Թենիսի Արմուկ
Թենիսի Արմուկ, (Lateral Epicondylitis, որ սովորաբար յայտնի է իբրեւ թենիսի արմուկ, ուռեցքն է այն ձգաններուն (tendons), որոնք դաստակը ափէն ետեւ քաշուած կը պահեն:
Ձգանը կոշտ լար մըն է, որ մկանները կը միացնէ ոսկորներուն: Այն ձգանը, որ ամենայն հաւանականութեամբ, կը ներգրաւուի «թենիսի արմուկին» մէջ, կը կոչուի extensor carpi radialis brevis: Թենիսի արմուկը սովորաբար կ՛ախտորոշուի 30-50 տարեկան տղամարդոց եւ կիներուն մօտ:
Թենիսի Արմուկին Յառաջացումը
ԽմբագրելԹենիսի արմուկը, ինչպէս ենթադրել կու տայ անուանումը, յաճախ կը յառաջանայ թենիսի ռաքեթի հարուածի ուժին պատճառով, երբ գնդակները հարուածելու ըլլանք backhand-ի դիրքով: Մեր նախաբազուկի (forearm) մկանները, որոնք կը կապուին արմուկի արտաքին մասին, կրնան ցաւիլ աւելորդ լարուածութենէն: Թենիս խաղցած ժամանակ, երբ backhand-ի հարուած կատարենք, մեր արմուկի ծայրը հասնող ձգանները կրնան վնասուիլ: «Թենիսի արմուկ»-ը կրնայ յառաջանալ հետեւեալ ձեւերով.
- Սխալ backhand-ի հարուած,
- Ուսի եւ դաստակի տկար մկաններ ունենալու պատճառով,
- Օգտագործելով թենիսի ռաքեթ, որ չափազանց պինդ է կամ չափազանց կարճ,
- Ռաքեթի այլ մարզաձեւեր, ինչպիսիք են racquetball-ը կամ squash-ը,
- Հարուածելով գնդակը ռաքեթի կեդրոնէն կամ հարուածելով ծանր եւ թաց գնդակներ:
Այնուամենայնիւ, բազմաթիւ մարդիկ, որոնք կը տառապին «թենիսի արմուկ»-էն, թենիս չեն խաղար: Խնդիրը կրնայ յառաջանալ որեւէ մէկ կրկնուող շարժումէ: «Թենիսի արմուկ»-ի այլ պատճառներէն են.
- Ներկարարութիւնը` վրձինով կամ գլանիկով (roller),
- Սղոցի օգտագործումը,
- Համակարգիչի մաուսի օգտագործումը,
- Ձեռքի այլ գործիքներու յաճախակի օգտագործումը կանոնաւոր կերպով,
- Օգտագործելով ձեռքի կրկնուող շարժումներ (մսագործները, երաժիշտները, ատամնաբուժները, փականագործները (plumbers), ատաղձագործները…):
«Թենիսի Արմուկ»ին Ախտանիշները
ԽմբագրելՍկիզբը կրնայ ունենալ ցաւ կամ այրուածք նախաբազուկի եւ արմուկի արտաքին մասին մէջ: Ժամանակի ընթացքին այդ ցաւը կը զօրանայ: Եթէ շարունակուի այս վիճակը պատճառող գործողութիւնը, ցաւը կրնայ տարածուիլ մինչեւ դաստակ, նոյնիսկ` հանգիստի ժամանակ: Ցաւը կրնայ շարունակուիլ նաեւ, երբ հիւանդը թեւը եւ ձեռքը, ափը վար առած, կը դնէ սեղանին վրայ եւ կը փորձէ բարձրացնել ձեռքը դիմադրութեան դէմ:
Կարելի է նաեւ ցաւ զգալ, երբ հիւանդը կը փորձէ բարձրացնել եւ բռնել փոքր առարկաները (սուրճի գաւաթը բռնած, կամ դրան բռնակը դարձուցած ժամանակ): Թոյլ բռունցքը նաեւ «Թենիսի Արմուկ»ի ախտանիշ մըն է:
«Թենիսի Արմուկ»ի ախտանիշները կրնան նմանիլ այլ բժշկական խնդիրներու կամ պայմաններու ախտանիշներուն: Ախտորոշման համար հարկ է միշտ այցելել բժիշկին:
Բուժաշխատողը սովորաբար կրնայ ախտորոշել «թենիսի արմուկ»ը ֆիզիքական քննութեամբ: Որոշ դէպքերու պարագային, կարելի է կատարել որոշակի քննութիւններ, ինչպիսիք են`
- Շողանկար (X-ray)` արմուկի ոսկորներուն նայելու համար, տեսնելու, թէ արդեօ՞ք արմուկին մէջ յօդի բորբոքում կայ:
- MRI-ը կրնայ ցոյց տալ ձեր ձգանները եւ գաղափար տալ վնասի ծանրութեան մասին: Վիզի MRI-ը կրնայ ցոյց տալ, թէ արդեօ՞ք վիզի յօդերու բորբոքումը կամ ողնայարի տիսքի հետ կապուած խնդիրները ձեռքի ցաւը կը յառաջացնեն:
- Արմուկի էլեքթրոմիոկրաֆին (EMG) կրնայ ցոյց տալ, թէ արդեօ՞ք հիւանդը ունի ջիղերու խնդիրներ, որոնք կրնան յառաջացնել այս տեսակի ցաւ:
«Թենիսի Արմուկ»ի բուժում
ԽմբագրելԿարեւոր է խուսափիլ շարժումներէ, որոնք յառաջացուցած են վնասուածքը: Բուժումը կրնայ ներառել`
- Հանգստանալ եւ դադար առնել այն գործողութենէն, որ կը յառաջացնէ սոյն ախտանիշները,
- Սառի պարկեր (բորբոքումը նուազեցնելու համար),
- Մկանները երկնցնելու (stretch) եւ զօրացնելու վարժութիւններ,
- Հակաբորբոքային դեղեր (օրինակ` Ibuprofen կամ Naproxen):
Եթէ այս բուժումները արդիւնք չտան, բուժաշխատողը կրնայ հիւանդին հետ խօսիլ հետեւեալի մասին.
- Այդ բաժինը քանի մը շաբաթ անշարժ պահելու համար կապել կամ «Թենիսի արմուկ»ի յատուկ գօտի օգտագործել,
- Սթերոյիտներու, փլազմայի կամ պոթոքսի ներարկումներ, որոնք կ'օգնեն նուազեցնելու ուռեքն ու ցաւը,
- Անդրձայնային (ultrasound) յատուկ միջոց մը, որ կրնայ օգնել կոտրելու սպիացած հիւսուածքը, առատացնել արեան հոսքը եւ նպաստել բուժման,
- Վիրահատութիւն (հազուադէպ պարագաներու)[1]:
«Թենիսի արմուկ»ը կանխարգիլելու միջոցներ
Խմբագրել- Ձեռքերը ճկուն եւ ամուր պահել,
- Խուսափիլ կրկնուող շարժումներէ,
- Նախքան մարզուիլը կամ ձեռքերը օգտագործելը մարզային կամ այլ կրկնուող շարժումներու համար` տաքցնել մկանները,
- Եթէ ռաքեթային մարզաձեւ մը կը խաղայ անհատը, վստահ ըլլալ,որ օգտագործածը յարմար է իրեն համար:
Բժիշկին հետ կապուելու պարագաներ
Խմբագրել- Եթէ ցաւը կամ շարժելու դժուարութիւնը կ'ազդէ ամէնօրեայ գործունէութեան վրայ,
- Եթէ ցաւը չի լաւանար, կամ կը վատթարանայ բուժման ընթացքին,
- Եթէ ուռեցք մը կամ գունդ մը կ'ըլլայ ձեռքին վրայ[2]: