Թռչունի Օր
Թռչունի Օր (անգլերէն՝ Bird Day), այս կրճատուած անուանումը կապուած է շարք մը տարբեր տօներու եւ միջազգային օրերու հետ, որոնք ուղիղ կապուած են թռչուններուն հետ։ Անոնցմէ աւելի յայտնի «թռչնային» օրեր կը համարուին Թռչուններու Միջազգային Օրը (1 Ապրիլ), Թռչունի Օրը (4 Մայիս), Միացեալ Նահանգներու Թռչունի Միջազգային Օր (5 Յունուար), Մայիսի երկրորդ շաբաթը՝ Թռչող Թռչուններու Միջազգային Օր», Մեծն Բրիտանիոյ Թռչունի Միջազգային Օր (22 Յունուար), Թռչունի Օր կամ «Ձեռքբերում» Ռուսաստանի միջազգային օրացոյցին մէջ։ Թուարկուած տօներէն ոչ մէկը կը համարուի ոչ աշխատանքային օր, եթէ չի զուգադիպիր այլ արձակուրդներու կամ շաբաթավերջի օրերու։
Միացեալ Նահանգներու Թռչունի Միջազգային Օր
ԽմբագրելՄիացեալ Նահանգներու Թռչունի Միջազգային Օրը (անգլերէն՝ National Bird Day, 5 Յունուար) ամէնամեայ բնապահպանական տօն, որն ԱՄՆ-ի մէջ աւանդաբար կը նշուի 5 Յունուարին: Այդ օրը որոշ էկոլոգիական կազմակերպութիւններ եւ ամերիկեան շարժումներ կը փորձեն իշխանութիւններուն ու քաղաքացիներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել անհետացող թռչուններու խնդիրին ու անոնց տեսակներուն պահպանման վրայ[1]:
Թռչուններու Միջազգային Օր
ԽմբագրելԹռչունի Միջազգային Օր, տօն, որ կը նշեն ամէն տարի, 1 Ապրիլին՝ սկսած 1927-էն:
Թռչունի Օր
ԽմբագրելԱյս տօնին պատմութիւնը կը սկսի 1894-ին, ԱՄՆ-ի Փենսիլվանիա նահանգին մէջ։ Տօնակատարութեան նախաձեռնողն ու կազմակերպիչը՝ Օիլ Սիթիէն (անգլերէն՝ Oil City, Pennsylvania) Չարլզ Պապքոքն է, ով որոշած է կազմակերպել որպէս մանկական տօն՝ անուանելով այն Թռչունի Օր (անգլ.՝ Bird Day) եւ համատեղել հաճելին օգտակարին հետ (երեխաներուն կրթական եւ թռչնատներու շինութեան ու կերամաններ թռչուններուն համար): Չարլզի միտքը սկսած է ընդարձակուիլ քսաներորդ դարուն ամբողջ երկրին մէջ, իսկ յետոյ Հին աշխարհի տարածքին:
«Bird Day»-ը այժմ եւս կը նշեն ԱՄՆ-ի մէջ:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Atlanta News, Sports, Atlanta Weather, Business News | ajc.com»։ archive.is։ 2012-07-17։ արտագրուած է՝ 2019-10-15