Ժագ Տօնապետեան (11 Յունուար 1945, Թունիս (Թունուս), - 9 Նոյեմբեր 2020, Մարսիլիա կամ Մարսէյ) մարսիլահայ համայնքի՝ Հայ դատի անխոնջ պաշտպան, որ եղած է նախ 24 Ապրիլի կոմիտէի, ապա՝ Հարաւային CCAF-ի նախագահ [2]։

Ժագ Տօնապետեան
Ծնած է 11 Յունուար 1945
Ծննդավայր Թունիս (Թունուս)
Մահացած է 9 Նոյեմբեր 2020(2020-11-09)[1] (75 տարեկանին)
Մահուան վայր Մարսէյ, Ֆրանսա
Քաղաքացիութիւն Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ
Մայրենի լեզու Հայ
Մասնագիտութիւն ճարտարագէտ
Գործունէութիւն Հայ դատի անխոնջ պաշտպան, Ապրիլ 24-ի կոմիտէի եւ Հարաւային CCAF-ի նախագահ
Աշխատավայր Էքս-ան-Փրովանսի մէջ համակարգչային ընկերութեան մը առեւտրական տնօրէն
Ծնողներ Եղիա

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ժագ Տօնապետեան ծնած է 11 Յունուար 1945-ին Թունիս (Թունուս), հայ հօրմէ եւ սիկիլիացի-յոյն մօրմէ։ Ծնողքը յաջողած էին զինք, նաեւ քոյրը՝ Ռոզին ու եղբայրը՝ Փաթրիքը ջամբել հայկական արմատներու սիրով ու հպարտութեամբ։ Ան Մարսիլիա կը հաստատուի 1961-ին աւարտելու համար իր երկրորդական ուսումը։ Այնուհետեւ կը հետեւի բարձրագոյն ուսման, պատրաստելով՝ բնագիտութեան դոկտորականը[2]։

Փարիզեան շրջանին մէջ ճարտարագէտի, ապա Էքս-ան-Փրովանսի մէջ համակարգչային ընկերութեան մը առեւտրական տնօրէնի պաշտօնները վարելուն զուգահեռ՝ կանուխէն կը փարի Հայ դատի պաշտպանութեան առաքելութեան։

1963-էն 1988 եղած է բազմաթիւ հաստատութիւններու եւ ընկերակցութիւններու անդամ, ինչպէս Հայկական ուսումնասիրութեանց կեդրոնին, ապա Աբովեան դպրոցին, Էքս-ան-Փրովանսի Հայոց ընկերակցութեան, զոր կը ներկայացնէր 24 Ապրիլի յանձնախումբին մէջ, որու նախագահը պիտի դառնար 1999-էն 2001։ Այնուհետեւ, ան քանի մը անգամ կ'ընտրուի Հարաւային CCAF-ի նախագահ [3]։

9 Նոյեմբեր 2020-ին, 76 տարեկանին իր մահկանացուն կը կնքէ:

Շքանշան

Խմբագրել

2011-ին, Մարսիլիոյ քաղաքապետ Ժան-Գլօտ Կօտէնի կողմէ կը պարգեւատրուի Ֆրանսայի Արժանիքի ասպետի շքանշանով։

Անդամակցութիւն

Խմբագրել

Ժագ Տօնապետեան նաեւ անդամ էր Անի կեդրոնին, Մարսիլիոյ ՀԲԸՄ-ին, Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսա-Հայաստան Առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատին (CCIFA)։

Հրատարակութիւն

Խմբագրել

2018-ին լոյս տեսած էր իր « Parcours d'un colleur d'affiches - Au service de la cause arménienne » գիրքը, որ ձեւով մը ամփոփումն էր Հայ դատի նկատմամբ իր անդուլ յանձնառութեան երկար ու գործունէութեամբ խիտ տարիներուն։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Fichier des personnes décédées
  2. 2,0 2,1 Նոր Յառաջ Երկօրեայ թերթ ԺԲ. տարի, Թիւ 1526
  3. «Ֆրանսահայ Ընկերակցութիւնները Համակարգող Խորհուրդի՝ CCAF-ի Հաղորդագրութիւնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-11-13-ին։ արտագրուած է՝ 2020-11-13 

Աղբիւրներ

Խմբագրել