Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզ

Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզ, (անգլերէն՝ t. Mary's Richard Tufenkian Preschool & Kindergarten), կրթական հաստատութիւն Կլենտէյլի մէջ, ԱՄՆ, հիմնադրուած 1975-ին։

Պատմական ակնարկ Խմբագրել

Կլենտէյլի Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմի Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Թիւֆէնքեան մանկապարտէզ-մանկամսուրը հիմնադրուած է 1975-ին, տեսիլք ունեցող եւ նպատակասլաց աշխատանքին հաւատացող բարերարներու եւ համայնքի զաւակներու կողմէ, որոնց շնորհիւ այս կառոյցը մինչեւ օրս կը շարունակէ հայ մատղաշ սերունդներուն ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն, կրթութիւն, արուեստ եւ մշակոյթ՝ մանուկներու զարգացման նպաստող միջավայրի մը մէջ եւ արդիական միջոցներու օգտագործումով:

Անցնող 44 տարիներուն, Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզէն շրջանաւարտ եղած են աւելի քան 5000 հայ մանուկներ, որոնց հոգեմտաւոր աշխարհը սնած է հայ աւանդական արժէքներով եւ իրենց տարիքին յարիր մարդկային, ընկերային, կրթական յառաջադէմ գիտելիքներով, շնորհիւ որակաւոր ուսուցչական կազմերուն եւ ծնողներու ցուցաբերուած բացառիկ ուշադրութեան եւ խնամքին:

Տարուէ տարի յառաջընթաց արձանագրող Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզը ներկայիս ունի 200 աշակերտներ. վերջին տարիներուն սուր բնոյթ ստացաւ կրթական այս կառոյցի վերանորոգման եւ ընդարձակման անհրաժեշտութիւնը: Թիւֆէնքեան մանկապարտէզ-մանկամսուրի 45-րդ տարեդարձը կը հանդիսանայ լաւագոյն առիթը, որ համայնքային կարեւորութիւն ունեցող այս մանկապարտէզը իր արդիական ընդարձակ շէնքը ունենայ՝ յագեցած արհեստագիտական ամէնէն նոր միջոցներով, որպէսզի ժամանակակից խաղերու եւ գիտութեան ճամբով առաւել եւս խթանուին հայ մանուկներու երեւակայական եւ ստեղծագործական աշխարհը, կարողութիւններն ու բնատուր ձիրքերը:

Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի 45-ամեակ Խմբագրել

2020 թուականին կ՛ամբողջանայ Կլենտէյլի մէջ գործող Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզի հիմնադրութեան 45րդ տարին, որ պիտի նշուի տօնակատարութիւններու շարքով, որուն մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ Կալա հանդիսութեամբ մը, յառաջիկայ 8 Փետրուար 2020ին, Քալիֆորնիոյ Գիտութեան Կեդրոնին մէջ, Լոս Անճելըս:

Աղբիւրներ Խմբագրել

Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի 45ամեակ Archived 2019-09-29 at the Wayback Machine.

Արտաքին յղումներ Խմբագրել