Խելօք Դաւիթ
«Խելօք Դաւիթ», գրական-քաղաքական երգիծական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1918-1919 թուականին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Խմբագիր-արտօնատէր՝ Հ. Ազնաւուրեան (Զ. Մոյրեան)։
Դէմ արտայայտուած է պատերազմներուն, ծաղրած եւ պարսաւած է երիտթուրքերու պարագլուխներուն, խարազանած անոնց հայաջինջ քաղաքականութիւնը։ Թերթը ներկայացուցած է շաբաթուայ քաղաքական լուրերը, տպագրած թերթօններ, ժամանցներ, հանելուկներ, ծաղրանկարներ եւ այլն, ծանօթացուցած հայկական թատերական կեանքին։ Թղթակցած են Ալփասլանը, Թէոդիկը եւ ուրիշներ։