Լեզու Եւ Ոճ
Լեզուն մարդոց միջեւ հաղորդակցելու միջոցն է, որ կը ժառանգուի սերունդէ սերունդ։ Ան՝ գրագէտի արտայայտուելու հիմնական ատաղձն է, որ իւրաքանչիւր գրող կը գործածէ իւրովի։ Լեզուն գրողը չի շիներ եւ այն կ՛ենթարկուի որոշակի կանոններու, որ ընդհանուր է բոլորին համար։
Ոճը անհատական է։ Այն լեզուն գործածելու գրողի մը իւրայատկութիւնն է, յատկութիւն, որով ան կը տարբերի ուրիշ գրողներէ։ Լաւ ոճին յատուկ են սեղմութիւն, յստակութիւն, ինքնատիպութիւն, պատկերաւորութիւն, անմիօրինակութիւն, որոնք կ՛օգնեն ընթերցել առանց ճիգի ու հաճոյքով։
«Ոճը տաղանդին անձնական դրոշմն է, ան որքան ինքնուրոյն ըլլայ՝ տաղանդը այնքան աւելի ինքնուրոյն է» |
Ոճը նաեւ կեանքի հարցերը ընտրելու գրողի մօտեցումն է, զայն լուսաբանելու եղանակը, տիպարներ ստեղծելու սկզբունքը, երկի կառուցուածքը, տաղաչափական եւ այլ իւրայատկութիւններ։ Օրինակ՝ Աբովեանի ոճը ըսելով կը հասկնանք այն նիւթերն ու գաղափարները, որոնք ան բերաւ հայ գրականութիւն, ինչպէս նաեւ կերպարներու նկարագրութիւններու, երկի կառուցուածքի իր կերպերը։ Այդ իւրայատկութիւններն ալ յաճախ կը ծառայեն գրողի մը գրական ուղղութիւնը զատորոշելու համար։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Ոճագիտութեան ուղեցոյց», Լեւոն Եզեկեան, Երեւան, 2007։