Լիվիթրա
Լիվիթրա (յուն․՝ Λίβηθρα)․ Ողիմպոսի մօտ, (Յունաստան) հին յունական քաղաք։ Ըստ դիցաբանութեան եւ հին պատմիչներուն (Բաւսանիաս, Ստրապոն, Աբոլոնիոս Ռոտացի, եւայլն), հոն մուսաները Օրֆէաս թաղած են։ Մուսաներուն նախասիրած քաղաքներէն մէկը եղած է եւ այդ պատճառով հին յունարէնի մէջ անոնց անունը Լիվիթրիդես եղած է։
Հնավայր | |
---|---|
Լիվիթրա | |
Λίβηθρα | |
Երկիր | Յունաստան |
Բաւսանիաս կը պատմէ թէ քաղաքը կործանած է երբ Սիս գետը կը յորդի ( հին յունարէնի մէջ «Συς» (սիս) վայրի խոզ կը նշանակէ)։ Պատգամ մը գուշակած էր թէ երբ արեւը Օրֆէասին աճիւնները տեսնէր, վայրի խոզ մը Լիվիթրան պիտի կործանէ։ Աճիւնները սիւնի մը վրայ դրուած սափորի մը մէջ զետեղուած էին։ Սակայն, բնակիչները պատգամին կարեւորութիւն չեն տուած եւ արհամարած են Օրֆէասին դամբանը։ Եւ երբ հովիւներ սխալմամբ սիւնը վար նետած են, սափորը բացուած է եւ Դիոնիսոս աստուածը շրջանին մէջ ղրկած է զօրաւոր փոթորիկ մը որ Սիս գետին յորդումը պատճառած է։ Բնակիչներուն մեծ մասը եւ անասունները խեղդամահ կ՛ըլլան։ Աղէտէն փրկուած բնակիչները դէպի հարաւ կը գաղթեն եւ հոն ուր կը հասնին կը հիմնեն Էլեֆսիս քաղաքը։ «Էլեֆսիս», այսինքն եկողները (ελαύνοντες)։
Ան նաեւ կը պատմէ թէ քաղաքը քանդուեցաւ Զիոսէն՝ Ողիմպոսի գետէն։ Ստրապոն կը նշէ թէ Լիվիթրա կը գտնուէր Դիոն քաղաքին Բիպլիա գիւղին մօտ։ Իսկ Թիթոս Լիվիոս հռոմէացի պատմաբանը Լիվիթրան կը ճշդէ որպէս հռոմէական բանակին յանգած վայրը՝ Մակեդոնիոյ Բերսէաս թագաւորին դէմ արշաւանքին ընթացքին։
Շրջանին մէջ գտնուած են Պղինձի դարաշրջանէն գերեզմանատուն մը, ինչպէս նաեւ Մակեդոնիոյ Արխելաոս Ա․ թագաւորին կողմէ կառուցուած պարիսպներ (Ք․Ա․ 5րդ դար)։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Լիվիթրա հնավայր․ հրատարակուած է կոյրերու համար առաջին քարտէսը,insider.gr, 19-10-2017(յունարէն)
- ↑ hellenica world - Լիվիթրա(յունարէն)
- ↑ Pierre Grimal եւ A. R. Maxwell-Hyslop. Դասական դիցաբանութեան բառարանը, 1996, էջ 333(անգլերէն)
- ↑ LSJ․ Լիվիթրա(անգլերէն)
- ↑ Gregory Zorzos. Orpheus - հին յունական պատմութիւն, 2009․ էջ 10(անգլերէն)