Լոս Անճելըսի Հայերը

Լոս Անճելըսի Հայերը, սկզբնական շրջանին հայերու մեծ մասը զբաղած էր գիւղատնտեսութեամբ եւ արդիւնաբերութեամբ։ Ներկայիս մեծ թիւ կը կազմեն մտաւորականները (ճարտարագէտներ, դասախօսներ, բժիշկներ, փաստաբաններ, արուեստագէտներ), նաեւ մեծ արդիւնաբերողները, գործարանատէրերն ու առեւտրականները։ Համայնքին ազգային կեանքը կը կազմակերպեն եկեղեցին, ազգային կուսակցութիւններու տեղական կազմակերպութիւնները, հայրենակցական, մշակութային, կրթական ու մարզական միութիւնները։ Լոս Անճելըս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան թեմի կեդրոնն է. կը գործեն 25 առաքելական (17-ը՝ էջմիածնապատկան, 8-ը՝ Անթիլիասապատկան), 6 աւետարանական, 1 կաթոլիկ եկեղեցիներ։ 1964-ին բացուած է առաջին ամէնօրեայ դպրոցը՝ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան ազգային երկրորդական վարժարանը[1], այնուհետեւ՝ Մեսրոպեան ազգային վարժարանը, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս, Մանուկեան-Տէմիրճեան, Վահան եւ Անուշ Շամլեան, Մխիթարեան հայրերու, Սահակ-Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ, Արշակ Տիգրանեան, Շառլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան աւետարանական, Ալֆրետ եւ Մարգարիտ Յովսէփեան (Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ), Հայ քոյրերու, Արի Կիրակոս Մինասեան, «Մաշտոց» երեկոյեան եւ շաբաթօրեայ հայոց լեզուի վարժարանները, Էմմանուէլ Աստուածաշունչի, Մաշտոց քոլեճները, Աստուածաբանական բարձրագոյն դպրոցը։ Կը գործեն նաեւ միօրեայ դպրոցներ։ 1976-1992-ին գործած է Լա Վեռնի Ամերիկահայ միջազգային քոլեճը։ Քալիֆորնիա նահանգային համալսարանը (UCLA) կը գործեն Գրիգոր Նարեկացիի անուան հայագիտական եւ հայ կրթական հիմնարկութեան հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան ամպիոնները[2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ «ՖԵՐԱՀԵԱՆ» ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆԻ ՀԵՏ»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2011-12-31։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-09-26-ին։ արտագրուած է՝ 2019-09-26 
  2. ««Ապրող Սփիւռք» Միօրեայ Ձեռնարկ UCLA-ի Մէջ»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2018-10-18։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-09-26-ին։ արտագրուած է՝ 2019-09-26