Խոսրովի Դղեակ, միջնադարեան իշխանական դղեակ Մեծ Հայքի Գողթն գաւառի Սմբատան Դիզա գիւղի մօտ, բարձրագագաթ եւ բնական յարմարաւէտ լերան վրայ[1]։

Կառուցած են Գողթնի իշխանները 5-րդ դարուն։ 7-րդ դարին դղեակը վերակառուցած է Գողթնի Խոսրով իշխանը։ Կառուցուած է մշակուած եւ կիսամշակ քարերէ։ Միջնաբերդը իշխանական դղեակի համալիրով գտնուած է լեռնագագաթի յարմարաւէտ վայրին մէջ։ Պարիսպները քարաշէն են, մի քանի շարքերով, այժմ՝ աւերակ։ Համալիրի աւերակները գտնուած են լեռնագագաթի լանջերուն, միջնաբերդի տարածքին[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել