաւորուին փոխկապակցուած համալիր։ Այդպիսով, այցելուները հնարաւորութիւն կը ստանան ըլլալու անցեալին վերաձեւաւորուած բնակավայրին մէջ` ընդհանուր պատկերացում կազմելով համապատասխան երկրի կամ տեղի պատմութեան ու ազգագրութեան մասին։
Բաց երկնքի տակ թանգարան ձեւաւորելու միտքը կը վերաբերի 1790-ական թուականներուն։ Ատոր առաջին կողմնակիցը եղած է զուիցերիացի մտաւորական Չարլզ Տէ Պենսեթենը` Դանիայի Ֆրետերիկսպորք ամրոցին մէջ կազմակերպելով գիւղական տարազի ցուցահանդէս[1]։ Ան կը կարծէր, որ գիւղացիական աւանդական տուները պէտք է պահպանուին, սակայն այդ գաղափարի համախոհներ շատ չեն գտնուիր։
Վերջերս աշխատանք կը տարուի բաց երկնքի տակ թանգարաններու ձեւաչափով վերականգնելու աւանդական արհեստներն ու գործունէութեան տեսակները, օրինակ` ջրաղացպանի, կտաւագործի, բրուտի, դարբնիի, հիւսնի, գինեգործի և այլ արհեստներու տեսակները։ Երբեմն նոյնիսկ այցելուներուն կ'առաջարհուի յատուկ մասնագէտի հսկողութեամբ փորձել սեփական ուժերը։ Որոշ արհեստներ կը վերածուին թանգարաններու, օրինակ` չեխական Botanicus ընկերութիւնը մասնագիտացած է գեղեցկագիտական միջոցներու արտադրութեան մէջ` հիմնուելով հին, երբեմն միջնադարեան եղանակներու ու արհեստագիտական մեթոտներու վրայ, եւ երկրին մէջ ու նոյնիսկ անբր սահմաններէն դուրս ունի խանութներու զարգացած ցանց։
Որոշ թանգարաններու մէջ որպէս ճարտարապետական լրացում կը վերականգնուի նախկինին տրանսպորտը։ Այսպես` հոլանտական Արնհեմ քաղաքի բաց երկնքի տակ թանգարանին մէջ կը գործէ շոքեկառքի պատմական գիծ, իսկ Մեծ Պրիթանիոյ Դադլի շրջանի Black Country Living թանգարանին մէջ, բացի պատմական շոքեկառքէն, կը գործէ նաեւ պատմական փոխադրամիջոց մը։
Բաց երկնքի տակ թանգարաններուն մէջ պատմական փոխադրամիջոցը կրնայ կատարել ո՛չ միայն գործող ցուցանմուշի դեր, այլեւ փոխադրամիջոցի գործնական դեր, քանի որ նման թանգարաններուն տարածքը կրնայ բաւական մեծ ըլլալ։
Գոյութիւն ունին բաց երկնքի տակ թանգարաններ, որոնք կը ներկայացնեն պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններ` սկսած նախնադարեան մարդու շրջանէն մինչեւ 20-րդ դարասկիզբի արհեստագործական գիւտեր։
Բաց երկնքի տակ թանգարաններէն առաջիններէն կը համարուի 1891 թուականին բացուած Սկանսեն թանգարանը Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Ստոքհոլմի Իւրգորդեն կղզիին մէջ, որուն հետ կապուած` անոր անունը հասարակ անուան նշանակութիւն ձեռք բերած է եւրոպական շատ մը լեզուներու մէջ:
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Hurt 1978, p. 368.
Գրականութիւն
Խմբագրել- Վ. Գ. Շմելյով, Թանգարաններ բաց երկնքի տակ. ստեղծման ու զարգացման պատմութեան ակնարկներ — К., 1983. — 119 с.
Արտաքին Յղումներ
Խմբագրել- Բաց երկնքի տակ թանգարանները Եւրոպայի մէջ Archived 2016-11-01 at the Wayback Machine.