Լուսինին Նայող Տղան
Լուսինին նայող տղան (շուէտ.՝ Pojke som tittar på månen) կամ Երկաթէ տղան (շուէտ.՝ Järnpojken), յուշարձան Սթոքհոլմի Կամլա Սթանի մէջ (հին քաղաքը), ուր պատկերուած է տղան նստած ` ծունկերը գրկած:
Նկարագրութիւն
ԽմբագրելՅուշարձանը հիմնած է քանդակագործ Լիս Էրիքսոնը: Տեղադրուած է 1967-ին եւ դարձած Շուէտի մէջ ամէնափոքր յուշարձանը. անոր բարձրութիւնը կը կազմէ շուրջ 15 սմ[1]: Յուշարձանը յայտնի է նաեւ Ուլլէ (շուէտ.՝ Olle) ժողովրդական մականունով:
Յուշարձանը պատրաստուած է աւազաքարէ եւ կռած երկաթէ: Տղան նստած է մահճակալին, որ տեղադրուած է բաւականին լայն պատուանդանի վրայ։ Լիս Էրիքսոնը յուշարձանը հիմնած է 1954-ին: Անիկա կ՚արտացոլէ քանդակագործի մանկութեան մասին յիշողութիւնները, երբ անքուն գիշերներուն կը նստէր մահճակալին եւ պատուհանէն կը նայէր լուսինին:
Յուշարձանը կը գտնուի ֆիննական եկեղեցւոյ (շուէտ.՝ Finska kyrkan) ետեւը, Սթոքհոլմի թագաւորական պալատէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ եւ ոչ միշտ կը յիշատակուի քաղաքի զբօսաշրջային ուղեցոյցներուն մէջ, բայց մեծ մասսայականութիւն կը վայելէ զբօսաշրջիկներու շրջանին մէջ։ Կ՚ենթադրուի, որ տղայի գլուխը շոյելը յաջողութիւն կը բերէ եւ կ՚օգնէ ցանկութիւններու կատարման, որու արդիւնքով ալ մշտական շոյելով տղայի գլուխը կը փայլի: Յուշարձանի պատուանդանին յաճախ մետաղադրամներ եւ քաղցրեղէն կը նետեն, իսկ ձմրան երկաթէ տղային գլխարկ եւ փողկապ կը հագցնեն[2]:
Պատկերասրահ
ԽմբագրելԱրտաքին յղումներ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- Linnell, Stig, Stockholms spökhus och andra ruskiga ställen (2003)
- Skulptur i Stockholm. Redaktion: Philippe Legros, Kaj Larsson. Stockholm: Konstkansliet, Utbildningsförvaltningen, 2005. S. 4
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Britt Peruzzi. Järnpojken – en riktig turgubbe...
- ↑ «Konst i Gamla stan»։ gamla-stan-stockholm.se։ 2006։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-01-17-ին։ արտագրուած է՝ 2007-02-16