Լեզուակապ Մարդ անհատը իր լեզուին տակը ի ծնէ ունի պզտիկ, աննշան, բարակ խլնաթաղանթային մաշկ մը, որ կը կոչուի սանձ-սանձիկ (frenulum): Այս կապը ոչ մէկ պաշտօն ունի եւ ոչ մէկ ձեւով արգելք կը հանդիսանայ լեզուի շարժումներուն: Ընդհանրապէս սանձիկը ամբողջութեամբ եւ կամ մասնակի կ'անյայտանայ ծնունդէն քանի մը ամիս ետք: Բնական պայմաններու մէջ սանձիկի ներկայութեան լեզուն ազատօրէն կը շարժի, կը ցցուի բերնէն դուրս եւ կը դպչի քիմքին ու ակռաներուն:


Մեծ թիւով նորածին մանուկներու մօտ այս սանձիկը աւելի մեծ, հաստ եւ նշմարելի կ'ըլլայ եւ կ'երկարի լեզուի ծայրամասէն մինչեւ բերնի յատակը: Այս անբնական մաշկը կը կոչուի լեզուակապ: Ուրեմն լեզուակապը ընդոծին անբնական մաշկ մըն է լեզուին տակը:

Լեզուակապը կը սահմանափակէ լեզուին շարժումները: Լեզուակապ ունեցող մանուկը չի կրնար լեզուն ազատօրէն շարժել բերնին մէջ, լեզուն բերնէն դուրս ցցել եւ լեզուն քիմքին դպցնել: Անոր լեզուին ծայրը կ'ըլլայ ճզմուած-ճնշուած pinched), երբ ան կը փորձէ լեզուն բերնէն դուրս ցցել: Ան կ'ունենայ ուտելու, խօսելու, կլլելու եւ մօրը կրծքագեղձի պտուկը ծծելու դժուարութիւն: Այս դժուարութիւններու տարողութիւնը կախեալ է լեզուակապին չափէն, հաստութենէն եւ կարծրութենէն, այսինքն պզտիկ լեզուակապ ունեցող մանուկը հաւանաբար վերոյիշեալ դժուարութիւնները չունենայ:

Լեզուակապը կը պատահի թէ՛ տղոց եւ թէ՛ աղջիկներուն, սակայն առաւելաբար` տղոց: Ընտանիքի մը մէկէ աւելի անդամներ կրնան ունենալ լեզուակապ: Անիկա կը յայտնուի նաեւ սերունդէ սերունդ:

Լեզուակապ Ունեցողը Երեխաներու Բարդութիւններ
Խմբագրել

1.- Սնանելու դժուարութիւն.- Մանուկին մայրը չի կրնար բնական ձեւով դիեցնել իր զաւակը: Բնական պայմաններու մէջ դիեցումի ժամանակ մանուկը կը զետեղէ իր լեզուն վարի լինտին վրայ, որպէսզի կարենայ ծծել մօրը կրծքա-գեղձին պտուկը: Լեզուակապի պարագային մանուկը չի կրնար ազատօրէն շարժել իր լեզուն եւ զետեղել լեզուն վարի լինտին վրայ, հետեւաբար ան չի կրնար ծծել մօրը պտուկը: Մանուկը կը չարչարուի, կը յոգնի, կատարեալ չափով սնունդ չի ստանար, իսկ մայրը  կը տառապի պտուկի ցաւէ:

2.- Որոշ գիրերու հնչողութեան դժուարութիւն, մասնաւորապէս` Դ, Տ, Զ, Ս, Ր  գիրերը: Մանուկը այս դժուարութիւնը կ'ունենայ, որովհետեւ չի կրնար իր լեզուն դպցնել քիմքին եւ շրթունքներուն:

3.- Բերնի վատառողջ վիճակ, լինտաբորբ, ակռաներու փտում (decay) եւ վարի առջեւի երկու ակռաներու բացութիւն: Երեխան չի կրնար լեզուով մաքրել ակռաները եւ լինտերը` լեզուի անշարժութեան պատճառով:

4.- Պաղպաղակ կամ սառոյց ծծելու դժուարութիւն:

5.- Շրթունքները ծծելու դժուարութիւն, հետեւաբար` համբուրելու եւ փողային գործիք նուագելու դժուարութիւն[1]:

Լեզուակապի Դարմանումը

Խմբագրել

Լեզուակապի դարմանումը կը կատարուի վիրաբուժական մանր գործողութեամբ մը:  Բժիշկները ունին երկու մօտեցում` կատարել գործողութիւնը ծնելէն անմիջապէս ետք եւ կամ սպասել, ամիսներ կամ տարիներ, ապա կատարել գործողութիւնը: Առաջին մօտեցումին ջատագովները կ'ըսեն, թէ կրնայ պատահիլ, որ լեզուի եւ բերանի աճման հետ լեզուակապը ինքնաբերաբար պզտիկնայ եւ անհետանայ:

Վիրաբուժական Գործողութիւնը
Խմբագրել

Մանուկներու պարագային, կը կատարուի ընդհանուր զգայազրկումով, իսկ չափահասներու պարագային` տեղային զգայազրկումով: Գործողութիւնը կը կատարուի երկու ձեւերով.

1.- Սանձիկի հատում (frenectomy).- Այս ձեւը կը կիրարկուի երբ լեզուակապը պզտիկ է:

2.- Սանձիկի գեղագիտական հատում (frenoplasty), որ կը կատարուի, երբ լեզուակապը մեծ է: Այս պարագային լեզուակապը կը հատուի ամբողջապէս, գեղագիտականօրէն:

Երկու գործողութիւներն ալ թեթեւ գործողութիւններ են եւ ոչ մէկ բարդութիւն կը յառաջացնեն: Գործողութենէն անմիջապէս ետք մանուկը կը սկսի դիւրութեամբ ծծել մօրը կրծքագեղձին պտուկը, ան լաւ կը սնանի, լեզուն կ'ունենայ բնական երեւոյթ, երբ բերնէն դուրս կը ցցուի, եւ բոլոր բարդութիւնները կ'անհետանան[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել