Ժագ Սայապալեան (Փայլակ), բուն անունը՝ Յակոբ Ղազարոս Սայապալեան (ծնած.՝ Յունիս 1880, Գոնիա - սպանուած է 1915, Անգարա), Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ գրող։

Ժագ Սայապալեան
Ծնած է Յունիս 1888
Ծննդավայր Քոնիա, Գոնիա, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915[1]
Մահուան վայր Անգարա, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Պէրպէրեան Վարժարան
Մասնագիտութիւն լրագրող, թարգմանիչ, գրագէտ
Անդամութիւն Ազգային ժողով?

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

1896ին յաճախած է Պէրպէրեան վարժարան, յետոյ Իզմիրի Ամերիկեան վարժարանը երկու տարի, եւ մտած՝ առեւտրական ասպարէզ։ Սահուն տիրապետած է նաեւ անգլերէնին [2]:1904ին անցնելով ծննդավայրը՝ հինգ տարի իբրեւ թարգման մնացած է անգլիացի հիւպատոսին մօտ, այդ ժամանակամիջոցին ալ՝ անոր բացակայութեան մէկ ու կէս տարի փոխանորդութիւնը վարած՝[3] ։

Փայլակի առաջին՝ երգիծական գրութիւնը, լոյս տեսած է Սուրհանդակ թերթին մէջ[3]: Յետոյ աշխատակցած է պոլսահայ թերթերու, հանդէսներու եւ տարեցոյցներու: Աշխատակցած է նաեւ Մասիս թերթին՝ «Վ.» ծածկանունով երեւցած ոտանաւորները տեսակ մը թղթակցութիւններ էին՝ ուղղուած անո՛ր որ իր կինը եղած է[3]։

1909ին կրկին Պոլիս անցնելով, տնօրէն նշանակուած է «Շէհպալ» հանդէսին[3]։ Ժագ Սայապալեան (Փայլակ) ազգային երեսփոխան ընտրուած էր իր ծննդավայրէն՝ Գոնիա [3]:

  • «Առաջին սէրը» (վիպակ դպրոցական կեանքէն)
  • «Ներաշխարհ»
  • «Բոցեր եւ ընկ.» (երգիծատետր)
  • Այրիախնամ-Որբախնամի ընդարձակ Տեղեկագիրը, երբ կ՚անդամակցէր նոյն Յանձնաժողովին:
  Մտադիր եմ հրատարակել քերթուածներուս հաւաքածոն եւ «Հ. Հայնէի լաւագոյն էջերը», նաեւ անգլերէնէ թարգմանած Քօնընտօյլի «Մեծ Ստուերը» վէպը (Նափոլէոն)։ Գաւառի զաւակ, մասնաւոր սէր մը ունեցած եմ որսորդութեան։ Նախասիրած հեղինակներս. Ռօսթան, Լամարթին, Տը Ռէնիէ, Հայնէ, Բրիւտօմ, Սիլվէսթր եւ այն., որոնցմէ ունիմ խել մը թարգմանութիւններ[3]։
- Ժագ Սայապալեան (Փայլակ)
 
  Տուն հասնելուս, դեռ հազիւ թէ լրջօրէն տեղալու տրամադրութիւն կը ցուցնէ անձրեւը։

Հիմա պատուհանիս ապակիները կը հարուածէ ան՝ քմահաճ հովին խարազանի հարուածներով գրգռուած -կից տուող ձիու մը պէս։

Դուրսը, սարսռացնող, թանձր մութ մը կայ. երկինքին պլպլացող սիրուն լապտերներն ալ գացեր մէկիկ մէկիկ մարե՛ր է աշունը - սա բնութեան շփացած զաւակը որ տարրուան միւս երեք եղանակներէն աւելի կը սիրուի, կարծես, իր մօրմէն, հիւանդ տղու մը պէս որուն ամէն բան կը ներուի։

«Մասիս», 1902, 30 նոյեմբեր, թիւ 48, էջ 768-769
- Ժագ Սայապալեան (Փայլակ)
 
  Խեղճ տերեւներ, կը մեղքնամ ձեզի. գարուն մը, գարո՛ւն մը միայն ապրեցաք եւ ահա կը փճանաք. կը մոռնան ձեզ։ Ձեր ճակատագիրը աս է եւ ես՝ որուն համար մոռցուիլ չկայ, ձենէ տարբեր, ձենէ վեր էակ՝ կը մեղքնամ ձեզի, արգահատանքս կը շարժէք. բայց ի՜նչ ընենք, բնութեան օրէնք. մեր բախտերը տարբեր են։

Խօլ խշրտուք մը կ՚ընդհատէ զիս։ Հովի յանկարծական հոսանքէ մը մղուած այդ չոր տերեւները հողին վրայէն վեր կը ցատկեն, անգիտակից խենթ պար մը կը սկսին դառնալ օդին մէջ, դարձդարձիկ, խառն ի խուռն, ոլորապտոյտ, անկանոն ելեւէջներով ու կայտռանքներով։

Ո՜հ չարաճճիները, այդ ցատրտուքով, այդ ներդաշնակ խշրտուքով կը ծաղրեն կոր զիս, իրենց հեգնանքը կը նետեն կոր երեսիս մարդկային ինքնապաստան արգահատանքիս ի պատասխան։ Իրենց խնդուքն է ատիկա, կը փախչիմ։

«Մասիս», 1904, 27 Մարտ, թիւ 13, էջ 202-203
- Ժագ Սայապալեան (Փայլակ)
 

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել