Ժողովրդավարութիւն
Ժողովրդավարութիւն - կառավարման համակարգ ուր ժողովուրդը ունի ուժը երկիրը առաջնորդելու։
Գաղափարախօսութիւն
ԽմբագրելԱնհատին իրաւունքները կարեւորող առաջին յղացքն է, որ ծնունդ առած է Ն.Ք. VI դարուն, Աթենքի մէջ։ Ժողովրդավարութիւն բառը ուղղակի թարգմանութիւնն է յունարէն դեմոս (ժողովուրդ) եւ կրատոս (իշխանութիւն) արմատներէն կազմուած բառին, որ ժողովուրդի իշխանութիւն կը նշանակէ։
Ժամանակի ընթացքին, ժողովրդավարութիւն յղացքին իմաստը կազմող տարրերը փոփոխութիւն կրած են։ Նոյնիսկ այսօր, այս հասկացողութիւնը տարբեր երկիներու մէջ տարբեր սկզբունքներ կ՚ընդգրկէ։ Ապրելու եւ ազատ կեանք վայելելու մարդուն իրաւունքը բնութեան օրէնքներէն կը բխի: Այդ իրաւունքին հասնելու ձգտումը մարդկային բնազդին մէջ արմատաւորուած է: Այս իրողութիւնը իր դրսեւորումները գտած է հազարամեակներու մարդկային պատմութեան մէջ։ Այս իրողութիւնը նաեւ հիմքը կազմած է իշխողներու եւ հպատակներու միջեւ յարաբերութիւններուն Ժողովրդավարութիւնը տակաւին կը շարունակէ մնալ որպէս իտէալ վարչաձեւ, հոգ չէ թէ մեծ փոփոխութիւններու ենթարկուած է այս հասկացութիւնը:
Յատկանիշները
ԽմբագրելԺողովրդավարութեան յատկանիշները հետեւեալներն էն -
- ա. Խօսքի Ազատութիւն - Ժողովրդավարութիւնը կ՚երաշխաւորէ խօսքի, մամլոյ, հանրահաւաքներու եւ հանրագրերու ազատութիւնը։
- բ. Ազատ Ընտրութիւններ - Որեւէ երկրի մէջ ընտրութիւնները պէտք է ըլլան ազատ, հաւասար եւ գաղտնի։ Ընտրելու իրաւունք ունին որոշ տարիքի հասած բոլոր քաղաքացիները՝ առանց սեռի, կրօնքի եւ ազգութեան խտրութեան։
- գ. Մեծամասնութեան Օրէնքը եւ Փոքրամասնութեան Իրաւունքը - Որոշումներ կը տրուին մեծամասնութեան ձայնով։ Սակայն մեծամասնութիւնը կը պարտի յարգել փոքրամասնութեան իրաւունքները՝ խօսքի, մամլոյ, կրօնքի եւ հաւաքներու։ Նաեւ պարտի հաշուի առնել անոր կարծիքը։
- դ. Քաղաքական Կուսակցութիւններ - Անհրաժեշտ է մէկէ աւելի կուսակցութիւններու գոյութիւնը երկրի մէջ։ Ընդունելի է ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն կամ ճակատներու գործունէութիւնը։ Ամբողջատիրական երկիրներուն մէջ, իշխող կուսակցութիւնը քննադատելը դատապարտելի կը սեպուի։
- ե. Ժողովրդավարական Սկզբունքներու վրայ կազմուած Սահմանադրութիւն - Սահմանադրութիւնը կառավարութեան պարտականութիւնները կը սահմանէ, երկրին օրէնքները եւ զանոնք գործադրելու միջոցները կը ճշդէ։ Սահմանադրութիւնը պէտք է վաւերացուի ժողովուրդին կողմէ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ իշխանութիւնը ժողովուրդին կը պատկանի։
- զ. Հասարակական եւ մասնաւոր Կազմակերպութիւններ - Պէտք է գոյութիւն ունենան զանազան կազմակերպութիւններ, որոնք, առանց կառավարութեան հսկողութեան, հանրային, կրթական, կրօնական, հաղորդակցական, բարեգործական եւ այլ գործունէութիններով զբաղին։ Ամբողջատիրական երկիրներու մէջ նման կազմակերպութիւններ կառավարութեան կողմէ կը ղեկավարուին։
Ժողովրդավարութիւնը
- կ'օգնէ մարդոց պաշտպանելու իրենց իրաւունքները,
- կ'օգնէ կրճատելու մարդոց եւ իշխանութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող հեռաւորութիւնները,
- հնարաւորութիւն կու տայ մարդոց ապրելու իրենց անձնական օրէնքներով,
- կ'երաշխաւորէ մարդու իրաւունքներու եւ անձնական ազատութիւններու լայն մտահորիզոնը,
- մարդոց քաղաքական որոշումներուն համար կ'ընձեռնէ բարոյական պատասխանատուութիւն,
- Կը նպաստէ ընկերային հաւասարութեան,
- Ժողովրդավար քաղաքները ունին աւելի հարուստ ըլլալու միտում եւ ի տարբերութիւն ոչ ժողովրդավար պետութիւններու ունին մարդկային զարգացման աւելի բարձր մակարդակ,
- Ժողովրդավար պետութիւնները համեմատաբար աւելի քիչ կը պատերազմին իրարու հետ:
Աղբիւր
ԽմբագրելՀայ դատ, Հրատարակութիւն՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի, Լոս Անճելըս, 2002