Լոռիի Կանացի Տարազներ

Լոռիի կանացի տարազները կը նմանին Արցախի տարազներուն՝ որոշ ընդհանրութիւններով հանդերձ Արարատեան դաշտի եւ Բարձր Հայքի տարազներուն հետ: 18-րդ դարէն սկսեալ, Լոռի հաստատուած են մեծ թիւով արեւմտահայեր, ինչպէս նաեւ՝ Արարատեան դաշտավայրէն ու Արցախէն տեղափոխուած հայեր, որոնց ազգային տարազներուն ազդեցութեան տակ ալ ձեւաւորուած է Լոռիի կանացի տարազը։

Տարազին մասերը

Խմբագրել

20-րդ դարու սկիզբը կարի մեքենան մուտք գործեց Հայաստանի գաւառները։ Այլ շրջաններու նման, Լոռիի կիները եւս սկսան իրենց ազգային զգեստին որոշ մասերը պատրաստել կարի մեքենայով։ Այսպէս, գլխաշոր-շղարշը սկսաւ զարդարուիլ գործարանային ժանեակով։

Կիները կը դնէին աւանդական արծաթեայ գօտի։ Սովորութիւն էր գօտիները փոխանցել սերունդէ սերունդ։ Մինչեւ այսօր, Հայաստանի Լոռի մարզի տարածքին կան աւանդական տարազը կրող կիներ, որոնք յատուկ առիթներով կը շարունակեն կրել իրենց ընտանիքին արծաթեայ գօտին:

Զարդարանքներ

Խմբագրել

Լոռիի կիները Արարատեան դաշտի կիներուն նման իրենց քունքերը կը զարդարէին ճալւերով: Գլխազարդերը ունէին հետեւեալ բաղկացուցիչ մասերը. գլխաշոր, գաւուրճելլա կոչուած ճակատակալը եւ Կոպին: Շալ-գլխաշորը կը ծածկեր գլուխը եւ կը ծառայեր նաեւ իբրեւ Քթկալ:

Տարեց կիները Գաւուրճելլա եւ կոպի չէին գործածեր:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

«Պատկերագիրք հայկական տարազներու», Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութիւն, Պէյրութ, 1990, էջ 30