Լեզուի խնամքը՝ իր երկու երեսներով 1900-1920-ական տարիներուն
Լեզուի խնամքը ՝ իր երկու երեսներով, 1990-ական տարիներու արձակագիրները, արուեստով ու կեանքի պատկերացումով, սերնդակից բանաստեղծներուն մօտ են։ Արդէն անոնցմէ ոմանք, պատմողական ու հոգեբանական գործերու կողքին, գրած են բանաստեղծական արձակի էջեր։
Նախ ՝ լեզուի, ոճի խնամքը ասոնց մօտ եւս յաճախ կը դառնայ պաշտամունք։ Գրական հայերէնը այս սերունդին շնորհիւ է որ ճոխացման եւ բիւրեղացման նոր մակարդակի մը հասած է։ Ասիկա ճիշդ է հայերէնի զոյգ ճիւղերուն համար, բայց աւելի եւս զգալի է արեւմտահայերէնի պարագային։
Գրութեան ձեւին՝ լեզուին խնամքը, դրականի կողքին, ունի նաեւ ժխտական երես մը՝ ձեւապաշտութիւնը։ Այպէս, որոշ գրագէտներ, երբեմն նոյնիսկ տաղանդաւորներ, այդ խնամքը տարած են, նրբամոլութեան կամ հռետորութեան։
Քաղքենի մթնոլորտ, եւ զգայնութիւն, նաեւ գրաքննական խստութիւն՝ գլխաւոր պատճառները եղած են այս մոլորութեան։
Աղբիւր
Խմբագրել- Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 170: