Լուցկի ծախող աղջիկը (պատմուածք)

Լուցկի ծախող աղջիկը, եռալեզու հեքիաթ մը, Դանիացի Հանս Քրիստիան Էնտըրսընի կողմէ գրուած: Լոյս տեսած է 1845-ին։

Հելեն Սթրեթըն (Լուցկի ծախող աղջիկը), 1899

Հեքիաթը կը պատմէ լուցկիներ վաճառող փոքրիկ աղջկայ մը մասին, որ կը մահանայ Ամանորի նախօրեակին. աղջիկը կը նախընտրէ տուն չվերադառնալ` վախնալով դաժան հօրմէն։ Ամէն անգամ, երբ ան կը վառէ լուցկին, որպէսզի տաքնայ, անոր աչքերուն առջեւ կը յայտնուին լուսաւոր պատկերներ՝ իւղոտ բադը, որ ափսէէն դուրս գալով աղջկան քով կ'երթայ, ամանորեայ եղեւնին խաղալիքներով, մահացած մեծ մայրը, եւ այլն: Առտու աղջիկը կը գտնեն սառած` վառած լուցկիներու տուփով[1]։

Գլխաւոր գաղափարը

Խմբագրել

«Լուցկի ծախող աղջիկը» հեքիաթին մէջ Էնտըրսըն կը խոնարհի այն փոքրիկ աղջկան առջեւ, որ կը փորձէ փրկել իր ընտանիքը`լուցկիներ վաճառելով: Ան ողբերգական վախճան մը կ'ունենայ՝ զինք սառած կը գտնեն փողոցը, տան մը պատին տակ:

Աղքատ աղջիկը չի նմանիր իր շուրջը գտնուող մարդոց, որովհետեւ անոր հոգին մաքուր է հրեշտակի պէս:

Հերոսուհին կոչուած է մեղմելու անխիղճ մարդոց հոգիները, վերականգնելու մաքուր զգացումները, որոնք թաքնուած են իւրաքանչիւր մարդու հոգիին խորքը: Գրողը կոչ կ'ուղղէ ողորմած ըլլալու, որովհետեւ ԻԱ. դարուն մեծ թիւով երեխաներ կարեկցանքի եւ օգնութեան կարիքը ունին[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Էնտըրսըն Հ.Ք., Հեքիաթներ, Երեւան, 2015, էջ 215
  2. «Լուցկի ծախող աղջիկը» հեքիաթը

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել