Ինթի Ռայմի (Արեւու փառատօն)

Ինթի Ռայմի` Արեւուն փառատօնը, տեղի կ'ունենայ Քուզքոյի մէջ, Փերու, ամէն տարի 24 Յունիսին[1][2][3]:

Էնքաներու օրերուն այս տօնին առիթով լամասներ կը մորթուէին արեւ աստուծոյ` Ինթիի իբրեւ մատաղ եւ անոր կնոջ` Փաչամամայի, որ բերրիութեան եւ հունձքի աստուածուհին էր:

Ներկայիս նման զոհեր տեղի չեն ունենար: Այս տօնակատարութիւնը կը ներկայացնէ 500 տարի առաջ Էնքաներու կայսրութեան օրերուն Քուզքօ մայրաքաղաքին մէջ կատարուած ամէնէն կարեւոր տօնակատարութիւնը: Այդ օրը էնքաները կը տօնէին Նոր տարին եւ ձմրան արեւադարձը, երբ արեւը այդ շրջանէն ամէնէն հեռու կը գտնուէր եւ պէտք էր Ինթիին զոհեր մատուցել, որպէսզի ան վերադառնար:

Ներկայիս այս տօնը տեղի կ'ունենայ Սաքսահաւամանի աւերակներուն մէջ: Ընտրուած դերասան մը կը կատարէ Էնքա Սափա կայսեր դերը: Ան իր գահին վրայ նստած` կ'ընթանայ Քորիքանչա արեւու տաճարին աւերակներէն եւ կ'անցնի երգերով, պարերով աղօթքներով եւ սփռուած ծաղիկներով ճամբաներէն եւ կ'ուղղուին դէպի բլուրին գագաթը, ուր ճառեր կ'արտասանուին Քեչուա Էնքաներու լեզուով: Երբ արեւը մար կը մտնէ հսկայ կրակ մը կը վառի, եւ թափօրը կը վերադառնայ Քուզքօ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել