Լիբանանի Տնտեսական Իրավիճակը Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի Ընթացքին
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Գլխաւոր Պատճառներ
ԽմբագրելՀետեւեալներն են պատճառները Լիբանանեան «տաքնապին» համաշխարհային առաջին պատերազմի ընթացքին՝
Հողատարածքի Նուազում
ԽմբագրելԱքքարի, Հարաւի եւ Պէքաաի դաշտերու անջատումէն ետք, մշակելի հողատարածները մեծ մասամբ նուազեցան Լիբանանի մէջ, իսկ կացութիւնը վատթարացաւ երկրին պարտադրուած շրջաբակումէն ետք։
Դաշնակիցներու Կողմէ Պարտադրուած Ծովային Շրջաբակում
ԽմբագրելԼիբանանի եւ Սուրիոյ ծովային շրջաբակումով՝ թրքական նաւերը չկրցան հասնիլ այդ նաւահանգիստները, դադրեցաւ Եւրոպայի հետ վաճառականութիւնը, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներու գումարները չկրցան հասնիլ Լիբանանի մէջ ապրող իրենց հարազատներուն։
Մարախներու Ժամանում
ԽմբագրելՏնտեսական կացութիւնը վատթարացաւ երբ մարախները յարձակեցան Լիբանանի վրայ, ծածկելով արեւուն լոյսը եւ բճացնելով ձանգը։
Օսմանեան Քաղաքականութիւն
Խմբագրել- Ցամաքային Շրջափակում՝ Թուրքերը շրջափակումի ենթարկեցին լեռնալիբանանը, արգիլելով հացահատիկներու մուտքը։
- Ծովային Շրջափակում՝Անոնք նոյնիսկ արգիլեցին, որ ժողովուրդը օգտուի ծովէն ձկնորսութիւն կատարելով կամ աղ արտահանելով։
- Բժիշկները վերապահեցին միայն Օսմանեան բանակին։
- Գրաւեցին բերնատար անասունները եւ պղնցեայ անօթները:
- Հատեցին Լիբանանի անտառները եւ բայտը օգտագործեցին ջերուցման եւ երկաթուղղագծի կարուցման համար։
- Օսմանեան կայսրութիւնը հրապարակեց թղթադրամը եւ անոր արժեքը հաւասարեցուց ոսկէդրամին արժեքին։ Այսպիսով անկում կրեց անոր արժեքը եւ մարդիկ մերժեցին թղթադրամով աշխատանքը։