Լիտիա (լատ.՝ Lydia) (մ.թ.ա.12-րդ դարէն-մ.թ.ա.546), Հին աշխարհի պետութիւն Փոքր Ասիոյ թերակղզիէն, կը տարածուէր Էգեեան ծովէն մինջեւ թերակղզիին խորքը[1]։

Բնակչութիւնը

Խմբագրել

Լիտիայի բնակչութեան ռասայական պատկանելութիւնը անյայտ է։ Ընդհանրապէս Լիտիայի բնակչութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են խէթերը. ենդադրուած է, որ Լիտիայի թագաւորական սեռունդներէն մէկը ունեցած է խէթթական ծագում։ Բնակչութեան խօսակցական լեզուն եղած է լիտիերէնը, որ պատկանած է հնդեւրոպական լեզուաընտանքի անատոլիական խումբին։ Գրագրութիւնը կատարուած է լիտիական այբուբենով, որ յունականին մօտ է։

Մշակոյթը

Խմբագրել

Լիտիական մշակոյթը այլազան ու բարդ երեւույթ մըն է։ Լիտիացիները գործածած են յունական այբուբէնը: Լիտիայի մէջ զարգացած է բժշկութիւնը եւ դեղագործութիւնը։ Լիտիացիները կառուցած են անառիկ ամրոցներ, թագաւորական դամբարաններ, բարդ արհեստական ջրամբարներ։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Լիտիական պետութեան պատմութիւնը մեզի հասած է հնադարեան գրականութեան բնորոշ կիսաառասպելական տեսքով, ինչպէս նաեւ դրուագային տեղեկութիւններ արեւելեան, յատկապէս ասորեստանեան աղբիւրներիէն։ Բայց Լիտիական թագաւորութեան մասին ամէնահաւաստի տեղեկութիւնները մեզի հասած են հնագիտական պեղումներու միջոցաւ, որոնք իրականացուած են 1958 թուականին Լիտիայի մայրաքաղաք՝ Սարդի շրջակայքին մէջ։ Քաղաքական կառաւարական առումով Լիտիան միապետութիւն էր. պետութեան գլխաւոր կառավարիջն էր թագաւորը։ Թագաւորին իշխանութեան շրջանակը իր թիկնազօրն ու բանակն էր, յատկապէս մեծ դեր ունեին լիտիական այրուձին եւ հանրայայտ մարտակառքերը։ Արտաքին եւ ներքին կարեւոր հարցերու որոշումներ կայացնելու համար տեղի կ՛ունենար ազգային ժողովը, բայց թագաւորական իշխանութեան ամրապնդման հետ աստիճանաբար ան կը կորսնցնէ իր նշանակութիւնը։ Լիտիական պետութեան ծաղկման սկիզբը կը համարուի մ.թ.ա. 7-6-րդ դարերը, երբ իշխանութեան գլուխ անցաւ Մերմնադների դինաստիան, որուն հիմնադիրը կը համարուի Գիգէսը։ Ան նշանաւոր էր, բայց թագաւորական տոհմին չէր պատկանէր եւ իշխանութիւնը բռնագրաւած էր պալատական հաջողութեան շնորհիւ։

Տնտեսութիւնը

Խմբագրել

Լիտիայի տնտեսութեան հիմնական ուղղութիւնը հողագործութիւնն էր, քանի որ անոր աշխարհագրական դիրքը եւ կլիմայական պայմանները նպաստաւոր էին հողագործութեամբ զբաղուելու համար։ Անծայրածիր արօտավայրերը հնարաւորութիւն կու տային նաեւ զբաղուելու անասնապահութեամբ, եւ յատկապէս ձիաբուծութեամբ։ Գտնուելով յունական եւ հին արեւելեան մշակոյթներու հատման օղակին մէջ, Լիտիական պետութիւնը կը գործադրէր գործունեայ առեւտրական գործունէութիւններ։ Հնադարեան աղբիւրներուն համաձայն, Լիտիան հկը համարուի մէտաղադրամի հայրենիքը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Բ.Ի. Կուզիշինայ, Հին Արեւելքի պատմութիւն, 2003