Թռչնակրիփը, մասնաւորապէս թռչնազգիներու ժահրային հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչը ինֆլուենզա Ա ժահրի պատկանող որոշ խմբաւորումներ են, մասնաւորապէս` H եւ N խմբաւորումները: Այս ժահրը կը հարուածէ մասնաւորապէս` հաւերը, բադերը, սագերը եւ հնդկահաւերը[1][2][3][4]:

Յարուցիչ ժահրը կ'ապրի վարակուած թռչունին քիթի, բերանի եւ աչքի հեղուկներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` անոնց կղկղանքին մէջ:

Թռչունէ թռչուն ժահրի փոխանցումը տեղի կ'ունենայ անմիջական դպելով:

Թռչնակրիփը տեսնուած է նաեւ խոզերու մօտ:

Թռչնակրիփը 20-30 ժամուան ընթացքին կրնայ շուտով համաճարակի վերածուիլ ագարակներու մէջ եւ միլիոնաւոր թռչնազգիներ կը մահանան շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ[5]:

Թռչնակրիփէ վարակուող հաւերը կ'ունենան հետեւեալ ախտանշանները` խորշոմած փետուրներ, սակաւակերութիւն, մարմնական տկարութիւն, յոգնածութիւն, փորքշուկ, հազ եւ անհաւասարակշռութիւն: Անոնց հաւկիթի արտադրութիւնը որոշապէս կը նուազի:

Այս ժահրը կրնայ այլափոխուիլ եւ ի վերջոյ հասնիլ մարդուն: Այլափոխուած ժահրը թռչուններէն մարդուն կը փոխանցուի զանազան ձեւերով: Այն անձերը, որոնք կ'ապրին ագարակներու մէջ, ուր կը գտնուին վարակուած թռչուններ, շուտով կը վարակուին այս հիւանդութեամբ, երբ անոնք անմիջական հպում ունենան վարակուած թռչուններուն հետ: Նոյնիսկ ագարակ այցելողներ նոյն ձեւով կրնան շուտով վարակուիլ այս հիւանդութեամբ: Ամէնէն դիւրին փոխանցման ձեւը վարակուած հաւը մորթելն է: Ժահրը կրնայ փոխանցուիլ մարդուն նոյնիսկ մեռած հաւերու եւ ագարակի մէջ գործածուած իրերու դպելով:

Վարակուող անձը ախտանշաններ կ'ունենայ, երբ բաւարար քանակութեամբ յարուցիչ ժահրեր կը տեղաւորուին անոր քիթին, բերնին եւ աչքին մէջ: Քիթին եւ բերնին վարակիչ ժահրերը շուտով կը հասնին թոքեր եւ կը պատճառեն թոքերու բորբոքում` թոքատապ:

Թռչուններէ մարդոց եւ մարդէ մարդ փոխանցումը տեղի կ'ունենայ անմիջական հպումով-դպելով եւ օդի ճամբով[6], այսինքն ժահրը կրնայ տարածուիլ օդին մէջ եւ օդի ներշնչումով յարուցիչ ժահրը մուտք կը գործէ մարդուն քիթին, բերանին եւ աչքերուն մէջ:

Թռչնակրիփը մարդուն մօտ կը յառաջացնէ ինֆլուենզայի նման ախտանշաններ, որոնք կրնան ըլլալ մեղմ-թեթեւ եւ կամ ուժգին-զօրաւոր: Անոր ախտանշաններն են` ջերմութիւն, հազ, կոկորդի ցաւ, մկանային ցաւ, ակնազօդաբորբ (conjunctivitis) եւ շնչառութեան դժուարութիւն:

Առաջին վարակումով անհատը կ'ունենայ վարակամերժողականութիւն-դիմադրողականութիւն այս ժահրին դէմ եւ հետեւաբար, ապագային ան երկրորդ անգամ վարակում չ'ունենար:

Թռչնակրիփով վարակուած անձը կրնայ ունենալ որոշ բարդութիւններ` թոքատապ եւ շնչահեղձութիւն, խռչափողատապ եւ ձայնի խռպոտութիւն, փորի ցաւ եւ փորհարութիւն, փսխունք, նեարդային-ջղային փոփոխութիւններ, մարմնական ցնցումներ, մտային խանգարումներ եւ նոյնիսկ մահ:

Մարդկային թռչնակրիփի ախտաճանաչումին համար խիստ կարեւոր է վարակուած անձին պատմականը, այսինքն` անոր ասպարէզը, գործը, կեցութեան վայրը, ագարակ այցելած ըլլալը, հաւերու հետ հպում ունեցա՞ծ է եւ կամ հաւ մորթա՞ծ է: Ախտաճանաչումը կը կայանայ յարուցիչ ժահրին յայտնաբերումով վարակուած անձին քիթի եւ բերանի հեղուկներուն եւ մասնաւորապէս լորձունքին մէջ: Անշուշտ կը կատարուին արեան որոշ քննութիւններ եւ թոքերու նկարումներ:

Այս հիւանդութիւնը կը դարմանուի յատուկ հակաժահրային դեղերով: Թոքատապի պարագային կը գործածուին նաեւ հարկաւոր դեղեր:

Մարդկային թռչնակրիփը կարելի է կանխարգիլել նախազգուշական միջոցառումներով, պարզապէս` վարակուած ագարակներ չայցելելով եւ վարակուած հաւերէ հեռու մնալով:

2003-էն ետք թռչնակրիփը պատահած է շատ մը երկիրներու ագարակներու մէջ: Այս թուականէն ետք, համաձայն Առողջապահական Միջազգային Կազմակերպութեան, մարդկային թռչնակրիփը յայտնուած է հետեւեալ երկիրներու մէջ` Քանատա, Անգլիա, Թուրքիա, Ատրպէյճան, Չինաստան, Հոնկ Քոնկ, Միացեալ Նահանգներ, Հոլանտա, Իրաք, Եգիպտոս, Քամպոչիա, Թայլանտ, Վիեթնամ եւ Ինտոնեզիա:

2004-ին Քանատայի Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգին մէջ 42 ագարակներու մէջ պատահած են թռչնակրիփի յայտնաբերումներ: Այս պատճառով պետութեան որոշումով ոչնչացուած են 17 միլիոն հաւեր: 2015-ին դարձեալ Քանատայի կարգ մը ագարակներու մէջ տեսնուած են թռչնակրիփի պարագաներ[5]:

Միացեալ Նահանգներու մէջ 2014-15 տարեշրջանին 21 նահանգներու ագարակներուն մէջ տեսնուած են անակնկալ մեծ թիւով պարագաներ:

Լիբանանի ագարակներէն մէկուն մէջ 2016-ին ոչնչացուած են 35 հազար հաւեր, որովհետեւ հոն յայտնաբերուած են թռչնակրիփի պարագաներ:

Թռչնակրիփը կը ստեղծէ տնտեսական մեծ վնասներ այն երկիրներու մէջ, ուր ան համաճարակի ձեւով կը յայտնուի ագարակներու մէջ: Միլիոնաւոր հաւեր կ'ոչնչացուին, որպէսզի մարդկային թռչնակրիփի պարագաներ չպատահին եւ անոր տարածումը եւ փոխանցումը այլ ագարակներ տեղի չունենան:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Chapter Two : Avian Influenza by Timm C. Harder and Ortrud Werner Archived 2017-08-09 at the Wayback Machine. in Influenza Report 2006
  2. Salzberg Steven L., Taubenberger Jeffery K., Fraser Claire M., Lipman David J., Taylor Jill, George Kirsten St, Bao Yiming, Tatusova Tatiana, Dernovoy Dmitry (October 2005)։ «Large-scale sequencing of human influenza reveals the dynamic nature of viral genome evolution»։ Nature (անգլերեն) 437 (7062): 1162–1166։ Bibcode:2005Natur.437.1162G։ ISSN 1476-4687։ PMID 16208317։ doi:10.1038/nature04239 
  3. A/H5 The Writing Committee of the World Health Organization (WHO) Consultation on Human Influenza (29 September 2005)։ «Avian Influenza A (H5N1) Infection in Humans»։ N. Engl. J. Med. 353 (13): 1374–1385։ PMID 16192482։ doi:10.1056/NEJMra052211 
  4. The Threat of Pandemic Influenza: Are We Ready? Workshop Summary (2005) (Անգլերէն)։ National Academies Press։ 2005։ ISBN 978-0-309-09504-4։ PMID 20669448։ doi:10.17226/11150։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-09-14-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-28։ «full text of online book» 
  5. 5,0 5,1 «Թռչնակրիփ - Bird Flu»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2017-02-02։ արտագրուած է՝ 2021-07-30 
  6. «Transmission of Influenza Viruses from Animals to People»։ www.cdc.gov (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2016-05-12