Լուսինէ Սարգսեան

Ջութակահարուհի Լուսինէ Սարգսեանին տեսողական խնդիրները չեն խանգարեր երթալ իր երազանքներու եւ նպատակներու ետեւէն[1]:

Լուսինէ Սարգսեան
Անուն Լուսինէ Սարգսեան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Լուսինէ Սարգսեանը 1998 թուականին ընդունուեր է Երեւանի Չայքովսքիի անուան միջնակարգ երաժշտական դպրոց՝ Ալեքսանտր Կոսեմեանի դասարան, զուգահեռ յաճախելով երաժշտահանութեան-յօրինումի դասերու՝ Անահիտ Կոստանեանի դասարան: 2008թ. աւարտելով դպրոցը, կ'ընդունուի Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց՝ ջութակի եւ երաժշտահանութեան-յօրինումի բաժիններ [2]

  Հայրիկիս մահէն յետոյ մայրիկիս մօտ յայտնաբերեցին քաղցկեղ, որ օր է օր աւելի կը սրուի՝ իր կնիքը դնելով իմ տեսողութեան վատթարացմանը: Իսկ մայրիկիս մահէն յետոյ ամբողջութեամբ կորսնցուցի տեսողութիւնս, սակայն Իսրայէլի մէջ սկսեր են վիրահատութիւններ, եւ յոյս ունիմ, որ գտնելով հովանաւորներ՝ կը վերականգնեմ կորսնցուցած տեսողութիւնս[2]:
- Լուսինէ Սարգսեան
 


  «Երբ 21 տարեկանին կորսնցուցի տեսողութիւնս, դասախօսներս սկսան խղճալ՝ ըսելով, որ այս տաղանդը պիտի կորսուի, սակայն ես իմ մէջ ուժ գտայ շարունակելու, եւ յիշողութեան ու լսողութեան միջոցով կրնամ վերարտադրել ստեղծագործութիւնները եւ շարունակել: Բացի այդ՝ երբ խնդիրն առաջացաւ, ինծի սկսաւ օգնել Սարգիս Թաշճեանը: Ան ըսաւ, որ յանուն իմ ընդունակութիւններու եւ տաղանդի ինծի համար կը կարդայ նոթաները, իսկ երբ արդէն 3-րդ տարեշրջանի ուսանող էի, զիս նկատեց գերմանաբնակ ջութակահար Նիքոլայ Մատոյեանը, եւ հիմա կը կատարելագործեմ վարպետութիւնը իր քով»,-պատմեց ան՝ աւելցնելով, որ շատ շնորհակալ է իրեն օգնողներուն, որոնց մէջ ըլլալով՝ Ռուսաստան բնակող իր հովանաւորները [1]:
- Լուսինէ Սարգսեան
 


29 Հոկտեմբեր 2016-ին, «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի կունենայ ջութակահարուհի Լուսինէ Սարգսեանի մենահամերգը: Միջոցառումը կը կրէ «Մենահամերգ՝ նուիրուած երազանքներուն» խորագիրը[3]:

Պարգեւներ, Ոսկէ մետալներ » Խմբագրել

  • Նոյեմբեր 2017-ին, Լուսինէ Սարգսեան կը մասնակցի «Կախարդական հրավառութիւն» միջազգային մրցոյթ-փառատօնին, որ տեղի ունեցած էր Սեն Փեթերսպուրկի 200 տարուայ պատմութիւն ունեցող երաժշտահաններու միութեան դահլիճին մէջ, եւ կը դառնայ ոսկէ մետալակիրը գրաւելով «Առաջին» տեղի պատուոյ գիրին[4]:
  • 20-30 Սեպտեմբեր 2018-ին, կը մասնակցի Աւստրիայի մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ տեղի ունեցող Ֆրից Քրեյսլերի անուան ջութակահարներու 7-րդ միջազգային մրցոյթին[4]:
  • Ջութակահարուհի Լուսինէ Սարգսեանը ոսկէ մետալի արժանացեր է «Փրակեան աստղաբոյլ» երաժշտական միջազգային մրցոյթ-փառատօնին: Այն տեղի ունեցած է Չեխիայի մայրաքաղաք Փրակայի մէջ Մարտ 25-28-ը: Մասնակցեր է մօտ 50 երկրէն ժամանած շուրջ 150 մասնակից[2]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել