Իսլանտայի Հայերը

Հայերը Իսլանտայի մէջ (իսլ.՝ Armenians á Íslandi), այժմ կը կազմեն քանի մը մարդ, հիմնականին մէջ՝ Ռեյկիավիկի մէջ։ Դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած են՝ 1997-ին։

Իսլանտայի Դրօշակը

Պատմութիւն

Խմբագրել

Համաձայն գրաւոր պատմական աղբիւրներ, Իսլանիտայի մէջ, առաջին հայերու մասին յիշատակի մէջ կը վերաբերուի 11-րդ դարուն։

Մեծ արժէք ունեցող իսլանտական Íslendingabók, Hungrvaka, Grágás աղբիւրները եւ ատոնցմէ կախեալ Landnámabók, Hauksbók, Skarðsárbók հաղորդագրութիւնները կու տան ճիշդ տուեալներ Իսլանտայի մէջ հայերու մասին։

Առաջին իսլանտացի պատմաբանական Արի Տորկիլսոն Իմաստունը (1067-1148) իր Íslendingabók գիրքին մէջ՝ (թարգմանաբար. «Գիրք իսլանտացիներու մասին»), ուր համառօտ կերպով նկարագրուած է երկրի քաղաքական եւ եկեղեցական պատմութիւնը, կը յիշատակուին երեք հայ (ermskir) եպիսկոպոսներու՝ Պետրոսի, Աբրահամի եւ Ստեփանոսի, որոնք կղզի եկած ու սկսած են քարոզել։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել